Լիթուանական «տելֆի.իթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Լիթուանիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ տարածած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ մտահոգութիւն յայտնած են Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու որոշումին վերաբերեալ:
Ըստ երեսփոխաններուն, Սաֆարովի ներումը «կրնայ պատճառ դառնալ այսպիսի այլ յանցագործութիւններու, կը հակասէ միջազգային իրաւունքի արժեչափերուն եւ կրնայ տապալել Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հաստատուած զինադադարը»:
Յայտարարութիւնը ստորագրած են Ազատականներու շարժումի ներկայացուցիչները, պահպանողականներ Քիասթութիս Մասլիուլիս եւ Փիաթրաս Լուոմանիս, Աշխատաւորական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Տանկութէ Միքութենէ:
