Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պենետիկտոս Ժզ. Պապին Շնորհակալական Նամակը Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարքին

November 3, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առ գերերջանիկ տէր
Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց

Լիբանանի առաքելական ճամբորդութենէս վերադարձին, խորին երախտագիտութիւնս կ՛ուզեմ յայտնել ձեզի, այն ջերմ ընդունելութեան համար, որ ցուցաբերեցիք իմ անձիս նկատմամբ ամբողջ կեցութեանս ընթացքին: Անձնապէս ձեզի շնորհակալութիւն յայտնելով` կը փափաքիմ արտայայտել նաեւ իմ անկեղծ երախտապարտութիւնս Կիլիկիոյ հայոց պատրիարքութեան եպիսկոպոսներուն եւ հաւատացեալներուն, գնահատելով անոնց փառաւոր հիւրընկալութիւնը:

Շնորհակալութիւններս կ՛ուղղեմ նաեւ բոլոր անձերուն, որոնք իրենց նուիրումով եւ արդիւնաւոր գործունէութեամբ նպաստեցին այդ օրերուն արարողութիւններու եւ հանդիպումներու բարի ընթացքին:

Մեծ ուրախութեամբ իմ սրտիս մէջ կը պահեմ այդ ժամերու յիշատակը, ուր հանդիպեցայ այնքան հաւատացեալներու, որոնք ժամանած էին ամբողջ շրջանէն` խանդավառ կերպով բացայայտելու իրենց գորովը եւ փարումը Պետրոսի յաջորդին: Բազմաթիւ հանդիպումներու ընդմէջէն իմացայ շրջանի մարդկային հարստութիւնը եւ եկեղեցական կենսունակութիւնը, բայց նաեւ տառապանքը Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն, որոնք շատ անգամ բռնութեան զոհ կը դառնան: Այս անմոռանալի պահերուն արդիւնաւէտ արգասիքը կրնայ քաջալերել եւ ուղղել եկեղեցին Միջին Արեւելքի մէջ, որպէսզի արիաբար ապրի հաշտութեան իր վկայութիւնը եւ յոյսով նայի դէպի ապագան: «Եկեղեցին Միջին Արեւելքի մէջ, «Առաքելական յորդոր»-ի ստորագրութեամբ եւ յանձնումով, կը փափաքիմ, որ այս սիրելի երկրին մէջ վերածնի հաշտութիւնը, արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը:

Սուրբ Կոյս Մարիամին յանձնելով Միջին Արեւելքի այս սիրելի շրջանը, ձեզի կ՛ուղղեմ առաքելական օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսներու, քահանաներու, կրօնաւորներու, կրօնաւորուհիներու եւ Կիլիկիոյ հայոց պատրիարքութեան բոլոր հաւատացեալներուն:

Վատիկան, 2 հոկտեմբեր 2012

ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ.

 

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Նանսի Քաղաքին Մէջ Հիմնուեցաւ Համազգայինի Նոր Մասնաճիւղ Մը

Յաջորդը

Լեւոն Նորտիկեանի Եւ Այլ Ակադեմականներու Հաւաքական Հեղինակութեամբ. Թուրքիոյ Դեսպանին Հետաքրքրութիւնը Առթած` «Կիլիկիոյ Հայերը» Գիրքի Շնորհահանդէս

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.