
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ սուրիական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Սուրիա ոչ մէկ կապ ունի Լիբանանի ապահովական կայունութեան դէմ ուղղուած սպառնալիքներուն հետ:
Ան նշեց, որ Սուրիոյ դէմ գործադրուող բռնութեան ծրագիրին անելի հասնելու իրականութիւնը մղած է Քաթարի իշխանը նեղութիւն զգալու` աւելցնելով, որ անոր կատարած յայտարարութիւնները յուսախաբեցնող են եւ ոչ թէ հզօրութիւն ներշնչող:
Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Մուրապիթուն շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտանը, որ խստիւ դատապարտեց զօր. Աունի դէմ մահափորձը` աւելցնելով, որ զինք սպաննել փափաքողներուն նպատակն է շարունակել ձախողութեան ժամանակաշրջանը, լիբանանցի ժողովուրդն ու անոր միասնականութիւնը թիրախ դարձնել:
Զօր. Աուն ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Մելակրոս Էռնանտոն: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման բնոյթ: Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դատական աղբիւրներէ, նշեց, որ զօր. Աունի շքախումբին դէմ արձակուած փամփուշտները «Քալաշնիքով» կամ «Սիմոնով» տիպի գնդացիրներէ արձակուած են: Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ փամփուշտները արձակուած են շէյխ Ահմետ Ասիրի կատարած նստացոյցին շրջակայքէն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար զօր. Միշել Աունի սպանութենէն կրնան օգտուիլ միայն Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը:
Իր կարգին, համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ զօր. Աունի դէմ գործուած մահափորձը լուրջ արարք է եւ իրենք այդ մասին ոչինչ յայտնած են, մինչեւ զօր. Աունի Պաթրուն հասնիլը:


