Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւանդութեան Եւ Արդիականութեան Միջեւ. Դիպուած Մըն Էր @ Խորհրդանշանին Պատմութիւնը

October 1, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Թէեւ @-ի գործածութեան առաջին վկայութիւնը կու գայ 1536-էն, սակայն անիկա իր մութ անցեալէն արդի աշխարհ մուտք գործած է 1971-ին:

ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԳՐԱՄԵՔԵՆԱՅԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱԶՈՒԱԴԷՊՕՐԷՆ ԳՈՐԾԱԾՈՒԱԾ ԱՅՍ ՆՇԱՆԱԳԻՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԴԱՐՁԱՒ ԱՐԴԻ ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱՆԸ: «ՍՄԻԹՍՈՆԻԸՆ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ԿԸ ՊԵՂԷ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼ ՄԸ:

Իտալացիք զայն կը կոչեն «խխունջ», իսկ հոլանտացիք` «կապիկի պոչ»: Այժմ բոլորիս ծանօթ @-ը ելեկտրոնային հաղորդակցութեան հիմն է` շնորհիւ ե-նամակներու եւ Թուիթըրի հասցէներուն: Անիկա նոյնիսկ մաս կը կազմէ Նիւ Եորքի Արդի արուեստի թանգարանին (ՄօՄա) մնայուն հաւաքածոյին. թանգարանը  @-ի արդի գործածութիւնը կը նկարագրէ իբրեւ «օրինակը շքեղութեան, խնայողութեան, մտաւորական թափանցիկութեան եւ ապագայի հաւանական ուղղութիւններու, որոնք խարսխուած են մեր ժամանակներու արուեստներուն մէջ»:

Ստեղնաշարին ամէնէն շնորհալի խորհրդանշաններէն` @-ի ծագումը ինքնին խորհրդաւոր է: Տեսութիւն մը կ՛ըսէ, թէ միջնադարու կրօնաւորներ ձեռագիրներ ընդօրինակելու ժամանակ սղագրութիւններ փնտռելով` «թաուըրտ« (դէպի) բառին լատիներէն տարբերակը` «ad», վերածած են «a»-ի, իսկ «d»-ն կցած են իբրեւ «պոչ»: Թերեւս @-ը եկած է «էթ» (այնտեղ) բառին ֆրանսերէն տարբերակէն «ա`», եւ դպիրները արդիւնաւէտ աշխատանքի մը ձգտելով` գրիչի հարուածով մը շեշտը վերածած են ոլորուած պոչի: Թերեւս ալ այս խորհրդանշանը եղափոխուած է «իչ էթ» (իւրաքանչիւրը` այնտեղ) բառերուն մէկ յապաւումէն եւ «a»-ն ամփոփուած է ոլորուն «e»-ի մը մէջ: @-ի գործածութեան առաջին արձանագրութիւնը կու գայ 1536-էն. ֆլորանսցի առեւտրական Ֆրանչեսքօ Լափի նամակի մը մէջ զայն գործածած է իբրեւ քանակի խորհրդանշան` իր վաճառած ամֆորայէ գինիին, զոր կ՛արտածէր կաւէ մեծ կարասներով:

Աւելի ուշ այս խորհրդանշանը պատմական դեր մը ստանձնած է առեւտուրի մէջ: Առեւտրականներ երկար ժամանակ զայն գործածած են` նշելու համար որոշ քանակութեամբ ապրանքի մը գինը: Օրինակ` «12 հատ (@) մէկ տոլար». այսինքն` ընդհանուրին գինը` 12 տոլար է: Ասիկա ինքնին կ՛ապացուցէ խորհրդանշանին առանցքային կարեւորութիւնը: Այսուհանդերձ մեքենաներու դարաշրջանը այնքան ալ ազնիւ չէ վարուած անոր հետ: 1800-ական տարիներու կէսերուն շինուած առաջին գրամեքենաները զուրկ էին այս նշանագիրէն: Նոյնպէս` անիկա մաս չէր կազմեր քարտերու վրայ աղիւսակներ կամ ցանկեր պատրաստելու ծրագիրներուն (փանչ-քարտ թապիւլէյթինկ սիսթըմ), որոնք առաջին անգամ գործածուած են 1890-ին` Միացեալ Նահանգներու մէջ մարդահամարի տուեալներ հաւաքելու համար: Տեղեկութիւնները դասաւորելու ծառայող այս միջոցը նախակարապետն էր համակարգչային ծրագրումի:

Իբրեւ խորհրդանշան` @-ը արդի ժամանակներու իր թմբիրէն արթնցաւ 1971-ին, երբ համակարգչային գիտութիւններու մասնագէտ Ռէյ Թոմլինսըն կը դիմագրաւէր բարդ հարց մը. ինչպէ՞ս իրարու միջեւ կապի մէջ դնել անձեր, որոնք ծրագիրներ կը մշակեն համակարգիչներու համար: Այդ օրերուն իւրաքանչիւր ծրագրող հեռաձայնով մը եւ ստեղնաշարով մը կապուած էր կեդրոնական համակարգիչի մը: Սակայն համակարգիչները կապուած չէին իրարու: Միացեալ Նահանգներու պետութիւնը փորձեց յաղթահարել այս դժուարութիւնը եւ վարձեց «Պի. Պի. Էն. թեքնոլոճիզ» ընկերութիւնը, որուն մէջ կ՛աշխատէր Թոմլինսըն, որպէսզի անիկա ստեղծէր համացանցի նախակարապետը` Արփանեթը:

Թոմլինսընի դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրն էր նամակ մը Արփանեթի միջոցով տարբեր համակարգիչ գործածող անձի մը հասցէագրելը: Ան մտածեց, թէ հասցէն պէտք էր ընդգրկէր անձին անունը, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ անձերու կողմէ գործածուող նոյն համակարգիչին անունը: Իսկ այն խորհրդանշանը, որ իրարմէ պիտի բաժնէր հասցէին երկու բաղկացուցիչ մասերը, պէտք չէր մաս կազմէր համակարգչային ծրագիրներու մէջ արդէն գործածուող որեւէ տառատեսակի, որպէսզի համակարգիչները շփոթի չմատնուէին:

Հետեւաբար Թոմլինսընի ուշադրութիւնը գրաւեց @-ը, որ զետեղուած էր իր Մոտըլ 33 գրամեքենային «Փի.» տառին վերեւ: «Կը փնտռէի տառատեսակ մը, որ շատ չէր գործածուեր,- կ՛ըսէ ան:- Իսկ ընտրանքներ չունէի. թերեւս պիտի ընտրէի կէտը կամ միջակէտը, հաւասարի նշանը, սակայն գիտէի, թէ անիմաստ էր»: Թոմլինսըն ընտրած է @-ը, «հաւանաբար խնայելով «դահեկանի» խորհրդանշանը` համակարգիչներու ստեղնաշարին վրայ», ինչպէս կ՛ըսէ ան: Իր յղացած անուններու ձեւը գործածելով` ան ե-նամակ մը ուղարկած է իր հասցէին, որ Արփանեթի միջոցով իր ստեղնաշարէն  ճամբորդած է դէպի այլ ստեղնաշարի մը կապուած համակարգիչ մը` նոյն գրասենեակին մէջ:

Թոմլինսըն, որ տակաւին կ՛աշխատի «Պի. Պի. Էն.»-ի մէջ, չի յիշեր, թէ ի՛նչ գրած է իր առաջին ե- նամակին մէջ: Սակայն «միջոցը ինքնին պատգամն է», ինչպէս կ՛ըսէ համակարգչային հաղորդակցութեան փիլիսոփայ Մարշալ ՄքԼուհան: Եւ այս պատգամով է, որ հնադարեան  @ խորհրդանշանը, որ գրեթէ դատապարտուած էր մոռացութեան, դարձաւ խարիսխը մարդկային հաղորդակցութեան մէջ ծնունդ առած յեղափոխութեան մը:

 

 

Նախորդը

Աւանդութեան Եւ Արդիականութեան Միջեւ. Կուկըլ+ Գործածողներուն Թիւը 12 Ամսուան Մէջ Կ՛անցնի 400 Միլիոնը

Յաջորդը

Աւանդութեան Եւ Արդիականութեան Միջեւ. Մարդ Մը Իր Բնակարանը Հանրային Գրադարանի Կը Վերածէ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.