Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ԽՈՀԵՐ. ՀՈՂԻ ՊԱՇՏԱՄՈ՞ՒՆՔ, ԹԷ՞ ՆՈՐՈՎԻ ԹՐՔԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

April 23, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կ՛ըսեն, թէ աղէտն ու երկար
դժբախտութիւնները
նո՛յն ընտանիքին ու նո՛յն ժողովուրդին
զաւակներուն կը պարգեւեն համերաշխութեան
անքակտելի զգացում մը: Յամենայն, դէպս, հայ
ժողովուրդին համար ճիշդ չէ ասիկա»:
ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ

Ըստ երեւոյթին, դեռ պիտի գայ այն օրը, երբ ազգովին տակաւ համոզուած ըլլալով թուրքին «ասպնջական», «բարեսիրտ» եւ «մարդկայնական» վերաբերումներուն, անշո՛ւշտ, հայոց նկատմամբ, մենք ալ մեր կարգին`

– պիտի վերակամրջենք դարաւոր բարեկամութիւնն ու եղբայրական զգացումները,

– պիտի վերահաստատենք երկու ժողովուրդներու միջեւ առկայ ներքին կառուցուածքն ու հոգեկան կապուածութիւնը,

– պիտի ողջագուրուինք եւ դառնաղէտ անցեալի պատահածները պատմութեան դատաստանին յանձնելով` երկուստեք ապագան կերտելու մասին մտածենք,

պիտի ձերբազատինք իրերամերժ կեցուածքներու, ատելութիւններու, ոխակալութեան, անհանդուրժողութեան եւ կամակոր վարքագծերու ամէնօրեայ անդոհանքէն,

– պիտի վերանորոգենք դարաւոր դրացնութեան փոխընկալումները,

– պիտի ընդունինք տեղահանութեան ենթարկուելու թրքութեան վաւաշոտ վարկածները,

– պիտի ջանանք փաստարկել հայրենական հողերու պատկանելիութեան ժամանակավրէպ  ըլլալը,

– պիտի համոզուինք, ինքնութեան եւ առանձնայատկութիւններու թրքատիպ մոտելներուն…

Իսկ հետագայ սերունդներ հաւատարմաբար եւ առանց ազգայնական նկրտումներու պիտի կարենան ապահովել քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, ժողովրդագրական եւ բազում բնագաւառներու առաւել ուռճացումն ու բարգաւաճումը:

Աւելի՛ն. բարոյահոգեբական մաքրաջրումներէ ետք հաւաքաբար պիտի շրջանցենք ցեղային մաքրագործումի` ցեղասպանութեան զոհ ըլլալու հոգեվիճակներն ու սին բարդոյթները, եւ յանուն երկու առհաւական ժողովուրդներու կեանքի բարելաւման, յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճումին, քաջաբար պիտի վերարժեւորենք անցեալի պատկանող դիպաշարերը:

Այլապէս ալ պիտի չմոռնանք ամէն տարի ապրիլ 24-ին ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ոգեկոչելու մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներու եւ «թուրք զոհուածներու» յիշատակը:

Եւ վասն մարդկայնական չափանիշներու, ազգերու համակեցութեան եւ համաշխարհայնացման բարեբեր արեւելումներու` պիտի կառուցուի երկու ժողովուրդներու ջերմ եղբայրակցութիւնը խորհրդանշող գեղակերտ յուշարձանը:

Անցնինք:

Հաւանաբար, վիրաւորական թուին նման արտայայտութիւններ կամ ընդգծումներ, եւ առիթ տան տարբեր մեկնաբանութիւններու ու եզրայանգումներու:

Սակայն, նոյնքան ալ ճիշդ են այն անառարկելի իրողութիւններու մատնանշումները, որ հայ իրականութիւնը ականատես է ամէն օր հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին, յատկապէս ինչ կը վերաբերի հայ-թուրք յարաբերութիւններու նորովի ընկալումներուն եւ զարգացման ուղիներուն:

Փաստօրէն, վերանկախ հայրենիքի քսանամեայ կեանքին ընդառաջ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած բազում դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու ոդիսականին առընթեր, դժբախտ պատկերներու շքահանդէս մը կ՛ապրի հայ քաղաքական միտքն ու պետական մտածողութիւնը:

Հոս, կարիքը չի զգացուիր նման հաստատումի մը նաեւ պատմաքաղաքական արժեւորումին ակունքները վերացայտելու, որովհետեւ հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն, արդէն ազգովին ապրեցանք եւ ահաւոր կացութիւններու դէմ յանդիման` զոհը դարձանք մեր իսկ ստեղծած ամուլ քաղաքական վարքագիծերուն, աններդաշնակ գործելաոճերուն  եւ ամիրայախառն ըմբռնումներուն:

Փակագիծ մը:

Ազգային իր կերպարով լուսաւոր եւ մարդկային առաքինութեամբ յատկանշուող հայ ժողովուրդը, կարծես իր լինելութեան վերջալոյսին արհաւիրքը կ՛ապրի, միամիտ,  հաճոյակատար, օտարոտի եւ մեղկ գործընթացներու շռայլութեամբ:

Իսկ այս բոլորին զուգահեռ` ազգային ազատագրական պայքարի, Հայ դատի ու պահանջատիրական գաղափարախօսութեան դրօշակակիր ըլլալու հանգամանքէն զիջելով, կ՛ուզէ նաեւ իր ԱՅՍՕՐը տեսնել տարաբնոյթ մօտեցումներու եւ ապրելակերպերու ընդմէջէն:

Այո՛, հայրենի հայութեան թէ սփիւռքեան իրականութեան միջեւ բաժանումի եւ խորխորատներու ստեղծումին մէջ, ի շարս այլ ուժերու, քաղաքական, տնտեսական թէ այլ նկատառումներու իբրեւ հետեւանք`  հայութեան որոշակի մասնիկը նորովի թրքասիրութեան յագուրդ տալով կը շարունակէ ազգային յենարաններու քանդումը  եւ բնաջնջումը:

Այսպէս ասած քաղաքական-դիւանագիտական թէ տնտեսական անմիջական հաշուարկներու հարթակին վրայ կառուցուող գործընթացներ կը միտին ապահովել այլընտրանքային ճանապարհներ` մեկնելով առկայ պայմաններու պարտադրանքէն:

Սա արդէն պետական մտածողութեամբ արձանագրուող իրականութիւնն է` իր խորթ եւ ապազգային նկատումներով:

Անցնելով միւս ողբերգութեան, որ կը վերաբերի հայ անհատներու դէպի «եղբայրական Թուրքիա» հոսքին կամ պապենական հողատարածք մեկնումին`, դարձեալ տարաբնոյթ բացատրութիններու շքերթով մը, արդէն իսկ այս երեւոյթը լուրջ եւ մտահոգիչ  տարողութեան հասած է, որ իր կարգին, կարիքը ունի հայ քաղաքական մտքի հզօր բանաձեւումին եւ ազգային մտածողութեամբ յագեցած յստակացումին:

Այսինքն, հայ ժողովուրդին դիմաց նորաստեղծ ալիքի մը պարտադրուած իրողութեամբ, ազգին բաղադրիչ մասերը, լրջութեամբ եւ խոհեմաբար քննութեան ենթարկելու են նման մարտահրաւէրներու գոյութիւնը, եւ ազգային ռազմավարական հայեցակարգերու ընկալումներով` հաստատագրելու անոր շահաւէտութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը:

Յիրաւի, թուրք բարբարոսութեան եւ խորամանկութեան աստիճանական մագլցումները առ այսօր կը շարունակեն խարազանել մեր հոգիները:

Փաստօրէն, թրքութեամբ յագեցած քաղաքական թէ դիւանագիտական, տնտեսական թէ ռազմական բնոյթի գրեթէ ամէնօրեայ մոլուցքներու ականատես կը դառնանք ազգովին` ուղղակի սպառնալիքներու թէ թաքուն վարքագծերու ընդմէջէն:

Այսուհանդերձ, հաւաքական յիշողութեան թէ ազգային կամքի ներգործուն կարողականութեան հարցն է, որ խնդրոյ առարկայ է, ըստ ամենայնի, եւ, որուն նկատմամբ կը լսուին յորդորներ եւ փաղաքշական  շարադրանքներ:

Քիչ մնաց, բարի վարուց վկայագիրներու տուուչութեամբ պիտի զբաղի հայ իրականութիւնը, մաս մը առեւտուրով զբաղողներու, ուրիշներ` թրքական ծովափերու քնքուշութիւնը վայելու, իսկ այլոց ալ դէպի պապենական հող այցելութիւն տալու հասկացողութեամբ:

Այս առումով, թող թիւրիմացութիւնը վերանայ միանգամընդմիշտ, թէ`

Ո՛չ ոք դէմ է որեւէ այցելութեան կամ ուխտագնացութեան դէպի հազարամեայ հայրենի հողատարածքներ,

Ո՛չ մէկ հեգնանք  նման արարքի հանդէպ,

Ո՛չ մէկ արգելք հայրենի հողին բուրմունքն ու գեղեցկութիւնը ապրելու հրայրքէն,

Ո՛չ մէկ տմարդի վերաբերում` Արարատի սէգ գագաթին վեհութիւնը զգալու իրաւունքին,

Սակայն, խօսքն ու ընդգծումը կը վերաբերին հաւաքական աշխատելաոճերու որդեգրումին, առաջադրուած ծրագիրներու կենսագործումին, զգացականէն անդին անցնելու հրամայականին, տիպար երազանքներու յանձանձումին (իմա`  ընձեռնուած կարելիութեամբ` հայրենի ուխտավայրերու նորոգութեան, հաւանաբար մասնակի), որպէսզի իրերայաջորդ երիտասարդական փաղանգներ, իրենց քրտինքով եւ աշխատանքով շաղախեն Վանի, Կարսի, Էրզրումի թէ Արարատի սուրբ հողը:

Արդ, պիտի շարունակենք բարձրագոռ գոչել, թէ Արեւմտահայաստանը մե՛րն է իր անցեալով, ներկայով ու ապագայով: Սակայն, անհրաժեշտ է, ամբողջ մարդկութեան դիմաց նախաձեռնել գործնական աշխատանքի, հաւանաբար` միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններու օժանդակութեամբ եւ կամ ի հարկին` հայկականի ստեղծումով, եւրոպական չափանիշներու համապատասխան ու նոյն ուժականութեամբ:

Այս բոլորի մատնանշումին շարժառիթը հայ իրականութեան մէջ տակաւ զարգացող այն մտայնութիւն է, թէ ժամանակի գործօնին հետ պէտք է վարուիլ ողջմտութեամբ, առանց ծայրայեղ մօտեցումներու, ազգայնամոլ կամ արկածախնդրական վարքագծերէ ձերբազատ, ներողամիտ եւ ինչու չէ նաեւ թրքասիրութեամբ, առիթ տալով թուրք հասարկութեան` վերանայելու իր անցեալի գործած ոճիրներուն եւ մեղքերուն:

Ա՛լ չենք խօսիր այն հոգեկանութեան մասին, որ երկու ժողովուրդները զիրար միացնող պորտակապն իսկ է:

Անշո՛ւշտ, առանց մոռնալու Պոլսոյ թէ Մարմարիսի հրապուրիչ եւ հոգեզմայլ հարազատութիւնը մեզի` հայերուս համար:

Եւ, դարձեալ խոնարհինք ու յիշատակը յարգենք

մէկուկէս միլիոն զոհերուն, վկայակոչելով այն իրողութիւնը, թէ`

Հայութիւնը թուրքին կը հաւատայ ա՛յն ատեն միայն, երբ բանիւ ու գործով ցոյց տայ իր բարբարոսութեան` ծինային կառուցուածքին այլակերպութիւնը:

Միայն այն ատեն…

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Նախորդը

«ՍԱՐՍԱՓԷՍ ՉԿՐՑԱՅ ՔՆԱՆԱԼ ՄԻՆՉԵՒ ԱՌԱՒՕՏ». ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԳԷՈՐԳ ԱԲԷԼԵԱՆԻ «ՑԿԵԱՆՍ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ» ՀԱՏՈՐԻՆ ՄԱՍԻՆ

Յաջորդը

ԱՅԼԱԿՐՕՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՍ, ՔՈՅՐԵՐՍ «ALLOY STEEL»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.