Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպի Կիւլպենկեան Վարժարանին Մօտ Երկու Պայթում Տեղի Ունեցած Է

September 28, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 26 սեպտեմբերին, Հալէպի Թելեֆոն Հաուայի թաղամասին մէջ գտնուող Ազգային Կիւլպենկեան վարժարանին մօտ երկու պայթում տեղի ունեցած է: Արձանագրուած է չորս զոհ, ներառեալ` Տէր Զօրի բնակիչ Վարդան Մութաֆեան, իսկ վիրաւորներուն թիւը աւելի քան տասն է:

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Եռագոյն» կայքէջին յայտնած է, որ «տեղի ունեցած պայթումներուն պատճառով զոհերը եւ վիրաւորները քրիստոնեաներ են, սակայն պէտք չէ մտածել, որ գործողութիւնը ուղղուած էր քրիստոնեաներուն դէմ, վիրաւորներուն շարքին է նաեւ հայուհի մը` Զարմիկ Նաճարեան, որ այժմ կը գտնուի բժիշկներու հսկողութեան տակ:

«Հալէպի մէջ այսօր (երէկ) պայթումներուն ձայները կը լսուին հեռուէն: Իրավիճակը աւելի խաղաղ է, սակայն անիկա անկանխատեսելի է», ըսած է ան` աւելցնելով, որ «ազգային դպրոցները գրեթէ կը գտնուին նախորդող օրերու ընդհարումներու շրջանին մէջ, այնպէս որ ապահովական պատճառներով Ազգային իշխանութիւնը դպրոցներուն վերաբացումը յետաձգած էր. միայն պրէօվէի (9-րդ) եւ պաքալորիայի (12-րդ) դասարաններու աշակերտներուն դասաւանդութիւնը սկսած էր այլ ապահով վայրերու մէջ: Յառաջիկայ օրերուն նկատուող բարելաւման հետ` կ՛ակնկալուի դպրոցական կեանքը եւս վերսկսիլ»:

Կայքէջի այն հարցումին, թէ առայժմ սուրիահայերուն համար յայտարարուած օգնութիւններէն տեղ հասա՞ծ են, Ազգային առաջնորդարանի բանբերը պատասխանած է. «Փոքր մաս մը հասած է, եւ ճամբայ ելած է եւս մէկ օգնութիւն»:

Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ երէկ առաւօտ իրավիճակը աւելի խաղաղ էր մայրաքաղաքին մէջ, իսկ երթեւեկը` բնական, համեմատած նախանցեալ օրուան բախումներուն հետ, որոնք սաստկացան սուրիական սպայակոյտի կեդրոնին շէնքին մօտ զինեալներու եւ սուրիական ապահովական ուժերու միջեւ` շէնքին պայթումէն ետք, եւ այդ պատճառով քաղաքը ենթարկուեցաւ ապահովական խիստ միջոցառումներու` մինչեւ ուշ գիշեր:

Իսկ երէկ կէսօրէ ետք կարգ մը շրջաններու մէջ լսուեցան կրակոցներ: Երեկոյեան բախումներ տեղի ունեցան Ժոպար շրջանին մէջ, ուր բանակի եւ ապահովական ուժերը տեղակայուեցան Ապպասիին հրապարակին վրայ` կանխելու համար որեւէ յարձակում:

Նախորդը

Հայ Դպրոցով Հայը Հայ Կը Մնայ

Յաջորդը

Ապահովութեան Խորհուրդը Արաբական Լիկային Կոչ Կ՛ուղղէ` Միջին Արեւելքի Մէջ Տագնապները Լուծելու Իր Ջանքերը Շարունակելու

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։