Ինչպէս ծանօթ է, կիրակի, 7 հոկտեմբեր 2012-ին, «Քլասիքօ»-ի մրցումին իրարու դէմ պիտի ճակատին Սպանիոյ ֆութպոլի երկու հսկաները` Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ: Անիկա տեղի պիտի ունենայ «Նու Քամփ»-ի մէջ:
Պարսա այս մրցումին դաշտ պիտի ներկայանայ առանց իր կեդրոնի յետսապահին` Քարլես Փիւյոլի, որ երեք օր առաջ Պենֆիքայի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումին վիրաւորուեցաւ:
Նշենք, որ 34 տարեկան Փիւյոլէն բացի, այս մրցումէն բացակայ է նաեւ Ժերար Փիքէ:
Ըստ սպանական կարգ մը լրատու աղբիւրներու, շատ հաւանաբար Փիւյոլ դաշտ չներկայանայ շուրջ վեց շաբաթ:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա, որ ապահոված է առաւելագոյն 18 կէտը, ութ կէտով կը գերազանցէ Ռէալը:


