Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Ղպտի Նորընտիր Պատրիարք Անպա Թէոտորոս Բ.ը

November 20, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 18 նոյեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ ղպտի եկեղեցւոյ նորընտիր պատրիարք Անպա Թէոտորոս Բ.ի գահակալութիւնը Գահիրէի մայր եկեղեցւոյ մէջ` բազմահազար ժողովուրդի ներկայութեան: Գահակալութեան առիթով յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան ներկայ գտնուեցան` ներկայացնելով վեհափառ հայրապետն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Այս առիթով Սեպուհ սրբազան վեհափառ հայրապետին հետեւեալ շնորհաւորական գիրը կարդաց:

«Քրիստոնէական ու եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք Ձեր ընտրութիւնը` իբրեւ մեր քոյր Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ 118-րդ պապը Աղեքսանդրիոյ եւ պատրիարք Մարկոսի աթոռին: Վստահ ենք, որ Ձեր ընտրութիւնը փայլուն նոր էջ մը պիտի բանայ ղպտի ու հայ եկեղեցիներու կեանքին ու առաքելութեան մէջ:

Ինչպէս գիտէք, հին ժամանակներէն սկսեալ հայ եւ ղպտի եկեղեցիներուն միջեւ սերտ գործակցութիւն եղած է զանազան մարզերուն մէջ: Արդարեւ, 451 թուին, Քաղկեդոնի ժողովին մերժումով եկեղեցւոյ կեանքին մէջ յառաջացած աղանդներուն նկատմամբ խիստ կեցուածք ճշդելով մեր երկու եկեղեցիները իրենց հաւատքի միութիւնը ամրացուցին եւ դարերու ընթացքին պայքարեցան այն բոլոր շարժումներուն դէմ, որոնք փորձեցին քրիստոնէական հաւատքը նսեմացնել մեր ժողովուրդներու կեանքին մէջ: Ձեր նախորդին` Շնոտա պատրիարքին հետ, ինչպէս արեւելեան քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն հետ միատեղ մենք շարունակեցինք մեր աշխատանքը եւ գործակցութիւնը` ի խնդիր մեր հաւատքի միութեան ամրապնդման, ուղղափառութեան պաշտպանութեան ու մեր քրիստոնէական վկայութեան առաւել ծաղկման:

Սիրելի՛ հոգեւոր եղբայր ի Քրիստոս. կ՛ապրինք դժուարութիւններով լեցուն աշխարհի մը մէջ: Համաշխարհայնացումը եւ աշխարհայնացումը եւ տակաւ աճող նոր օրերու աղանդներ դարձեալ կը փորձեն վտանգել մեր քրիստոնէական հաւատքը: Հետեւաբար, քրիստոնէական դաստիարակութիւնը մենք կը նկատենք խիստ հրամայական: Եկեղեցին կառոյց չէ, այլ ժողովուրդին գացող հաւատքի առաքելութիւն: Ընկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր երեսներէն մէկն է: Միջեկեղեցական շարժումը եկեղեցիները քով-քովի բերող եւ զանոնք հաւաքական գործի մղող շարժում մըն է, որուն նկատմամբ չենք կրնար անտարբեր մնալ: Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ տեսական երեւոյթ մը չէ, այլ գոյութենական իրականութիւն: Դարեր շարունակ քրիստոնեայ-իսլամ միասնաբար ապրած են այս շրջանին մէջ` փոխադարձ յարգանքով ու հասկացողութեամբ: Անհրաժեշտ է, որ նոյն ոգիով միաստուածեան երկու կրօնները իրենց հասարակաց արժէքները աւելի ամրապնդելով ու տարբերութիւնները յարգելով շարունակեն իրենց գործակցութիւնը:

Մենք վստահ ենք, որ այս առաջադրանքներն ու մտահոգութիւնները նաեւ Ձերը պիտի ըլլան: Ինչպէս գիտէք, Միջին Արեւելքի ծիրին մէջ ղպտի, ասորի եւ հայ եկեղեցիներու գործակցութիւնը աւելի կազմակերպող ու ամրապնդող նախաձեռնութեան դիմեցինք մենք 15 տարիներ առաջ` հանգուցեալ Շնոտա պատրիարքին ու Զաքքա պատրիարքին հետ միատեղ: Տարին անգամ մը հանդիպեցանք, յանձնախումբ յառաջացուցինք, որպէսզի մեր գործակցութիւնը ըլլայ աւելի կազմակերպ ու հետեւողական: Վստահ ենք, որ դուք եւս պիտի շարունակէք այս գործակցութիւնը, որպէսզի մեր ընտանիքին միասնականութիւնը աւելի ամրապնդուի ու ծառայութիւնը աւելիով արդիւնաւորուի մեր ժողովուրդներու կեանքին մէջ:

Ձեզի կը մաղթենք նորանոր իրագործումներով ու հարուստ ծառայութեամբ լեցուն երկար գահակալութիւն»:

 

 

 

Նախորդը

«Պիպլոս» Դրամատան Կեդրոնական Համալիրին Մէջ Նորիկեանի «Ժամանակին Հետ» Ցուցահանդէսի Բացում

Յաջորդը

Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.