30 սեպտեմբեր 2012-ին, Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի «Ծնողազուրկ երեխաներու հովանաւորութեան» ծրագիրի 20-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի հովանաւորութեամբ եւ իր ներկայութեամբ: Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, պաշտպանութեան նախարարի ներկայացուցիչ, պաշտպանութեան փոխնախարար Արա Նազարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչներ, պաշտօնատարներ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, զանազան երկիրներէ եկած ՀՕՄ-ի անդամներ եւ հոծ բազմութիւն: Ներկաներուն մէջ մեծ թիւ կը կազմէին Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններէն եկած ՀՕՄ-ի ծնողազուրկ երեխաներու ծրագիրի սաներ, ինչպէս նաեւ ներկայիս Հայաստան գտնուող սուրիահայ երեխաներ:

Հանդիսութեան բացումը կատարելով հանդիսավարները բեմ հրաւիրեցին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Գէորգ եպս. Սարոյեանը, որ կարդաց վեհափառ հօր օրհնութեան գիրը: Ապա կարդացուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը: Ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը, որ շեշտեց, թէ «իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքում ՀՕՄ-ը եղել է այնտեղ, որտեղ հայն ունեցել է օգնութեան կարիք: ՀՕՄ-ը երբեւէ չի զբաղուել ինքնագովազդով (…): ՀՕՄ-ն իր նուիրական գործունէութեամբ փորձել է դժուարութեան պահին հասնել հային եւ օգնել նրան, հէնց դրանով էլ այս միութիւնը վայելում է մեր ժողովրդի յարգանքն ու սէրը»: Իր շնորհաւորագիրին մէջ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան վստահութիւն կ՛արտայայտէր, որ ՀՕՄ-ը «պիտի շարունակէ օժանդակել նոր սերունդի կրթական, առողջապահական եւ բարեգործական ծրագիրներու իրագործման, նիւթապէս ապահովել կարիքաւորները, սատարել շնորհալի ուսանողներուն եւ երեխաներուն»: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի անդամ Վահան Յովհաննիսեան շեշտեց, որ 1992-ին հաստատուած ՀՕՄ-ի ծնողազուրկ երեխաներու ծրագիրը յանդուգն ու ազգանուէր քայլ մըն էր, որ կը կատարուէր փորձառու կազմակերպութեան մը կողմէ` խիստ իմանալով, որ ապագան մութ է եւ պատերազմը կրնայ երկարիլ ու միութեան բեռը ծանրացնել: Ան ընդգծեց, որ ամէն դաշնակցական եւ ամէն հայ հպա՛րտ պէտք է զգայ, որ իր կողքին կանգնած է ՀՕՄ-ի նման բարեսիրական կազմակերպութիւն մը:

Յաջորդիւ, բեմի վրայ կողք-կողքի կանգնեցան Թաթուլ Կրպէեանի եւ Սիմոն Գասպարեանի դուստրերը, երկու զոհուած ազատամարտիկներու զաւակներ, առաջինը` Հայաստանէն, երկրորդը` Արցախէն: ՀՕՄ-ի «Ծնողազուրկ երեխաներու հովանաւորութեան» ծրագիրի երկու սաները իրենց երախտիքը արտայայտեցին ՀՕՄ-ի եւ սփիւռքահայ բոլոր բարերարներուն, որոնք իրենց կողքին կանգնեցան իրենց կեանքի դժուարին հանգրուաններուն: Ասպրամ Կրպէեանն ու Սիմոնա Գասպարեանը իրենց ելոյթներուն մէջ շեշտեցին, որ շատ լաւ կը հասկնան սուրիահայ պատանիներու եւ երիտասարդներու տառապանքը` մաղթելով, որ ինչպէս որ յաղթանակը խաղաղութիւն բերաւ Արցախին ու Հայաստանին, խաղաղութիւն տիրէ նաեւ Սուրիոյ մէջ եւ բնականոն կեանքի վերադառնան սուրիահայ իրենց տարեկիցները:
Յաջորդիւ բեմ բարձրացաւ Արցախի «Զոհուած ազատամարտիկներու հարազատներու միութեան» նախագահ Գալիա Արուստամեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ՀՕՄ-ին Արցախի դժուարագոյն օրերուն արցախահայութեան կողքին կանգնելուն համար, «Մայրական պատգամ» շքանշանով պատուեց ՀՕՄ-ը` մետալը յանձնելով Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեանին:

Վերջին ելոյթ ունեցողը եղաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, որ ամփոփ ձեւով ներկայացնելէ ետք ՀՕՄ-ի «Ծնողազուրկ երեխաներու խնամակալութեան» ծրագիրը, շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ միաւորներուն, որոնք անցնող քսան տարիներուն անխոնջ աշխատեցան այս ծրագիրի իրագործման համար, ինչպէս նաեւ ամէն մէկ հովանաւորի, առանց որոնց նիւթական ներդրումին այս ծրագիրը չէր կրնար հասնիլ իր այս տրամաբանական լրումին: Իր խօսքի ընթացքին Մարաշլեան ընդգծեց, որ միութիւնը արդէն անցած է «Ուսման ծրագիրի» թափով հետապնդումին` իբրեւ «Ծնողազուրկ երեխաներու հովանաւորութեան» ծրագիրի տրամաբանական շարունակութիւն:
Ելոյթներուն յաջորդեց համերգային ճոխ յայտագիր` հայրենի անուանի արուեստագէտներու հոյլի մը մասնակցութեամբ, որոնց մէջ յատկապէս ուշադրութիւն գրաւեցին մանկապատանեկան երգ ու պարի խումբերը: Գեղարուեստական բարձր ճաշակով համադրուած համերգը ընդգրկեց նաեւ ազգային ու հայրենասիրական երգեր, որոնց կատարումը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց սրահին մէջ:
ՀՕՄ-ի «Ծնողազուրկ երեխաներու խնամակալութեան» ծրագիրը սկիզբ առած է 1992 թուականին: 20 տարիներու ընթացքին 7428 երեխայ (1261 երկկողմանի ծնողազուրկ եւ 6152 զոհուած ազատամարտիկներու երեխաներ) 4900 անհատ հովանաւորներէ աջակցութիւն ստացած են: 20 տարիներու ընթացքին ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ միաւորներու ջանքերով, մինչեւ սեպտեմբեր 2012, այս ծրագիրով Հայաստան փոխանցուած է 5 միլիոն 346 հազար 510 ամերիկեան տոլարի գումար:


