Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՇՈՒՐՋ. ԵԹԷ ԴՈՒՆ ԱՊՐԷԻՐ…

April 30, 2011
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

… Անապատին մէջ: Դուն Իքքենի պէս թուարեկ պատանի մը պիտի ըլլայիր եւ պիտի ապրէիր աշխարհի ամէնէն մեծ անապատ` Սահարայի մէջ: Անոր ընտանիքը թափառաշրջիկ է. ուղտերու վրայ նստած` անոնք կը ճամբորդեն ընդարձակ աւազաբլուրներուն մէջ են. գիշերը, երբ անոնք ովասիս մը կը հասնին, Իքքէ կ՛օգնէ այծի մորթերով հիւսուած վրանը լարելու: Անոր դպրոցը կարաւանին կը հետեւի. հոն ան ֆրանսերէն կը սորվի: Սակայն անոր մայրը աւազին վրայ գծելով` իրեն կը սորվեցնէ նաեւ ինչպէ՛ս գրել իր լեզուին` թամաչեքի գիրերը:

 

… Բրինձի դաշտի մը մօտ: Չորս կողմը` միայն բրինձի ընդարձակ դաշտեր. ահա քեզի ամէնէն ընտանի տեսարանը, եթէ դուն Խիէմի նման Վիեթնամի մէջ ծնած ըլլայիր: Առտուն, իր տարազը հագած, ան այս դաշտերուն մէջէն կ՛անցնի դպրոց երթալու համար: Անոր մեծ քոյրը իր ուսերուն վրայ պտուղներու երկու կողովներով ծանրաբեռնուած` դէպի շուկայ կ՛երթայ անոր հետ քալելով: Կէսօրէ ետք Խիէմ բրինձի դաշտերուն մէջ կ՛աշխատի: Իր ընկերներուն հետ ան կը փորձէ բռնել պզտիկ խեչափառները, որոնք իրենց մկրատներով բրինձի նոր բուսնող ծիլերը կը կտրեն:

 

… Մեծ գետի մը մօտ: Սանճէյի նման, դուն կրնայիր մեծնալ Հնդկաստանի մէջ, Գանգես գետին մօտ: Հինտուներուն համար այս գետը սուրբ է. այն անձը, որ անոր մէջ կը լոգնայ, իր մեղքերէն կը մաքրուի: Այսօր Սանճէյ եւ իր մայրը շուկայի ամբոխին մէջ կը գտնուին: Պզտիկ տղան նարնջագոյն ծաղիկներով մանեակ մը ընտրած է եւ ան զայն պիտի զետեղէ գետին վրայ` իբրեւ ձօն: Գետի ափին, աստիճաններուն վրայ շատ շարժում կայ: Մարդիկ գետին մէջ կը լուացուին, ուրիշներ իրենց լաթերը կը լուան… Սանճէյ նոյնիսկ կը տեսնէ կապիկ մը, որ օրհնեալ կովու ոջիլները կը մաքրէ:

… Սառցալերան վրայ: Նանուքի նման, դուն ծնած կրնայիր ըլլալ Կրինլանտի մէջ, որ սպիտակ արջերու երկիրն է: Ամէն տարի, նոյեմբերէն մինչեւ մարտ ամիսը, անոր աշխարհը մխրճուած է բեւեռային երկար գիշերուան մէջ… Պը՜ր, շատ ցուրտ է: Իր մուշտակէ վերարկուին մէջ փաթթուած` Նանուք կ՛ելլէ իր հօրը սահնակ-ինքնաշարժին վրայ` դպրոց երթալու համար: Սակայն ան կ՛ուզէ սորվիլ ինչպէս քշել ինը մեծ շուներու կողմէ քաշուած սահնակը, կամ` շինել իկլու մը, որ սառոյցէ ապաստանարան մըն է սառցալեռներու վրայ` որսի գացող մարդոց համար…

 

Ո՞Վ ԷՐ ՄԱՐՔՕ ՓՈԼՕ

Մարքօ Փոլօ իտալացի վաճառականի մը որդին էր: Ան ապրեցաւ եւ աշխատեցաւ Չինաստանի կայսրին մօտ, 17 տարի: Իր հայրենի երկիրը վերադարձին` ան մեծ գիրքի մը մէջ արձանագրեց Արեւելքի մէջ իր բոլոր տեսածներն ու սորվածները:

1254-ին ծնած, Մարքօ Փոլօ Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքը կը ձգէ 1271-ին: Չորս տարի ետք ան կը հասնի Քապալուք (ներկայի Փեքինը), Չինաստանի կայսրութեան մայրաքաղաքը: Այդ ժամանակաշրջանին Չինաստանի վրայ կ՛իշխէր Քուպլայ Խան: Այս վերջինը Մարքօ Փոլոյին կը յանձնէ տարբեր տեսակի պատգամաւորութիւններ: Ապա Մարքօ Փոլօ Եւրոպա կը վերադառնայ 1295-ին: Երկու տարուան ընթացքին ան կը գրէ «Աշխարհի հրաշալիքներու գիրքը» գործը, ուր ան կը պատմէ իր արկածախնդրութիւններուն, այցելած երկիրներուն, սովորութիւններուն եւ տարօրինակ անասուններուն մասին, որոնց հանդիպած է Արեւելքի մէջ: Ան կը մահանայ 1324 թուականին:

 

ԱՄԷՆ ՕՐ ԶԱՏԻԿ ԿԸ ՏՕՆԵ՞Ն ԶԱՏԻԿ ԿՂԶԻԻՆ ՎՐԱՅ

Անշուշտ` ո՛չ: Այս մեկուսացած տարածքը կը գտնուի Խաղաղական ովկիանոսին մէջ: Անիկա Զատիկ կղզի կոչուած է, որովհետեւ հոն հասնող առաջին եւրոպացիները կղզիին վրայ ոտք դրած են Զատկուան օրը, 5 ապրիլ 1722-ին:

Այս կղզիին վրայ քանի մը հարիւր տարիներ առաջ ապրող շատ փայլուն քաղաքակրթութիւնը իր ետեւը ձգած է հսկայական, տաշուած եւ ուղղահայեաց դիրքով կանգնած ժայռերէ արձաններ, որոնք մինչեւ այսօր խորհրդաւոր կը մնան: Սակայն ժողովուրդին բազմանալը ազդած է կղզիին վրայ. անտառները անհետացած են, հողը` աղքատացած: Այս բոլորէն յառաջացած են սով եւ քաղաքացիական պատերազմներ:

 

ԴՐԱՄԻՆ ՀԵՏՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

14 մայիս 2009-ին, գեղեցիկ գարնանային օր մը, 23 տարեկան երիտասարդ գերմանացի մը շատ ուրախ  կ՛երթայ գործածուած ինքնաշարժներ ծախողի մը քով: Քանի մը օր առաջ ան նկատած էր շատ գեղեցիկ, տանիքը բաց ինքնաշարժ մը եւ որոշած էր այդ առտու զայն գնել: Ան նախ կ՛անցնի դրամատունէն եւ կ՛առնէ 23,000 եւրօ: Դրամը պարունակող պահարանը ձեռքին` ան կ՛երթայ կառատուն, ուր իրեն կը սպասէ իր ապագայ ինքնաշարժը: Ծախողը ազնուօրէն անոր կ՛առաջարկէ ինքնաշարժը փորձել գնելէ առաջ:

Գերմանացի երիտասարդը, շատ ուրախ, անմիջապէս կ՛անցնի ղեկին գլուխը` իր ինքնաշարժին արագութիւնը փորձելու համար: Ան մեծ հաճոյքով կը քշէ… երբ յանկարծ հայելիին մէջ կը տեսնէ փունջ մը թուղթեր, որոնք կը թռչին օդին մէջ: Ան անմիջապէս կը հասկնայ պատահածը. ան ինքնաշարժին ետեւի նստարանին վրայ մոռցած է դրամը պարունակող պահարանը: Դրամներու իսկական անձրեւ մըն է, որ կը թափի ճամբուն եւ մայթերուն վրայ:

Ան ինքնաշարժը անմիջապէս կը կեցնէ ճամբուն կողքին եւ կը հեռաձայնէ ոստիկանութեան, որ կառուղիին այդ բաժինը երթեւեկութեան համար կը գոցեն կէս ժամ, մինչեւ սփռուած թղթադրամները հաւաքուին:

Միայն 20,000 եւրօ կը վերագտնուի: Սակայն մենք չենք գիտեր, եթէ ծախողը ընդունա՞ծ է ինքնաշարժը անոր այդ գինով ծախել իբրեւ մխիթարանք:

 

ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱՒ

1971 թուականին թայլանտցի ընտանիքի մը 20 տարեկան զաւակը վիճաբանեցաւ իր ծնողներուն հետ: Ան կ՛ուզէր, որ անոնք իրեն շարժանիւ մը գնեն. սակայն ծնողները կը մերժէին: Վիճաբանութիւնը կը մեծնայ, երես կախել, քէն պահել, սպառնալիք…

Զայրացած երիտասարդ տղան իր սենեակը կը մտնէ եւ կը մերժէ անկէ դուրս ելլել:

Քսաներկու տարի ետք ան տակաւին ինքզինք բանտարկած էր իր սենեակին մէջ` ոչ մէկը ընդունելով: Ան իր դուռը կէս կը բանար միայն առնելու համար սենեակին սեմին ծնողներուն ձգած ճաշերը:

Այս հարցը բացայայտուեցաւ 1991 թուականին, ծնողներուն կողմէ: Անոնք յուսահատ կոչ մը ուղղած են թերթի մը սիւնակին ընդմէջէն ընթերցողներուն, հարցնելով, թէ մէկը միջոց մը գիտէ՞ր համոզելու իրենց զաւակը` սենեակէն դուրս ելլելու:

Մենք տակաւին չենք գիտեր, թէ անոնք յաջողա՞ծ են: Հակառակ պարագային, այդ անձը, որ այսօր 60 տարեկան պէտք է ըլլայ, քառասուն տարիներէ ի վեր արգելափակուած է քանի մը մեթր քառակուսի սենեակի մը մէջ… Իր կամքովը:

 

Ե՞ՐԲ ԿՐՆԱՆՔ ԾԻԱԾԱՆ ՄԸ ՏԵՍՆԵԼ

= Երբ կ՛անձրեւէ եւ միաժամանակ արեւ կայ:

Արեւուն հակառակ կողմը, երբ կ՛անձրեւէ, մենք կրնանք տեսնել եօթը գոյներէ բաղկացած ծիածան մը (մանիշակագոյն, էնտիկօ, կապոյտ, կանաչ, դեղին, նարնջագոյն եւ կարմիր): Լոյսին ճառագայթները ուղիղ գիծով կը յառաջանան. երբ անոնք կը զարնուին անձրեւի մանր կաթիլներուն, անոնք հայելիի մը նման կը գործեն, եւ լոյսը կը բաժնեն:

 

Ո՞Ր ԵՐԿԻՐԸ ՃԱՆՉՑՈՒԱԾ Է ԻԲՐԵՒ «ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐՐԱՆԸ»

= Եթովպիա, Արեւելեան Ափրիկէի մէջ:

Եթովպիան կոչուած է «մարդկութեան օրրանը», որովհետեւ հոն գտնուած են մարդուն նախահօր ամէնէն հին հետքերը: Այս հետքերը բաղկացած են հարիւրաւոր գործիքներու մնացորդներէն: Անոնք արդի մարդու նախահօր կողմէ շինուած ամէնէն հին առարկաներն են. կտրուած եւ տաշուած քարեր, որոնք հաւանաբար գործածուած են խեցիներ կամ միս կտրելու համար: 1990-ական թուականներուն, այս առարկաները երեւան ելլելէ առաջ, յայտնաբերուած ամէնէն հին բնակավայրը Թանզանիոյ մէջ Օլտուվայի կիրճինն էր: Հոն գտնուած են մօտաւորապէս 2,25 միլիոն տարիներէ ի վեր մոխիրին մէջ պահուած մարդկային ոտքի հետքեր:

 

ՃԱՓՈՆՑԻՆԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ՔԻԹՔԱԹ

Մեր բոլորին ծանօթ է տուրմով եւ ուէյֆըրով Քիթքաթը: Սակայն գիտէի՞ք, թէ Ճափոնի մէջ անոր յաջողութիւնը այնքան մեծ է, որ գոյութիւն ունին Քիթքաթի տեսակներ` կեռասով, քաղցր գետնախնձորով, սոյայի թացանով կամ կանաչ թէյով: Գոյութիւն ունին իւրաքանչիւր շրջանին ճաշակներուն պատշաճեցուած 19 տեսակներ:

Իսկ եթէ Քիթքաթը արտադրող ընկերութիւնը որոշէր մեր ճաշակին պատշաճ Քիթքաթ մը շինել, ի՞նչ համ պիտի ունենար ան:

 

ԺԱՄԱՆՑ

Կրնա՞ս կէտերը իրարու միացնել 1 - 70` գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել դպրոցին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել առնուազն 10 անբնական մանրամասնութիւններ այս պատկերին մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Մանկապատանեկան էջը պատրաստեց՝
ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ


 

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 30 ԱՊՐԻԼ 1961 )

Յաջորդը

ԿԻՒԼՊԵՆԿ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։