Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջին Անգամ Ըլլալով Լիբանան Իր Գտնուելուն Առիթով` Հարցազրոյց` Պասքեթպոլի Իրանահայ Միջազգային Իրաւարար Հերոս Աւաննէսեանի Հետ

October 19, 2012
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս ծանօթ է, ներկայիս, Լիբանանի մէջ տեղի կ՛ունենայ Ասիոյ պասքեթպոլի ակումբներու 23-րդ ախոյեանութիւնը:

Այս մրցաշարքին ՖԻՊԱ-ին կողմէ նկատի առնուած իրաւարարներուն կարգին է իրանահայ միջազգային փորձառու իրաւարար Հերոս Աւաննէսեան:

Աշխարհի չորս ծագերուն տարբեր տեսակի մրցաշարքեր սուլած Աւաննէսեան առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուի Լիբանանի մէջ:

Ստորեւ կու տանք Աւաննէսեանի հետ «Ազդակ»-ի կատարած հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.

«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել զգացումներդ` նկատի ունենալով, որ առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուիս Լիբանանի մէջ:

ՀԵՐՈՍ ԱՒԱՆՆԷՍԵԱՆ.- Իսկապէս, որ տարբեր կ՛ըլլայ անձի մը զգացումը, երբ կը գտնուի այն վայրին մէջ, քան ինչ որ լսած կ՛ըլլայ անոր մասին: Աշխարհի տարածքին եղած եմ բազմաթիւ երկիրներու մէջ, սակայն առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելեմ Լիբանան` պաշտօնիս բերումով անշուշտ:

Բնականաբար, այդքան ալ չկրցայ ծանօթանալ սփիւռքի մեծագոյն եւ կարեւորագոյն գաղութին մանրամասնութիւններուն, սակայն երբ անցայ Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջաններէն, զգացի, որ տարբեր բաներ են լսելը եւ ականատես դառնալը:

Յայտնեմ, որ մօտիկ ապագային մտադիր եմ դարձեալ այցելելու Լիբանան` այս անգամ սակայն ընտանիքով եւ արձակուրդի նպատակով:

«Ա.».- Կրնա՞ք ձեր մասին որոշ տեղեկութիւններ փոխանցել մեր ընթերցողներուն:

«Հ. Ա.».- Ծնած եմ Թեհրանի մէջ, 16 օգոստոս 1963-ին: Պսակուած եմ եւ ունիմ 2 զաւակ:

Պատանի տարիքէս Թեհրանի մէջ սկսած եմ խաղալ պասքեթպոլ, որովհետեւ անիկա եղած է նախասիրած մարզաձեւերէս մէկը: Կարճ ատեն ետք անդամ եղած եմ Արարատ միութեան եւ հոն շարունակած պասքեթպոլը:

Մարզիկ ըլլալէ բացի, Արարատի հետ ստանձնած եմ տարբեր տեսակի պատասխանատու պաշտօններ:

Արհեստով եղած եմ ոսկերիչ:

Մարզիկի ասպարէզիս աւարտին որոշեցի մուտք գործել իրաւարարներու աշխարհին մէջ եւ այդ ասպարէզին սկսայ 1991-ին: Շուրջ ութ տարի տեղական մրցաշարքեր սուլելէ ետք, 1999-ին եղայ ՖԻՊԱ-ի իրաւարար, այսինքն` իրաւունք ստացայ սուլելու միջազգային մրցումներ:

Կու գամ աւելցնելու կէտ մը, որ իրաւարար ըլլալու համար պէտք է այդ ուղղութեամբ ունենալ սէր եւ ի հարկէ այդ պաշտօնին պատասխանատուութեան գիտակցութիւն:

Նկատի ունենալով տարիքս, կը կարծեմ (յուսամ սխալիմ), որ այս մրցաշարքը թերեւս ըլլայ վերջինը` իմ արհեստավարժ ասպարէզիս ընթացքին:

«Ա.».- Իբրեւ իրաւարար, քանի՞ եւ ինչպիսի՞ մրցաշարքերու մասնակցած էք:

«Հ. Ա.».- Ինքնագովութիւն չէ, որ կ՛ընեմ, սակայն ըսեմ, որ արհեստավարժ ասպարէզիս ընթացքին ունեցած եմ յիշատակելի եւ անմոռանալի օրեր, բնականաբար իմ արդար սուլիչիս պատճառով:

Անոր շնորհիւ, աշխարհի տարածքին ունեցած եմ բազմաթիւ ընկերներ, որոնցմէ միշտ ալ յարգուած եմ:

Իրանէն դուրս, 2003-ին Չինաստանի մէջ Ասիոյ ախոյեանութեան իրաւարար եղած եմ, 2004-ին` 22 տարեկանէն վար Ասիոյ երիտասարդներու ախոյեանութեան (Իրանի մէջ), 2005-ին` 22 տարեկանէն վար աշխարհի կրտսերներու ախոյեանութեան (Արժանթինի մէջ), դարձեալ 2005-ին` աշխարհի մեծահասակներու ախոյեանութեան, 2008-ին` Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած ողիմպիականի խաղերուն, 2009-ին` Սերպիոյ մէջ Իւնիվերսիատի, 2010-ին` դարձեալ աշխարհի ախոյեանութեան, իսկ վերջինը` այս տարի, երբ տեղի ունեցան աղջկանց պասքեթպոլի ողիմպիականի զտումի մրցումները:

Այս բոլորը նշելէ բացի, Ասիոյ ախոյեանութեան գրեթէ բոլոր մրցաշարքերուն միշտ ներկայ եղած եմ` Իրանի մէջ տեղի ունեցած տեղական մրցաշարքերուն զուգահեռ:

«Ա.».- Ներկայիս Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող այս մրցաշարքին մակարդակը ինչպէ՞ս կը գտնէք:

«Հ. Ա.».- Բնականաբար այդքան ալ բարձր չէ` նկատի առնելով, որ մասնակցող խումբերուն թիւը շատ քիչ է:

Մրցաշարքին ժամկէտին փոխուիլը պատճառ դարձաւ, որ խումբերուն թիւը ըլլայ քիչ:

Ատկէ բացի, Լիբանանի մէջ տիրող քիչ մը անապահով կացութեան պատճառով կարգ մը խումբեր չփափաքեցան մրցաշարքին մասնակցիլ:

Ռիատի Պէյրութի եւ իրանեան Մեհրամի միջեւ է, որ պայքարը պիտի ըլլայ` տիտղոսին տիրանալու համար, մինչ մնացեալ երեքը այդքան ալ վատ խումբեր չեն, բայց վերոնշեալ երկուքին մակարդակին չեն:

«Ա.».- Նշեցիք, որ մասնակցած էք բազմաթիւ մրցաշարքերու: Արդեօք չէի՞ք փափաքեր նաեւ մասնակցիլ համահայկական խաղերուն:

«Հ. Ա.».- Ինչո՛ւ չէ: Շատ սիրով եւ ուրախութեամբ կ՛ուզէի այդ մէկը կատարել, մանաւանդ որ ինծի միշտ ալ հրաւէր կու գայ:

Դժբախտաբար սակայն, այդ խաղերը կը զուգադիպին ճիշդ այն ժամանակամիջոցին, երբ տեղի կ՛ունենայ Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը:

Եւ երբ ՖԻՊԱ-ն քեզ կը նշանակէ իրաւարար, բնականաբար անոր որոշումներուն դէմ գալը նպատակայարմար չէ:

Առիթով մը` 2001-ին, համահայկական խաղերուն մասնակցած եմ, սակայն ոչ ամբողջ մրցաշարքին: Կարգ մը մրցումներ սուլած եմ միայն:

«Ա.».- Արդեօք որեւէ այլ ըսելիք ունի՞ք ձեր անձին կապակցաբար:

«Հ. Ա.».- Եթէ պահ մը պասքեթպոլը մէկդի դնեմ, կու գամ ըսելու, որ Թեհրանի պատգամաւորական ժողովի անդամ եմ: Իմ եւ բոլորին պաշտօնավարութեան ժամանակը կ՛աւարտի յառաջիկայ նոյեմբերին, երբ կ՛ընտրուի նոր մարմին մը` չորս տարուան պաշտօնավարութեան համար: Կը յուսամ դարձեալ վերընտրուիլ:

«Ա.».- Այլ ըսելիք ունի՞ք մեր ընթերցողներուն:

«Հ. Ա.».- Իսկապէս, որ շատ հաճելի էր այս հարցազրոյցին կայացումը, որուն միջոցով կրցայ պատասխանել ինծի ուղղուած հարցումներուն:

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Ազդակ»-ին, որ ինծի հետ կատարեց այս հետաքրքրական հարցազրոյցը, որուն ընդմէջէն կրցայ իմ մասիս ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցել ձեր ընթերցողներուն:

Թերեւս շատերու համար ծանօթ չէի, սակայն այդ գծով ոչ ոք մեղադրելի է:

Էականը այն է, որ «Ազդակ» հանդիսացաւ այն միջոցը, որ լիբանանահայութիւնը զիս աւելի մօտէն ճանչնայ: Շնորհակալութիւն եւ յաջողութիւն ձեզի:

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՎԱՐԵՑ`
ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

 

Նախորդը

«Մաութըն Պայք»-ի Նոր Դասաւորման Մէջ Լիբանան Գրաւեց 58-րդ Դիրքը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս` «Թռչնոց Բոյն»-ի Մէջ

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.