Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միլիառաւոր Ադամանդներ

October 20, 2012
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Սիպերիոյ մէջ գոյութիւն ունի ադամանդներու հսկայական հանք մը: Կ՛ըսուի, թէ անիկա կը պարունակէ աշխարհի բոլոր հանքերուն մէջ գտնուող ադամանդներէն աւելի շատ ադամանդ:

Սիպերիա Ռուսիոյ մաս կը կազմէ եւ կը գտնուի Ասիոյ հիւսիսը:

Այս ընդարձակ շրջանին արեւելքն է, որ կը գտնուի ադամանդի հսկայական հանք մը` Փոփիկայիի հանքը: Անիկա փորուած է 35 միլիոն տարիներ առաջ, երկնաքարի մը անկումէն յառաջացած հսկայկան փոսի մը մէջ: Այս բախումը ստեղծած է ցնցումի ալիք մը, որ հողին մէջի կրաֆիթը (հանքային նիւթ մը) անմիջականօրէն պզտիկ ադամանդներու վերածուած է:

Ռուսերը յայտարարեցին այս հանքին գոյութիւնը:

***

Սակայն անոնք այս հանքը շատոնց գտած էին, 1970-ական թուականներուն: Այդ ժամանակաշրջանին անոնք ոչինչ ըսին, որովհետեւ անոնք Պաղ պատերազմի վիճակի մէջ էին Միացեալ Նահանգներուն հետ: Հետեւաբար, անոնք կը նախընտրէին այս հանքին գոյութիւնը գաղտնի պահել: Մինչեւ այսօր անոնք այդ հանքին միայն 0,3 առ հարիւրը հետախուզած են: Այդ պզտիկ բաժինին մէջ անոնք արդէն 147 միլիառ քարաթ գտած են (քարաթը յարգի քարերուն ծանրութիւնը չափելու միաւորն է 1 քարաթ = 0,2 կրամ)

Հանքը ընդամէնը կրնայ պարունակել 10 հազար միլիառ քարաթ, աւելի քան` աշխարհի բոլոր հանքներու մէջ գտնուող ադամանդները: Այս հանքին գոյութիւնը կրնայ ադամանդի շուկային վրայ ցնցում յառաջացնել:

Գիտէի՞ր, Թէ…

– Փոփիկայիի պահեստին ադամանդները շատ մեծ որակի քարեր են: Անոնք կը նմանին 0,5 – 2 մմ մեծութեամբ պզտիկ, մոխրագոյն, դեղին կամ կապոյտ հատիկներու:

– Անոնք պիտի ծառայեն յատկապէս ճարտարարուեստին մէջ, օդանաւերու ինքնաշարժներ շինելու համար: Հանքին մէջի ադամանդները բաւարար են գործարաններուն քարեր հայթայթելու` 3000 տարիներու ընթացքին:

– Ասիկա լաւ լուր մըն է, որովհետեւ երկրագունդին վրայ միշտ աւելի նուազ ադամանդները կը մնան, եւ անոնց գինը անդադար աւելի կը սղի:

– Արդեօ՞ք այս ադամանդներուն գոյութիւնը պիտի իջեցնէ յարգի քարին գինը: Տակաւին շատ կանուխ է յստակօրէն գիտնալու համար, որովհետեւ Փոփիկայիի հանքը շատ հեռու է: Անոր շահագործումը շատ ժամանակի եւ ծախսի պիտի կարօտի:

 

Գոհարէ Մը Աւելի

Ադամանդի մը արժէքը կախեալ է` անոր ծանրութենէն (որ քարաթով կը չափուի), պայծառութենէն, անոր գոյնէն եւ անոր կտրուածքէն: Ասոնք են նշանաւոր չորս «օրէնքները»: Այս ձեւով կարգ մը ադամանդներ ուրիշներէ աւելի կ՛արժեն, նոյնիսկ եթէ անոնք աւելի փոքր են:

Աշխարհին մէջ 5 ադամանդէն միայն մէկ հատը պիտի տաշուի գոհարեղէնի վերածելու համար Մնացեալը կը յատկացուի ճարտարարուեստին:

Ադամանդը աշխարհի ամէնէն կարծր եւ ամէնէն տոկուն քարն է. անիկա կը ծառայէ շինելու գործիքներ` կտրելու, փորելու, ճզմելու, տաշելու համար:

 

Ո՞րն Է Աշխարհի Վրայ Ինկած
Ամէնէն Մեծ Երկնաքարը

1920 թուականին Նամիպիոյ մէջ, ագարակապան մը իր հողը կը մշակէր, երբ անոր արօրը արգելքի մը կը հանդիպի: Երբ անոր շուրջի հողը կը հանուի, կը յայտնաբերուի, որ ենթադրուած մետաղեայ այդ զանգուածը գտնուած ամէնէն մեծ երկնաքարն էր: Հոպա երկնաքարը, որ անուանուած էր գտնուած վայրին ագարակին անունով, կը կշռէ աւելի քան 60 թոն: Անիկա մօտաւորապէս 2,7 մեթր երկայնք ունի, 2,7 մեթր լայնք եւ 0,9 մեթր հաստութիւն: Անիկա բաղկացած է 84 առ հարիւր երկաթէ, 16 առ հարիւր Նիքելէ, եւ մետաղի ուրիշ տեսակներէ: Գիտնականները կ՛ենթադրեն, որ անիկա երկրագունդին վրայ ինկած է մօտաւորապէս 80 հազար տարի առաջ:

Մինչ Քէյփ Եորքի երկնաքարը աշխարհի երկրորդ ամէնէն մեծ երկնաքարն է, եւ կը կշռէ 34 թոն: Անիկա երկրագունդին զարնուած է մօտաւորապէս 10 հազար տարի առաջ եւ էջք կատարած է Կրինլանտի մէջ: Արքթիքը հետախուզող Ռոպըրթ Փերին է, որ զայն գտած է 1894-ին: Հոպայի նման, Քէյփ Եորքն ալ բաղկացած է երկաթէ եւ նիքելէ: Սակայն, այս երկնաքարին պարագային, ան չէ մնացած իր ինկած վայրը: Փերի մետաղի այս մեծ կտորը փոխադրած է Նիւ Եորք: Կարելի է այս քարը տեսնել եւ զայն շօշափել Ամերիքըն միւզիըմ օֆ նաչըրըլ հիսթըրի թանգարանին մէջ:

 

Լուրեր Աշխարհէն

 

– Լոնտոնի մէջ բնակիչներուն կ՛առաջարկեն իրենց կարծիքը տալ` ընտրելու համար քաղաքին ամէնէն հաճելի վայրերը:

Այս գործողութեան նպատակն է հասկնալ, թէ մարդիկ ի՛նչ կը սիրեն` քաղաքները վերածելու աւելի գեղեցիկ, աւելի հանդարտ, աւելի հաճելի վայրերու համար:

 – Նորվեկիոյ մէջ Օքսնես ընտանիքը շատ բախտաւոր ընտանիք մըն է: Այդ ընտանիքը երեք անգամ վիճականութիւն շահած է: Եւ միշտ` մեծ գումարներ:

Սեպտեմբեր ամսուն որդին` Թորտ, 19 տարեկանին միլիոնատէր դարձած է` շահելով 12,2 միլիոն քուրոն (աւելի քան 1,6 միլիոն եւրօ): Անկէ առաջ անոր հայրը շահած էր 4,1 միլիոն, 2006 թուականին, իսկ անոր քոյրը` 8,2 միլիոն քուրոն, 2010 թուականին:

– Վերջապէս մենք վստահ ենք: Տարիներու փնտռտուքներէ եւ ենթադրութիւններէ ետք մենք վերջապէս փաստը ունինք: Ջուր գոյութիւն ունեցած է Հրատ մոլորակին վրայ:

«Քիւրիոսիթի» սարքը, որ Հրատ մոլորակին վրայ կը գտնուի աւելի քան եօթը շաբաթներէ ի վեր, գտած է նախկին գետակի մը հունէն եկած մանր խիճեր եւ քարեր: Տակաւին ուրիշ ի՞նչ պիտի գտնէ այս սարքը: Այդ ջուրերուն մէջ ապրած մանր կենդանի էակներու հետքեր:

– Մաքտոնալտի ճաշարանները նշանաւոր են իրենց միսի բազմաթիւ շերտերով հարուստ համպըրկըրներով: Այս վաճառանիշը երկու նոր եւ բուսակերներու յատուկ ճաշարաններ բացած է Հնդկաստանի մէջ: Այս երկրին մէջ բնակչութեան մեծամասնութիւնը հինտու է, եւ անոնց համար կովերը սուրբ են: Ասոնց կողքին, ալ իսլամ բնակիչները խոզի միս չեն ուտեր: Միս չհրամցնող այս երկու Մաք Տոնալտ ճաշարանները պիտի բացուին երկրին երկու նշանաւոր սուրբ քաղաքներուն մէջ` Ամրիցար եւ Քաթրա:

– Գրեթէ ամէն ինչ դարձեալ վերամշակելուն պատճառով Շուէտի մէջ այլեւս բաւարար աղբ չի մնար: Այո, ասիկա մեծ մտահոգութիւն մըն է շուէտացիներուն համար, որոնք շատ յառաջացած են իրենց աղբերը վերամշակելու մէջ: Իրենց աղբերուն միայն 1 առ հարիւրը կը թափուի աղբամանին մէջ: Այդ աղբերուն կէսը կ՛այրի ջերմութիւն հայթայթելու համար: Սակայն ներկայիս գոյութիւն ունին մեծ թիւով գործարաններ, բայց ոչ` բաւարար այրուելիք աղբ: Հետեւաբար Շուէտը ստիպուած է այլեւս իր դրացիներէն տարեկան 800 հազար թոն աղբ գնել:

– Ճափոնի գործարանի մը մէջ պայթում մը կրնայ յառաջացնել… շորերու միջազգային տագնապ մը: Երկրին արեւմուտքը գտնուող Հիմեժի քաղաքին մէջ գտնուող այս գործարանը կ՛արտադրէ շորերուն յատուկ ջուրը ծծող կերպընկալ մը: Այս արկածէն ետք անոր արտադրութիւնը պիտի դանդաղի: Մինչ յատկապէս չինական ապսպրանքներու քանակը կը բարձրանայ:յրի ջերմութիւն հայթայթելու համար:

 

Ժամանց

Կէտերը իրարու միացուր 1 – 82` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Սեւ ներկէ մէկ կէտ պարունակող բաժինները` գտնելու համար պահուած պատկերը
Կրնա՞ս գտնել վառելանիւթի կայարանը հասցնող ճամբան:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ ( 20 Հոկտեմբեր 1962 )

Յաջորդը

Մահուան 140-Ամեակին Առիթով. Պետրոս Դուրեան

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.