Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպի Մէջ Կացութիւնը Կրկին Վատթարացած Է

October 26, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ «Ազդակ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց, որ Հալէպի թաղամասերուն մէջ քանի մը օրէ ի վեր տիրող հանդարտ մթնոլորտը 25 հոկտեմբերին կրկին լարուեցաւ, եւ քիչ մը ամէն տեղ բախումներ, կրակոցներ եւ հրացանաձգութիւններ սկսան` հասնելով մինչեւ օդակայան: Ռէյիսեան հաստատեց, որ վիճակը կրկին մտահոգիչ ու վտանգաւոր դարձած է, մանաւանդ որ ընդդիմադիրները կը փորձեն նորանոր թափանցումներ կատարել: Ան դիտել տուաւ, որ  ընդդիմադիրներուն եւ բանակին միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցած են Ժալլա շրջանին մէջ, ուր մեծ թիւով հայեր, քրիստոնեաներ կը բնակին, կան եկեղեցիներ ու դպրոցներ: Կրակոցներ լսելի դարձած են նաեւ Ազիզիէի մուտքին:

Ըստ Ռէյիսեանի, ընդդիմադիրները փորձած են թափանցել որոշ թաղամասեր, ուր նաեւ հայեր կը բնակին: Անոր համաձայն, փոխադարձ հրացանաձգութիւնը շարունակուած է, սակայն յստակ պատկեր չկայ վնասներու, ինչպէս նաեւ մարդկային կորուստներու վերաբերեալ: Բանակը կը փորձէ ետ մղել ընդդիմադիրները: Անդրադառնալով Աշրաֆիէ թաղամասին մէջ տեղի ունեցող բախումներուն` Ռէյիսեան դիտել տուաւ, որ թաղամասին մէջ քիչ թիւով հայեր կը բնակին` աւելցնելով, որ նախորդող օրերուն առաւել հանդարտ թաղամասը ներկայիս ներառուած է բախումային շրջաններուն մէջ:  Հայաշատ Նոր Գիւղ թաղամասին մասին ան նշեց, թէ այնտեղ մեծ վտանգ կը հանդիսանան արձակազէնները, որոնք մնայուն ներկայութիւն են, կայ նաեւ մնայուն հաւանականութիւնը` «Հաուն» տիպի հրթիռներու իյնալուն: Ան դիտել տուաւ, որ  ներկայ դրութեամբ մարդկային նոր զոհեր չկան:

Հայաստանէն Հալէպ հասած մարդասիրական օգնութեան օդանաւին առնչուող «Ազդակ»-ի հարցումին պատասխանելով` Ռէյիսեան ըսաւ, որ օժանդակութիւնը տակաւին օդակայանը կը գտնուի եւ աշխատանք կը տարուի զայն դուրս հանելու` համապատասխան ձեւակերպումներն ու դասաւորումները կատարելէ ետք:

Նախորդը

«Փլէյ-Օֆի Հանգրուանը Անցնիլը Հրաշքի Համազօր Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Մանչինի

Յաջորդը

Ըստ «Հիւրրիէյթ»-ի Միացեալ Նահանգներ «Քիչ Թիւով» Զինուորներ Ուղարկած Են Թուրքիա

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.