Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ. ՀԱՅՐԵՆԻ ԷԹՆՕ- ՎՈՔԱԼ- ԹՐԻՈՅԻ ԲԱՑԱՌԻԿ ԵԼՈՅԹԸ` ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ Ա. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

April 28, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ելոյթէն պահ մը

Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան 55-ամեակին առիթով երէկ` չորեքշաբթի, 27 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի Էթնօ- Վոքալ-Թրիոյի ելոյթ` կատարողութեամբ Աննա Մայիլեանի (գեղարուեստական ղեկավար), Ալինա Աւագեանի, Յասմիկ Զաքարեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Էլեն Կիրակոսեանի:

Էթնօ- Վոքալ- Թրիոն աւելի քան մէկ ժամուան տեւողութեամբ մատուցեց դասական, հոգեւոր, ժողովրդական եւ ազգագրական երգերու փունջ մը, որ լսելի եղան Եղեռնի արձագանգը եւ Զատկուան աւետիսը:

Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր հայ երգի շուրջ 15 դարու շրջան մը` Մեսրոպ Մաշտոց- Խորենացիէն (Ե. դար) մինչեւ Կարա- Մուրզա, Կոմիտաս, Դանիէլ երաժիշտ եւ Հայրիկ Մուրատեան (ԺԹ. – Ի դար): Երգերը կ՛արտացոլէին հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ հոգեկան վերիվայրումներուն դրսեւորումները:

Երգացանկէն յիշենք «Քելէ քելէ», «Շողեր ջան», «Կռունկ», «Անձրեւն եկաւ», «Յարութեան շարական», «Գովեա՛ Երուսաղէմ», «Կաքաւիկ», «Զանճառելի լուսոյ մայր», «Հռիփսիմեանց շարական» եւ այլն:

Աւարտին ներկաները մեծապէս գնահատեցին Էթնօ- Վոքալ – Թրիոյի բացառիկ ելոյթը:

Աւարտին շնորհակալական խօսք արտասանեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց, որ հայրենի խումբը կը պահպանէ հայ ժողովուրդի հոգին եւ ոչ միայն մշակոյթը, նաեւ իրական կը դարձնէ Աստուծոյ հոգին:

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐԸ ԼԱՒԱՊԷՍ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ԿԵՐՊԵՐԸ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՄԱՆՈՒԿԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ. ՉՈՐՍ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՊԱՐԳԵՒԵԱԼՆԵՐՈՒ ԿՈՂՔԻՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։