Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բնութիւնը Սիրող Ընտանիք Մը

November 10, 2012
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Անճելօ, Անճելա եւ անոնց երեք աղջիկները կ՛ապրին Սիկիլիոյ մէջ, Իտալիոյ հարաւը: Անոնք կը փորձեն կարելի եղածին չափ համերաշխ ապրիլ զիրենք շրջապատող բնութեան հետ:

Իրենց երազներու տունը գտնելը դիւրին չէ եղած Անճելոյին եւ Անճելային համար: Անոնք ամբողջ Իտալիան շրջած են բազմաթիւ տարիներ` վերջապէս այդ վայրի բլուրի գագաթին հաստատուելէ առաջ: Այժմ անոնք հոն կ՛ապրին իրենց երեք աղջիկներուն հետ: Անոնց ծրագիրն է` համերաշխ ապրիլ զիրենք շրջապատող բնութեան հետ:

***

 

 

 

 

 

 

 

Անոնց տան շուրջ միայն կանաչութիւն է… երեք աղջիկները իրենց ամբողջ ժամանակը տունէն դուրս կ՛անցընեն: Անոնք կը խաղան իրենց շուրջը գտնուած տարրերով` ճիւղ կամ քար, եւ անոնք յաճախ ծաղիկի փունջեր կը կազմեն:

Երբեմն գիշերը ամբողջ ընտանիքը կը հաւաքուի մեծ կրակի մը շուրջ: Երբ կը մթննայ, բոլորը կ՛երթան քնանալու, որովհետեւ յաջորդ առտու անոնք արեւուն հետ պիտի արթննան:

 

Ընտանիքը միայն բնական նիւթեր կը գործածէ: Օրինակի համար, ամանները լուալու համար ծնողները կը գործածեն մոխիր, որ պնակներու իւղը շատ լաւ կը հանէ: Ելեկտրականութիւն ունենալու համար անոնք հովով բանող սարքեր եւ արեւուն ճառագայթները օգտագործող հայելիներ դրած են:

Անճելա, Անճելօ եւ անոնց զաւակները իրենց բանջարեղէնները իրենց բանջարանոցին մէջ անձամբ կը մշակեն: Անոնք իրենց տան մօտակայ ծառերուն պտուղներն ալ կը քաղեն: Անոնք միայն բնական նիւթերով ճաշեր կ՛եփեն, կը թխեն իրենց հացը, կը պատրաստեն անուշները: Նախաճաշերը միշտ շատ համով կ՛ըլլան:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

  • Կ՛ենթադրուի, որ Լուսնթագի լուսիններէն մէկուն` Եւրոպայի վրայ երկրագունդի բոլոր ովկիանոսներուն ջուրերէն աւելի ջուր կայ:

  • Աշխարհի վրայ ամէնէն շատ գողցուած ուտելիքը պանիրն է:
  • Հոլանտայի մէջ ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ շիկահեր անձերու փառատօն մը:

 

 

 

 

 

 

  • «Stop»-ի առաջին նշանները սեւ եւ ճերմակ էին:
  • Ելակ մը միջին հաշուով 200 կուտ ունի:

 

 

 

 

 

  • Կարմիր «M2M»-ներ չարտադրուեցան 1976-1987 թուականներուն միջեւ:
  • Աւստրալիոյ մէջ երաժիշտներ տուին շատ բարձր ալիքներով ռոք երաժշտութեան նուագահանդէս մը, զոր միայն շուները կրնային լսել:
  • Միլիոնաւոր տարիներ առաջ Աւստրալիոյ մէջ գոյութիւն ունէր թռչուն մը, որ բեւեռային արջի մը մեծութիւնը ունէր:

 

 

 

 

 

  • Նախապէս հրշէջներուն փոխադրակառքերը կարմիր ներկուած էին, որովհետեւ անիկա ամէնէն աժան ներկն էր:
  • Կարգ մը ծովամայրեր կը փայլին:
  • Ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ ֆութպոլ խաղացող մարդամեքենաներու ախոյեանութիւնը` «Ռոպոքափ»:

 

Մեծ Վարձատրութիւն

Ամերիկացի մը, որ մեծ գումար մը շահած էր վիճակահանութենէն, վեց տարի սպասած է զայն պահանջելէ առաջ: Ան պէտքը չէր զգացած, որովհետեւ անմիջապէս այդ դրամին պէտք չունէր:

                                      ***

Անտի Աշքար մօտաւորապէս 5 միլիոն տոլար շահած է վիճակահանութենէն… 2006 թուականին: Սակայն ան սպասած է վեց տարի` իր դրամը պահանջելու համար, իր տոմսակին վաւերականութեան վերջաւորութենէն 11 օր առաջ:

Սակայն ինչո՞ւ ան այսքան երկար ժամանակ սպասած է: Պարզապէս որովհետեւ ան վախցած է, թէ այդ ամբողջ դրամը իր կեանքը փճացնէ: Հետեւաբար ան ոչ մէկուն յայտնած է իր շահած ըլլալուն մասին, յատկապէս` իր նշանածին, վախնալով, որ ան իրեն հետ ամուսնանայ դրամին համար: Ամուսնութենէն ետքն է, որ ան իր կնոջ կը յայտնէ, թէ ինք շահած է շատ մեծ գումար մը:

Սակայն ինքն ու իր կինը որոշած են տակաւին սպասել` համարելով, թէ իրենց ունեցածը արդէն բաւարար էր իրենց` ուրախ կեանք մը ապահովելու:

Վերջապէս, անոնք այլեւս միլիոնատէր կը սեպուին: Իսկ Անտի այս գումարէն բաժին մը տուած է իր եղբօր` անոր մեծ անակնկալ մը պատճառելով:

 

Ծովուն Մէջի Շիշը

Մոնրէալէն, Քանատա, 12 տարեկան աղջնակներ` Շարլեն Տալփէ եւ Քլոտիա Կառնօ իրենց արձակուրդը կ՛անցընեն Քեպեքի շրջանին մէջ, երբ կ՛որոշեն նամակ մը գրել, զայն շիշի մը մէջ դնել եւ շիշը ծովը նետել: Այս պատահարը տեղի կ՛ունենար յունիս 2004-ին:

                                  ***

2012-ի հոկտեմբեր ամսու կէսերուն 9 տարեկան իրլանտացի մանչուկ մը իր տան մօտ, ծովափին կը գտնէ կերպընկալէ շիշ մը: Իրլանտայի ծովափին սաստիկ հովեր փչած էին վերջին օրերուն, եւ ալիքները բազմաթիւ առարկաներ նետած էին ծովափին վրայ: Փոքրիկ տղան` Ուազին, սկիզբը կարծած է, թէ շիշին մէջի թուղթը պարզ պիտակ մըն է, սակայն երբ ան նշմարած է, թէ շիշին կափարիչը ամրացուած է աղջկան մը մազերու կապով, ան զայն բացած է: Անոր մէջի նամակը չէր փճացած:

Ուազին նամակէն բան մը չէ հասկցած, որովհետեւ ֆրանսերէն գրուած էր: Սակայն ան նշմարած է, թէ դրուած է թուականը եւ ե-նամակի հասցէ մը:

Շիշը կտրած է Ատլանտեան ովկիանոսը, ելած էր դէպի Սուիրի գետաբերանը, Իրլանտա, ուր Ուազին զայն գտած է, երբ ընկերներուն հետ կը խաղար: Աղջիկները իրենց մականունները չէին դրած նամակին մէջ, իսկ ե-նամակի հասցէն այլեւս գոյութիւն չունէր:

Սակայն, շնորհիւ Ատլանտեանի երկու կողմերը պատկերասփիւռէն յայտագիրներու եւ ընկերային կայքէջներու ցանցերուն, կարելի եղած է վերջապէս գտնել երկու աղջիկները, որոնք այժմ 20 տարեկան են:

Շարլեն եւ Քլոտիա կապուած են Ուազինին հետ համացանցի սքայփի միջոցով: Ուազին անոնց ցոյց տուած է շիշը եւ ութ տարի առաջ գրուած նամակը: Երիտասարդ աղջիկները զարմացած են, որ մէկը կրցած է գտնել իրենց նամակը այդքան տարիներ ետք, ովկիանոսին միւս կողմը:

Ուազինի մայրը ըսած է, թէ այս պատմութիւնը իր տղան իսկական աստղի մը վերածած է: Հեռաձայնը անդադար կը հնչէ, որովհետեւ բոլոր ձայնասփիւռները, թերթերը կ՛ուզեն հարցազրոյց մը ընել անոր հետ:

«Եթէ գիտնայի, թէ այս հարցը այդքան աղմուկ պիտի հանէր, անոր ըսած կ՛ըլլայի, որ շիշը դարձեալ ջուրը նետէ», կատակով կը պատմէ մայրը:

 

Հանելուկ

Ի՞նչ է կապը կոլֆի գնդակի մը, սարդի մը, ակռայի վրձինի մը, խոհանոցի բահակի եւ նկարելու մեքենայի միջեւ:

Այս բոլոր առարկաները անջրպետ ղրկուած են եւ անոնք բնաւ չեն վերադարձած: Անոնք մաս կը կազմեն այն առարկաներուն, որոնք կորսուած են դէպի անջրպետ տարբեր հետախուզական արշաւներու ընթացքին:

 

Ժամանց

 

Կէտերը իրարու միացուր 1 – 86` գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ գտնուող իրարու նմանող վեց զոյգ տուփիկները:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր գլխուն համապատասխանող մարմինը:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (10 Նոյեմբեր 1962)

Յաջորդը

Մասունքներ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ժամանակակից Պատմութեան

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։