Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Եւ Հայ Սըլլոմի Մէջ Աուատ Իպրահիմ Պաշտօնական Եւ Ժողովրդային Դիմաւորումի Արժանացաւ

September 27, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներէն Աուատ Իպրահիմ, որ նախանցեալ օր ազատ արձակուած էր, երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին ժամանեց Լիբանան` ընկերակցութեամբ ներքին գործոց նախարարութեան եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ ճշդուած սպաներուն, որոնք երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ուղղուեցան Անգարա, ուրկէ ստանձնեցին Աուատ Իպրահիմը եւ ուղղուեցան Պոլիս` երեկոյեան Լիբանան հասնելու համար:

Պէյրութի միջազգային օդակայանը երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ լեցուեցաւ Աուատ Իպրահիմի ընտանիքով եւ հարազատներով, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններով, որոնք եկած էին դիմաւորելու զայն:

Պետական անձնաւորութիւններուն շարքին էին ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, երեսփոխաններ Ղազի Զաայթեր եւ Ալի Մըքտատ, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ:

Օդակայանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Իպրահիմ բոլոր լրատուամիջոցներուն շնորհակալութիւն յայտնեց առեւանգեալներու թղթածրարին անոնց անդրադարձին համար:

Ան մաղթեց, որ բոլոր առեւանգեալները ազատ արձակուին ամէնէն մօտիկ ապագային` յոյս յայտնելով, որ բոլոր լիբանանցիները միասնականանան:

Իր կարգին, Շարպել նշեց, որ իրենք կիսով ուրախ են Աուատ Իպրահիմի վերադարձով` շեշտելով, որ իրենց ուրախութիւնը պիտի ամբողջանայ բոլոր առեւանգուածներուն ազատ արձակումով եւ տունդարձով:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ Ապու Իպրահիմ առեւանգեալները ազատ արձակելու բանակցութիւնները պիտի կասեցնէ եւ թէ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը աւարտած է, Շարպել ըսաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ նախարարական յանձնախումբը մնայուն կապի մէջ են թրքական իշխանութիւններուն հետ, որոնք կը շարունակեն գործակցիլ Լիբանանի հետ, հակառակ իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Շարպել շնորհակալութիւն յայտնեց երեսփոխան Սաատ Հարիրիի, որ նաեւ կը ջանայ նպաստել այդ բանակցութիւններուն` հիմնական նպատակ ունենալով Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը:

Ան մաղթեց, որ լիբանանցի առեւանգեալներուն տունդարձը ըլլայ առիթ մը, որուն ընթացքին լիբանանեան քաղաքական բոլոր անձնաւորութիւնները միանան` վերակառուցելու Լիբանանը:

«Թուրքիա իր ջանքերէն շատ աւելին կը կատարէ, եւ կը մաղթենք, որ եթէ Ապու Իպրահիմ ազատ արձակէ առեւանգեալները, անոնցմէ ներում հայցէ, որովհետեւ անոնք ոչ մէկ յանցանք գործած են», եզրափակեց Շարպել:

Երեսփոխան Ղազի Զաայթեր իր կարգին յայտարարեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները ճիգ չեն խնայեր Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու գծով:

Անդրադառնալով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ սուրիացի ժողովուրդէն ներում հայցելու պահանջին` Զաայթեր շեշտեց, որ առեւանգեալները ոչ մէկ կապ ունին Ամալ շարժումի կամ Հըզպալլայի հետ: «Անոնց միակ յանցանքը այն էր, որ անոնք սրբատեղիները այցելած էին», ըսաւ ան:

Օդակայանէն ետք Աուատ Իպրահիմ փոխադրուեցաւ իր բնակարանը` Հայ Սըլլոմ, ուր ան ընդունուեցաւ ժողովուրդի հոծ բազմութեան կողմէ, տօնական մթնոլորտի մէջ:

Ան Ապու Իպրահիմէն` Սուրիոյ մէջ լիբանանցիներուն առեւանգումին պատասխանատուէն խնդրեց, որ խղճայ մնացեալ ինը լիբանանցիներուն եւ զանոնք ալ ազատ արձակէ:

Ան դիտել տուաւ, որ Իսլամ հոգեւորականներու խորհուրդը եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ամէնէն աւելի նպաստած են իր ազատ արձակման: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ նախարար Շարպելի, զօր. Իպրահիմի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութենէն խնդրեց ամէն ջանք ի գործ դնել` ազատ արձակելու համար նաեւ մնացեալ առեւանգեալները:

Նշենք, որ Աուատ Իպրահիմ բարի գալուստի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիէն:

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման. «Շրջանին Մէջ Ժողովրդավարական Վարչակարգի Տարածումը Առիթ Մըն Է Ամրապնդելու Լիբանանի Ժողովրդավարութիւնը»

Յաջորդը

«Մեքենայութիւնները Պիտի Չօգնեն Ազրպէյճանին` Խուսափելու Պատասխանատուութենէն» «Արմենփրես»-Ին Կ՛ըսէ Շաւարշ Քոչարեան

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։