Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

November 16, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական օրհնեալ հողին վրայ ծաւալած զինեալ բախումներուն թիրախ կը հանդիսանան խաղաղ բնակչութեան, բնակավայրերու, հանրային ծառայութեան կառոյցներու եւ ենթակառոյցներու կողքին աղօթավայրեր` մզկիթներ եւ եկեղեցիներ:

Համագոյակցութեան ու հանդուրժողութեան խորհրդանիշ հանդիսացող պատմական եւ հայաբոյր Հալէպի մէջ, ռազմական գործողութիւններու համայնակուլ գլանին զոհ դարձան Օմայեան մեծ մզկիթը, Հայ Առաքելական Ս. Գէորգ եկեղեցին, Աւետարանական Երիցական Արաբական եկեղեցին եւ այլ աղօթատեղիներ, մերթ քանդուելով ումերթհրոյ ճարակ դառնալով:

Արարիչին ու մարդուն դէմ կատարուած խստօրէն դատապարտելի նման յանցագործութիւններէն զերծ չմնացին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրական վկայարանները` Տէր Զօրի Ս. Նահատակաց յուշահամալիրը, Մարկատէի Ս. Յարութիւն յուարձան մատուռը, Ռաս Ուլ Էյնի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Նահատակաց վարժարանի տարածքները:

Սուրիական ասպնջական հողը, որ հարիւրամեակ մը առաջ գրկաբաց ընդունած էր ցեղասպանութենէն ճողոպրած բեկորները եւ իր օրհնեալ հողին շաղախած էր մեր նահատակաց աճիւնները, անմարդկային արարքներուն ի տես ահաբեկուած կը բողոքէ:

Յանուն սուրիահայութեան խստօրէն կը դատապարտենք ընդհանրապէս աղօթավայրերուն ու յատկապէս նահատակաց վկայարաններուն դէմ կատարուած տմարդի վերաբերմունքները: Համայն աշխարհին ու հայութեան կը յայտնենք, որտէրն ենքմեր աղօթավայրերուն ու նահատակաց վկայարաններուն, զանոնք արժանավայել կերպով պահելու յանձնառութեամբ կը վստահեցնենք որխաղաղութեան վերահաստատումին հետ վերականգնումի մեր հաւաքական երթինմէջունինքմերհետՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութիւնը, համայն հայութեանեւ քաղաքակիրթ մարդկութեան զօրակցութիւնը:

Յարգանք սուրիական հայրենիքի բոլոր նահատակներուն:

Յարգանք Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն:

Վերստին հանգիստ նուիրական աճիւններուն:

Խաղաղութիւն նահատակներու աճիւններով սրբագործուած սուրիական հայրենիքին ու ժողովուրդին:

 

ԴԻՒԱՆ
ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ


Հալէպ 14 Նոյեմբեր 2012

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Մրցանիշներու Անձրեւ Փաքիստանի Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.