Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Դրօշակ»-ի. Պատճառ Ու Հետեւանք

October 29, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դիւրին ժամանակաշրջանի մը մէջ չենք ապրիր դժբախտաբար: Ճիշդ է, որ հայութիւնը ասկէ շատ աւելի վատ պամաններու մէջ ապրած ու այդպիսի կացութիւններու մէջէն կրցած է այս կամ այն ձեւով ելլել ու վերապրիլ` առաւել կամ նուազ չափով կոտորակուելէ ետք: Սակայն հարցը վերապրելուն չի վերաբերիր, այլ` հայութեան համար ապահով ու բարօր կեանք մը ապահովելու գրաւին մէջ, միաժամանակ` հիմնաւոր կերպով իր նոր սերունդներուն ու ամբողջ աշխարհին փոխանցելով իր բռնաբարուած անժամանցելի իրաւունքներուն պատգամը եւ անոնց վերատիրանալու վճռականութիւնը:

Վերջին քսան տարիներու ընթացքին ազգովին ապրեցանք իրարու յաջորդող եւ իրարու հակասող հանգրուաններ: Հայաստանի անկախութեան յայտարարութենէն անմիջապէս առաջ եւ ատկէ ետք ապրեցանք ազգային համատարած խանդավառութեան եւ հպարտութեան ժամանակաշրջան մը. հայութեան երկու մեծ հատուածները, Հայաստանինը եւ սփիւռքինը, տասնամեակներու պարտադիր կղզիացումէ ետք իրարու հետ անկաշկանդ յարաբերութեան մէջ մտնելու պատեհութիւնը ունեցան. միասնական կերպով տարին ու յաջողութեամբ պսակեցին Արցախի ազատագրական պայքարը. իրարու ծանօթացան եւ գէթ մասամբ տեսան իւրաքանչիւրին առաւելութիւններն ու թերութիւնները: Գոյութիւն ունեցած է այն համոզումը, թէ Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան գործակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ ամրապնդել հայոց պետականութիւնը` հզօրացնելով անոր կառոյցները:

Այսօր սակայն հոն չենք տակաւին: Ընդհակառակն` համահայկական հասարակութիւնը ամէնուրեք կ՛անցընէ խորունկ հիասթափութեան հանգրուան մը. արդիւնք` հիմնականին մէջ հայրենիքի, մեղմ տարազումով մը արտայայտուելով, առօրեայ կեանքի բոլոր մարզերու չափազանց դանդաղ զարգացման եւ ապագայի հեռանկար ստեղծող լուրջ ձեռքբերումներու բացակայութեան: Յուսալի տարրերու Հայաստանէն շօշափելի արտագաղթը արդիւնքն է այդ հիասթափութեան եւ իր կարգին հիասթափեցնող է. մանաւանդ որ արտագաղթողը կարօտնալու բնական ցաւի զգացումէն աւելի` ան իր հայրենիքին հանդէպ ոխո՛վ լեցուած կ՛ըլլայ ընդհանրապէս:

Արտագաղթի մասին այսպիսի մատնանշումներ վերջին տարիներուն եղած են շատերո՛ւ կողմէ. անոնց շարքին էին նաեւ իշխանութեան կարկառուն ներկայացուցիչներ. իսկ իշխանութիւնները անկասկած պատասխանատու են եթէ ոչ այս կացութեան ստեղծման, բայց առնուազն` անոր յարատեւումին կամ վատթարացման: Անյետաձգելի հրամայական է այլեւս հայ քաղաքացին իր հողին ու իր հայրենիքին կապող նախաձեռնութիւններու որդեգրումն ու անյապաղ գործադրութիւնը. ո՛չ միայն մայրաքաղաքին մէջ, այլ նաեւ` գաւառական շրջաններու եւ մանաւանդ` սահմանամերձ գօտիներու մէջ: Առանց մարդուժի գոյութեան հայրենիք մը նուաճողի պէտք չունի նուաճուելու համար. կը փլի ինքնաբերաբար:

Հայաստանէն արտագաղթի առկայ խնդիրը առարկայական արտայայտիչն է երկրի բոլոր տկարութիւններուն. այդ տկարութիւնները իրարմէ անկախ չեն, այլ` մէկը միւսին յառաջացման պատճառ կը հանդիսանան: Հետեւաբար անիմաստ է արտագաղթը կասեցնելու, առաւել եւս… ներգաղթ կազմակերպելու ծրագիրներ կազմել արտագաղթի երեւոյթին հիմնական պատճառները չէզոքացնելէ առաջ. առանց այդ պատճառներու վերացման կամովին ներգաղթողն իսկ շատ արագ կերպով կը վերածուի արտագաղթողի:

Պէտք կա՞յ անգամ մը եւս յիշատակելու այդ պատճառները: Ցանկը երկար է` արդարադատութեան մարզի ընդվզեցուցիչ վիճակէն սկսած մինչեւ համատարած փտածութեան երեւոյթները:

Անշուշտ այսպիսի ախտերու վերացման հիմնական միջոցը իսկապէս ժողովրդավար հասարակութեան մը յառաջացումն է: Մեր հայրենիքին մէջ դժբախտաբար միակուսակցական դրութեան տապալումէն աւելի քան երկու տասնամեակ ետք ժողովրդավարութիւնը չէ կայացած: Կայ անոր բառամթերքը, բացակայ է անոր գործնական ամրակայումը: Ասիկա մեծ դժբախտութիւն է, որովհետեւ վերջերս դրացի Վրաստանը այդ ուղղութեամբ հսկայ քայլ մը նետեց. առաջին անգամ ըլլալով խորհրդարանական ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկաւ ընդդիմութիւնը. բան մը, որ տակաւին ժողովրդավարութեան լրիւ հաստատման փաստ չէ անշուշտ, բայց ինքնին պատմական ձեռքբերում է ամբողջ կովկասեան շրջանին համար: Միւս կողմէ, Ազրպէյճանը իր վառելանիւթային պաշարներու եկամուտին շնորհիւ սկսած է գրաւել միջազգային հասարակութիւնը` Հայաստանէն աստիճանաբար խլելով մինչեւ իսկ աւանդական ռազմավարական գործակիցներ: Իսկ Հայաստա՞նը:

Հայաստանը ամէն տուեալ ունի Կովկասի մէջ գրաւելու հասարակական զարգացման առաջին դիրքերը` նկատի ունենալով ընդհանուր հայութեան կարողականութիւնը: Անկախ իրենց քաղաքական գունաւորումէն, Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են ստեղծելու այդ զարգացման համար անհրաժեշտ նախապայմանները: Ատոնցմէ առաջինը երկրին մէջ իսկական ժողովրդավարական վարչակարգի մը հաստատումն է, որպէսզի ժողովուրդը ո՛չ միայն զգացական կապերով, այլ նաեւ` առարկայական պատճառներով կապուած զգայ իր հայրենիքին: Ներկայի համաշխարհային քաղաքական բեմի տուեալներով հո՛ն է Հայաստանի անկախ պետականութեան ամրապնդման հիմնական բանալին:

 

16 հոկտեմբեր, 2012

 

 

Նախորդը

Ներողութի՛ւն Խնդրեցէք

Յաջորդը

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի Լիքուտի Եւ Եիսրայէլ Պէյթէյնուի Միջեւ Ընտրական Դաշինքի Որոշումը Երկու Կուսակցութեանց Մէջ Դժգոհութիւն Յառաջացուցած Է

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.