Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹԱՔՍԻՄԻ ՆՍՏԱՑՈՅՑ` Ի ՅԱՐԳԱՆՍ 24 ԱՊՐԻԼԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ. ՆԱԵՒ` ՀԱԿԱՀԱՅ ՑՈՅՑ

April 26, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

24 ապրիլի զոհուածներու յիշատակի ոգեկոչման նպատակով, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ցոյց մը կազմակերպուեցաւ Թաքսիմի հրապարակին վրայ` 24 ապրիլի երեկոյեան ժամը 5:00-էն ետք: Մօտաւորապէս 500 մասնակիցներ, որոնց մէջ կային նաեւ հայեր, Թաքսիմի հրապարակին վրայ նստացոյց կատարեցին եւ առանց խօսքեր արտասանելու հայերէն երգեր ունկնդրեցին:

Ցոյցին ընթացքին բարձրացուած պաստառներուն վրայ հայերէնով, թրքերէնով, քրտերէնով, ֆրանսերէնով ու անգլերէնով գրուած էր. «Այս ցաւը մեր բոլորին ցաւն է»: Կազմակերպիչներուն անունով խօսք առաւ Զէյնապ Թանպայ, որ բացատրեց, թէ ի՛նչ կը նշանակէ 24 ապրիլ: Ան ըսաւ, որ ասիկա այն թուականն է, երբ դարերէ ի վեր հոս միասնաբար ապրող հայերը` մանուկ, կին, ծերունի, հիւանդ կամ անկար, անխտիր, պարզապէս հայ ըլլալնուն համար աքսորուեցան, հարիւր հազարներով սպաննուեցան:

Թանպայ ըսաւ, որ 1915-էն ի վեր պետութիւնը կը ջանայ քօղարկել այս խնդիրը կամ թեթեւցնել` զայն ներկայացնելով իբրեւ օրինաւոր գործողութիւն, բայց այս մահացու աքսորը մարդկութեան դէմ ոճիր էր: Անոր համաձայն, այնքան ատեն որ թրքական պետութիւնը կը շարունակէ իր հերքման պաշտօնական քաղաքականութիւնը, «վէրքերը աւելի պիտի խորանան, ալ աւելի պիտի անդամալուծուին մեր միտքերն ու խիղճերը: Այլեւս վերջ պէտք է տրուի այս կացութեան: Այս պատճառով է, որ շատ ուշացած պարտականութեան մը կը հրաւիրենք այս երկրի բոլոր այն մարդիկը, որոնք մաքուր ճակատ ու խղճմտանք ունին: Զանոնք կը հրաւիրենք մեզի միանալու, որպէսզի յայտնենք, թէ այս ցաւը մեր բոլորին ցաւն է», ըսաւ Թանպայ:

Ապա աքսորուած հայ մտաւորականներէն շատերուն անունները մէկ առ մէկ կարդացուեցան եւ մասնակիցներուն հաց բաշխուեցաւ` իբրեւ սուգի մասնակցութիւն:

ՀԱԿԱԴԻՐ ՑՈՅՑ` ՀԱՅԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Նոյն օրը երեկոյեան Թաքսիմի հրապարակին վրայ «Պոլսոյ թրքական միութեան բեմահարթակ» անունը կրող խմբակ մը Ապրիլ 24-ի վերաբերող ցոյց մը կատարեց` հակահայ մօտեցումով: Խմբակին անդամները հրապարակին վրայ տուին մամլոյ ասուլիս մը` պնդելով, որ թուրքերը երբեք ցեղասպանութիւն չեն կատարած` աւելցնելով, որ հայերն են, որոնք կայսերապաշտ երկիրներու գրգռութեամբ յառաջ քշեցին ցեղասպանութեան պնդում մը: Այս խմբակի անդամները յայտնեցին, որ «հայերը ինկան իրենց փորած փոսին մէջ. 1992 թուականին Խոջալուի մէջ սպանդ կատարելով իրենք ցեղասպանութիւն կատարեցին»:

Ցուցարարները քննադատեցին Ապտիւլլա Կիւլն ու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութիւնը. պահանջեցին, որ հայերը վերջ տան զրպարտութեան իրենց քաղաքականութեան` ներում հայցելով թուրք ժողովուրդէն: Անոնք նաեւ հետեւեալ առաջարկը ներկայացուցին. «Ջնջեցէ՛ք ձեր պետութիւնը, միացէ՛ք Թուրքիոյ Հանրապետութեան, որովհետեւ միայն այսպէս է, որ դուք անդորրութիւն կրնաք ապահովել ձեզի ու ձեր ապագայ սերունդներուն»:

 

 

Նախորդը

ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՒԱՔ` ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՀՅԴ-ՖԱԹՀ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՌԱՄԱԼԼԱՅԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։