Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջեկեղեցական Կեանք. Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու Տարեկան Ժողով. Նարեկ Արք. Ալեէմեզեան Ընտրուեցաւ Ատենապետ Նոյն Մարմինին

October 29, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

23-25 հոկտեմբեր 2012, Ժընեւի Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուեցաւ Եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու տարեկան ժողովը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցեցաւ անդամ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան (Վարիչ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու եւ տեսուչ դպրեվանքի):

Ժողովականները յաջորդ շրջանին համար Նարեկ սրբազանը միաձայնութեամբ իրենց ատենապետը ընտրեցին:

Ժողովին միւս մասնակիցներն էին ուղղափառ, հռոմէական կաթողիկէ, բողոքական, անկլիքան, լուտերական, բարեկարգեալ, մկրտչական, մեթոտիսթ, գալստական եւ ազատ եկեղեցիներու գլխաւոր ընտանիքներէ աւելի քան քսանհինգ ներկայացուցիչներ:

Ժողովականներ քննարկեցին միջեկեղեցական եւ ներեկեղեցական յարաբերութիւններուն առնչուած հիմնական հարցեր եւ համաքրիստոնէական մտահոգութիւններ:

Իր զեկուցումին մէջ, Նարեկ սրբազան ներկայացուց արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու` այլ եկեղեցական ընտանիքներու հետ ունեցած աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութիւնները եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւններուն գլխաւոր երեսները: Ան նաեւ յատուկ կերպով ընդգծեց, որ հակառակ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն  դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւններուն, հրամայական է անոնց ներկայութիւնն ու վկայութիւնը շրջանին մէջ, եւ բոլոր եկեղեցիները այս ուղղութեամբ առաւել գործօն դերակատարութիւն պէտք է ունենան:

Առաւել, Նարեկ սրբազան առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Օլաւ Ֆիքսէ Թուէյթի ու զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներուն հետ եւ քննարկեց միջեկեղեցական շարժումն ու Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը շահագրգռող հարցեր:

Սրբազանը հանդիպում ունեցաւ հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ Քրիստոնէական միութեան բաժանմունքի ընդհանուր քարտուղար Պրայըն Ֆերըլ եպիսկոպոսին հետ եւ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութեան արժեւորումը կատարեց:

Սրբազանը աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխատենապետ Թենի Սիմոնեանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին մօտ ներկայացուցիչ Քարլա Խիժոյեանին հետ եւ անոնց փոխանցեց միջեկեղեցական ու միջկրօնական մարզերուն մէջ կաթողիկոսութեան առաջնահերթութիւնները. յատուկ քննարկման արժանացաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի յաջորդ համաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ 2013-ին` Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ:

 

Նախորդը

Նարեկ Արք. Ալեէմեզեան Հանդիպում Կ՛ունենայ Լուտերական Եկեղեցիներու Միութեան Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

Յաջորդը

Ռուբէնը Եւ Իր Ընկերները Հին Ու Նոր Երգերով Հանդիսատեսին Պարգեւեցին Բարձրորակ Արուեստ Եւ Հայրենասիրական Մթնոլորտ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.