Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Հականեխում` Անկախացած Հայաստանի Մէջ

September 21, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

Քսան դար առաջ յոյն մեծանուն փիլիսոփայ Սոկրատը շուկայ կ՛իջնէ ու տեսնելով գերառատութեամբ յորդող պէսպիսուն ապրանքներ` կ՛ըսէ. «Որքա՜ն շատ բան կայ հոս, որ ինծի պէտք չէ»:

Մի՞թէ այն քիչ բաները, որ անհրաժեշտ են մեր կեանքը կենսաւորելու համար, կրնան բազմապատկուիլ` մարդոց սահմանափակ խելահասութիւնը ամոքիչ գեղեցկութեամբ զարդարելու համար:

Այս տարուան մայիսի Հայաստանի ընտրութիւններուն ընկերային տիրող տժգոյն պայմաններու բերումով կաշառակերութիւն ստացած, բայց շուտով զգաստացած քաղաքացի մը ընտրատուփին մէջ նետուած իր քուէաթուղթին վրայ գրած էր. «Սրիկանե՛ր, դուք սա չէք մարսի»:

Շոգիով կերակուր պատրաստող կաթսայ մը` կարծես, որ կը սպասէ կափարիչի պայթիւնին: Գիտէ՞ք` անբարոյ կաշառակերութիւնը այս իշխանութիւններուն ուժը կորսնցնելու ահաբեկող սպառնալիքը պիտի ըլլայ: Յիշեցէք, երկիր մը, երբեք չփրկուեցաւ «գերհայրենասիրական» ընտրութիւններէ: Ոչ ալ` «ապահայրենասիրական» կաշառքէ, քանզի կաշառակերութիւնը հնարամտօրէն բնակութիւն հաստատած է Հայաստանի մէջ. քիչ վերջ հայկական քաղաքացիութիւն ալ պիտի ստանայ: Առանց երդումի հարկադրող ձեւակերպութեան:

Ինչ որ լոյս աչքով չենք տեսներ, չի նշանակեր, որ անկերպարանք է, որ չկայ: Ոմանց կուտակուած լռութիւնը այլոց խօսիլ կուտայ: Հայերու հաւաքական ենթագիտակցութիւնը տուեալ մըն է, որ միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է հայու նկարագրային գիտակցութեան մէջ:

Հայաստանի իշխանութիւնները կը հասկնա՞ն, թէ ինչ կ՛անցնի կը դառնայ հայրենիքի մէջ: Իշխանութիւնները թափանցիկ բովանդակութիւն կը տրամադրե՞ն, նպատակ ունի՞ն քննական դատումով վերաբնորոշելու մեր արժէքները` հայ կեանքը մագնիսացնելու կոչուած շառաչուն նոր բեւեռներով, թէ՞ կը գոյատեւեն անցողակի արուեստականութիւն պարտադրող խաբկանքներով: Այլապէս, այսպէս կը խորանայ վիհը իրարու միջեւ, երբ իշխանութիւնները կը խօսին իրենց լեզուով, իսկ ժողովուրդը` իր լեզուով: Իրա՜ւ, ժողովուրդի լեզուն ո՞րն է: Հարցումիս պատասխան չեմ տար: Հարցը բաց կը պահեմ թերաստուերներով: Ֆրանսացի նախագահներէն Ժորժ Փոմփիտու կ՛ըսէր. «Ազգային դրամագլուխ է այն քաղաքագէտը, որ իր անձը կը դնէ ազգի ծառայութեան եւ ոչ թէ ազգը` իր սեփական ծառայութեան»:

Իրօք, բոլոր ժամանակներու մէջ տեսլականներ որոնելու հարկադրանքին տակ պիտի գտնուինք:

Հայրենիքը պառակտողները ամէնէն շատ կը խօսին միասնականութեան շեշտադրումով: Բայց միասնականութիւնը ինքնանպատակ չէ: Խօսք ու տեսակէտ ունենալու իրաւունք է: Անոնք,  որոնք կը պառակտեն հայրենիքը, գիտե՞ն, թէ ի՛նչ տեսակ անկախութիւն կ՛ուզեն Հայաստանին համար: Անկախութիւնը երեւան հանեց հայ կեանքի չերեւցող ու կեղեքուած պակասները: Ես ի՛նչ ընեմ այն անկախութիւնը երբ մէկը «Մերսետես» կը վարէ, բայց քովինին մարդկային պարզ բարեւ մը չի տար: Անոնք իրենց աշխարհին մէջ, միւսները` իրենց խեղճութեան մէջ: Դէմ դիմաց: Ընդմի՜շտ ու համեմուածօրէն մեծարուած…

Հայաստանի ժողովուրդը, որ ապրեցաւ խորհրդային բռնատիրութեան դաժան ժամանակներ, հիմա դժուարութիւն ունի յարմարելու իրեն հրամցուած կանխագուշակ անկախութեան: Ժողովուրդը անկախութիւնը ուրիշ բան կարծեց, հիմա խաբուածի պէս կը տեսնէ, որ ուրիշ բան է: Կարեւորը անկախութիւնն է բոլորի եւ ոչ թէ քիչերու, առանձնաշնորհեալներու համար:

Իշխանական բռնատիրութիւն կ՛ըլլա՞յ …անկախութեան անունով: Հայրենիքը վիրաւորելու ձեւերը շատ են: Կ՛ըլլայ. անշո՛ւշտ որ կ՛ըլլայ:

Բռնատիրութիւնը կը պառակտէ, քանի կը ծնի նոյնինքն քաղաքական քմահաճ ու անհաշտ կամապաշտութենէ: Այսօր Հայաստանի մէջ կրնա՞ս ամբողջ հայութեան հանդիպիլ: Հայաստանի հայը եւ սփիւռքի հայը իրենց ինքնութիւնը կը բաժնե՞ն Հայաստանի համար: Վստահ եմ, որ եթէ այդպիսի առիթ մը տրուէր, երկու կողմերն ալ պիտի չմերժէին: Բայց ո՜ւր է…

Հայաստանը կ՛ուզէ ապրիլ, բայց երկիրը, իշխանութիւնները չեն ձգեր: Երկիրը մահերգագ դագաղի ձեւաւորում կը ստանայ. նախ կը մեռնի մարմինը, ապա կը մեռնի հոգին, վերջն ալ` իր աշխարհագրութիւնն ու պատմութիւնը:

Բայց Հայաստանի ճակատագիրը իր հողին մէջ է. իր հողին վրայ է: Հայուն համար ամէն ինչ կը դառնայ իր պատմութեան շուրջ: Բայց ես դեռ համոզուած չեմ, թէ քանի՛ տեսակ վերապրեցնող ու արարչագործ բաներ կրնան ընդգրկուիլ հայրենիքի գաղափարի ամբողջական տարազին մէջ: Հայաստանի օրերը առիթ կու տա՞ն նոր, չմտածուած մտատիպարներու, հին, բայց փորձուած տեսլականներու: Կ՛անդրադառնա՞նք, թէ անկախութիւնն ալ կը փոխուի, ժողովրդավարութիւնն ալ: Անկախութիւնը մարդոցմէ որեւէ բան չի գողնար կու տա՛յ: Ընդհակառակը, մենք կը գողնանք, մենք իրմէ կը յափշտակենք, կը յօշոտենք: Անկախութիւնը սքանչելի գրաւչութիւն մը ունի, չքանդեց միայն ժամանակակից Պերլինի պատերը. քանդեց մեր ներքին պատերն ալ. մեր պատերուն կշռոյթն ու բռնապետութիւնը: Պատմութեան վրէժխնդրութիւնն է այս:

Հայաստան ներկայիս, մանաւանդ ապագային, նորատեսիլ իր ո՞ր խորհրդանիշներով պիտի յիշատակուի հայերու մօտ, մարդկութեան մէջ: Ժողովուրդէն բխած պատմութիւնը ազգին կը պատկանի, ազգն ալ` աշխարհին: Այս մակարդակներէն հրաժարիլ ուզող չկայ: Շղթայակապ անցեալին վերադառնալու համար:

Այս է հայը. այս է հայութիւնը: Խոնարհութիւն, թէ` խոնարհում:

Կ՛ըսենք` յոյսը վերջինը կը մեռնի: Չենք ըսեր` երբեմն վախն ալ. ու դեռ շատ բաներ, որ դարձեալ ու դարձեալ չենք ըսեր, թերեւս, որովհետեւ վախը գերշահաբեր ձեռնարկութեան վերածուած է, ինչպէս նորօրեայ վախը` առանց բանակի ու զէնքի, առանց զրահի ու պատմուճանի:

Անկախութեան դրամատուն կա՞յ: Ի՞նչ է անունը այն ձեռքին, որ կը գրէ ու կը դաստիարակէ մտածումը` իր անձնական մարդակերտ օրինակով իսկ: Ի՞նչ է անունը այն լեզուին, որ բուրվառով շողոքորթութիւն կը խնկարկէ` կծկտուր կենսագրութիւն մը պարտադրել ուզելով:

Անկախութիւնը վախ կ՛արտադրէ: Եթէ պիտի վախնանք անկախութենէն, հապա ատոր պակասը ո՞վ պիտի գոցէ: Դիմակազուրկ անկախութիւն կ՛ըլլա՞յ: Ներմուծուած անկախութենէն շահաբաժին կ՛առնուի՞:

Հայաստանի քաղաքական էջը փակուած է: Քսան տարիէ ի վեր նոյն բանը կը կրկնենք` առանց անդրադառնալու, թէ տարուէ տարի պարապ շապիկ մը բանի չի ծառայեր: Աշխարհի լաւագոյն քաղաքագէտները Հայաստանի մէջ չեն: Ռեմպօ քաղաքագէտներու մասին արտայայտուելով կ՛ըսէր. «Դուք պատճառն էք մե՛ր դժբախտութեան. նաեւ`  ձե՛ր դժբախտութեան»:

Ժամանակին կ՛ըսէին` քաղաքագէտները ապաքաղաքականացած են. հիմա կ՛ըսեն` նա՛եւ ապագաղափարականացած են: Արդ, մեզմէ ի՞նչ կ՛ուզուի, որ սուտին մեղսակի՞ց դառնանք, մեծարե՞նք զայն:

Քսան տարի առաջ մեր թշնամիները, հակառակորդները տեսանելի էին, հասցէ ունէին, անուն-մականուն ունէին: Հիմա տեսանելի չեն, կամ երբեմն, գրեթէ տեսանելի են. իրենց գաղտագողի հասցէն յստակ չ՛երեւիր, յստակ ալ չի կարդացուիր:

«Բանակցութիւն» բառը միայն հակաընկերային բնոյթ չունի, քաղաքականօրէն ծայր աստիճան վտանգաւոր ու ծածուկ բառ մըն է, որմէ չենք կրնար դիւրութեամբ ձերբազատիլ, մեր կաշիին կպած է անբուժելի մորթային հիւանդութեան մը պէս: Ոչնչապաշտութեան գաղափարի անորոշութիւնն ալ օգտակար չէ: Ալ ո՛ւր մնաց` բանակցային ոչնչապաշտութիւնը: Ժամանակները կարծես դժուար կը շալկեն իրենց դժգոհութիւնները:

Հայաստանը աշխարհի խնդրայարոյց մէկ մանրանկարն է: Հոս եւս ունայնամիտ կախարդներով լեցուեցանք: Խոստումները, մանաւանդ անիրականալիները, ոեւէ մէկու մենաշնորհը չեն, թէկուզ հայը շատ չի սիրեր ճշմարտութիւններ լսել: Ժամանակն է, որ մէկը միւսին կռթնի. չի կրնար ոմանք թաց մնան, ոմանք` չոր: Ոմանք խուժող, ոմանք` խուճապահար: Անկախութիւն չցանկանք միայն Հայաստանի համար, այլ`  համազգային, այլ` համամարդկային արժէքներու ծառայելու համար:

Աշխարհի ո՛չ մէկ բռնատէր քեզ չի կրնար ստրկացնել, եթէ մէջդ ամուր է ու բացարձակ անկախութեան շարժառիթին` հիմնաքարը:

* * *

Վերջին քսանամեակին Հայաստանէն շատ մարդ գնաց` ընկերային ու գաղափարական բեւեռացում ստեղծելով: Բեւեռացած միջավայրի մէջ մշակոյթ ու քաղաքականութիւն չի զարգանար: Բայց մենք կը սիրենք պնդել, որ հայրենի անկախութեան հարցը գացող ու մնացող սերունդներու հարցն է: Կը սիրենք մանաւանդ պնդել, որ հայրենի նոր սերունդը պէտք է ստանձնէ գացողներուն դերերն ալ: Անկախութիւնը հսկայ հայրենասիրութիւն բերաւ, այլապէս ինչի՞ կը ծառայէ շլմորած սերունդներու միջեւ զանազանութիւն փնտռելը:

Սխալները լաւ նպատակով չեն ըլլար: Երբեմն գէշ նպատակով ալ չեն ըլլար: Սփիւռքի նախարարութիւնը լաւ ձեւով չ՛օգտագործեր սփիւռքահայերու մասնագիտական կորսուած ու կորսուող ուղեղները, այլ զբաղած է կարգ մը կարծրամիտ դեսպաններու կողմէ նպատակային ու նպատակաուղղուած պարգեւատրումներու համար իրենց առաջարկուած կամ թելադրուած անուանացանկեր յառաջացնելով: Գաղափարները մարմնէն չեն բխիր, մտքէն կը բխին: Այս է մեր քաղաքակրթութեան ցուցանիշը եւ այդ ցուցանիշին ապագայ հորիզոնը: Մարդիկ եւ գաղափարներ կը հանդիպին, կամ չեն հանդիպիր այսօրուան Հայաստանի մէջ:

Կրնայ հարց ծագիլ, թէ երիտասարդները ի՞նչ դեր կրնան վերցնել քաղաքականօրէն պառակտուած ընկերութեան մը քաղաքականութեան մէջ: Պառակտուողը շատ անգամ կը մեռնի ու կը թաղուի: Մեր ժամանակներուն կը մեռնի անթաղ: Բայց լաւ կ՛ըլլայ, որ յստակացնենք. երբ քաղաքականութիւն կ՛ըսենք, կուսակցական կամ կուսակցածին քաղաքականութեան մասին չենք խօսիր: Աշխարհի բոլոր իշխանութիւնները երիտասարդները կ՛ատեն, քանի անոնք բոլոր պայքարներու առաջին գիծին վրայ կը գտնուին: Բայց «ազատախոհօրէն» կը սորվեցնենք երիտասարդներուն, թէ ինչպէս պէտք է շարժին ապագային իրենցմէ ակնկալուած պատասխանատուութիւնը (չ)ստանձնելու համար: Կը թուի, թէ հարցերը ուղիղ չենք դատեր, որպէսզի հայրաբարբառօրէն փոխանցենք մեր փորձառութիւնները: Մենք կը պատսպարուինք մեր աշխարհին մէջ, իրենք` իրենց աշխարհին մէջ: Աշխարհները ինչպէ՞ս կը միանան իրարու, երբ պատսպարուած կամ անպատսպար են:

Ամէն ժամանակ ունի իր տղաքը: Ամէն ժամանակի տղաքը ապրած են ու կ՛ապրին իրենց ժամանակի յեղափոխութիւնը: Հայու կեանքը միշտ կապուած է յեղափոխութիւններու հետ: Հայկական դպրոցներու մէջ սա կամ նա ձեւով յեղափոխութիւն կը դասաւանդուի՞: Դասարաններու մէջ յեղափոխականներու լուսանկարներ կը զետեղուի՞ն, թէ՞ յեղափոխականներն ալ լոզունգ դարձած են եւ լոզունգային հռետորութեամբ կ՛օգտագործուին անոնցմէ, որոնք կ՛օգտագործեն, եւ անոնցմէ, որ կամապաշտօրէն օգտագործուիլ կ՛ուզեն: Հայդուկային լեռնապատերազմի վերադառնալու մարտակոչ չէ, որ կ՛ընեմ: Քաղաքական փուճ մարտակոչերը այնքան շատ են արդէն, որ երկար ժամանակէ ի վեր ուրիշ բանի կարիք չեն թոյլատրեր:

Այսպէս կ՛ըլլայ, երբ հայրենիքը կը գողնայ ազատութեան ու անկախութեան յօրինող մտածումները, արժէքներու սնոտիապաշտ ու անարժէքներու տագնապահար մեր ժամանակներու մէջ: Հայաստանի իշխանութիւնները նոր հերոսապատումներ ստեղծելով մտահոգուած չեն: Կը բաւականան լսելով, հիանալով, ծափահարելով, երբեմն ալ` ծափահարել ձեւացնելով:

Պատերազմները քաղաքականութեան շարունակութիւնն են. քաղաքականութիւնն ալ` պատերազմներու. նայած փոխանակութեան ու փոխադարձութեան կանոններու արագաշարժութեան:

Յունական երգի մը բառերը կ՛ըսեն. «Ո՛վ որ պատերազմի կ՛երթայ մեռնելու համար, պատերազմի ատակ չէ»:

* * *

Հայաստանի վերջին ընտրութիւնները մեծ ծանուցումի մը, հանճարամիտ գովազդի մը պէս եղան. իմ ալ նպատակս այդ ծանուցումէն աւելի բան մը գրել չէ: Բայց ժողովուրդը չկրցաւ իր շալակին բեռցուած կուրամիտ պահպանողականութիւնը թօթուել: Ըսածս կարելի է քիչ մը յաւակնոտ կատակաբանութիւն կ՛երեւի, բայց շատ լուրջ է ազգային փիլիսոփայութեան եւ քաղաքական-գաղափարական տեսակէտէ: Մեր կացութեան հաշուեկշիռը կատարած չենք: Ալ ո՛ւր մնաց` հաշուետուութիւնը: Այլամերժութիւն ու այլակերպութիւն տեղ մը չեն հանդիպիր իրարու` իրենց հանգստաւէտութիւնը չխանգարելու համար: Չես կրնար ամէն ինչ ունենալ` առանց բան մը ունենալու: Չես կրնար ամէն ինչին տոկալ` առանց տոկալու ենթահող ունենալու: Ժողովուրդին կարելի չէ քաւութեան նոխազի մնայուն դեր վերապահել: Մեր գաղափարական զինանոցը ի սպառ պարպուած է: Կը դիմանա՞նք գաղափարախօսական ժողովրդավարութեան. դիմանալէ վերջ կը ցուցադրե՞նք գործնական իրապաշտութեամբ, թէ՞ զինաթափ եղած ենք` ուրիշներն ալ զինաթափ ընելով:

Ո՞րն է ժողովրդավարութեան իմաստը այսօրուան Հայաստանի մէջ: Ո՞րը պիտի ըլլայ վաղուան Հայաստանի մէջ:

Նորընտիր կառավարութիւնը կրնայ վստահեցնել, թէ «դատապարտուած է» յաջողելու: Ինչ որ կը յայտարարուէր ընտրութիւններէն առաջ եւ ինչ որ կը կիրարկուի ընտրութիւններէն ետք, կապ չունի ժողովուրդի շահերուն հետ: Կապ ունի կարծես սեփական անկուշտ շահերու հետ: Հիմա կը տեսնենք, թէ կապ չունի տրամաբանութեան հետ ալ, մինչ տրամաբանութիւնը մնացած է հասարակ ժողովուրդի միակ գործիքն ու ապաւէնը, եւ բարոյական պարտքը` ազգայնօրէն չդաւաճանելու ու չդաւաճանուելու: Կրկնակ յանձնառութիւն, որ չի յարգուիր, որովհետեւ չդաւաճանելու խոստմնադրուժութիւնը, թերագնահատուած արժէքներու խորտուբորտ ճանապարհներու վրայ իր հեւասպառ շունչը կը սպառէ:

Ի՛նչ է, ազգային միջնադա՞ր կը տիրէ, հանգստաւէտ բազկաթոռի միապաղաղ տրամադրութի՞ւն ու տրամաբանութի՞ւն: Իշխանատենչ հանգոյցներու թապուները իբրեւ կեղծապատիր առաքինութիւն ցուցադրելու միտո՞ւմ:

Անցեալը որքան լաւ պահուած է: Արժէքներու անցեալի պահպանման համար օր մը օրանց գործադուլ-հացադուլ մը չեղաւ գործադուլներով ողողուած այս աշխարհին մէջ:

Յառաջադէմ երկիրներուն մէջ ընտրութիւնները անուն ունին: Մեր մօտ ընտրութիւնները անուն չունին. ալ ո՜ւր մնաց ազգանուն ունենային: Հաւասարութիւնը կը նուաճենք միայն գէշ բաներու համար: Անոր օգուտներն ալ պահպանելով` աղմուկ յառաջացնող մենաշնորհեալներուն:

Ի՞նչ օգուտ սպասել մենաշնորհեալներէն, երբ միտքն ու հոգին կը ներշնչուին ստամոքսէն:

Մեր քաղաքագէտները նշանաւո՞ր են, թէ՞ աննշան մարդիկ, որ կը խաղան մեր փոքրիկ հայրենիքին հետ: Իւրաքանչիւրը հայրենասէր է իր պատճառով, բայց այդ հայրենասիրութեան ընդհանրացած բաղդատական որակը կը քննարկենք ուխտադրուժ անապահովութեան մը ուժասպառ միջավայրին մէջ: Կը նմանի պատմութեան մը, որ զուգահեռ պատմութեան մը մէջէն կը ծնի, բայց պատմութիւնը չ՛արգասաւորուիր:

Բիւզանդիոնի մէջ, պատերազմի մը պարտութենէն ետք, զօրքը առաջնորդող կայսրը ցմահ կը մեկուսացուէր վանքի մը մէջ, կամ կը կուրցնէին անոր աչքերը, որպէսզի դարձեալ երկիրը չկարենայ կառավարել…

* * *

Հայրենասիրութիւնը (չ)փոխուեցաւ ելեկտրոնային արհեստագիտութեան մեր ժամանակներուն: Հայաստան կոչուած է ենթակայ մնալու այն քաղաքականութիւններուն, որ ինք անոր հովանաւորեալ ենթակայութիւնը ձեւաւորեց ու պարտադրեց` զուգակշիռ ու զուգակշռող հորիզոնականութեամբ:

Ժամանակին կ՛երգէինք` «Մեր հայրենիք, թշուառ անտէր»:

Անկախութենէն  ետք կ՛երգենք` «Մեր հայրենիք, քաջ անվեհեր»:

Հայաստանի քայլերգը որեւէ ուժ պիտի չկրնայ ջնջել: Հայաստանի եռագոյնը, զինանշանը որեւէ ուժ պիտի չկրնայ քանդել:

Երէկ եւ այսօր ազգային այս մղձաւանջներով կ՛ապրինք, որովհետեւ ե՛ւ քայլերգ կայ, ե՛ւ եռագոյն կայ, ե՛ւ զինանշան կայ, ժամանակի ու ժամանակներու անհաշտ յամառութեան մէջ:

Կը ճանչնամ պարզ մարդ մը, որ պիտի չուզէր մեռնիլ առանց իր դագաղին վրայ եռագոյն դրօշին եւ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգեցողութեան: Հաւատացեալի «հաւատամք»-ին պէս բան մը: Այսքան պարզօրէն: Եթէ պարզ մարդու այս երազը շատ մեծ գին ունի` առանց սնամէջ փառասիրութիւն համարուելու: Գաղտնի խորհուրդները յայտնի խորհուրդներէն աւելի գեղեցիկ են: Գաղտնին աղուոր գրաւչութիւն մը ունի, որ կը հոտոտաս, բայց չես տեսներ, որ կը համտեսես, բայց չես կշտանար, որ տարօրինակ տարերք մը ունի, որ վերջալոյս կը յիշեցնէ` առանց մեռնելու եւ առանց մեռցնելու:

Պիտի դիմանանք իրական հայրենասիրութեան, նոյնիսկ եթէ քաղաքագէտներ գտնուին որ մեր ազգային ոգերգին բառերը լրիւ չեն գիտեր: Տեսէք, հայրենասիրութիւնը միավանկ բառ չէ: Վեց վանկերէ կը կազմուի, եւ մենք վեց ենք, վեց հազար ենք, վեց միլիոնէ աւելի ենք: Կենսաւէտ կերպարով հայեր. մօտ թէ հեռու ապրող. նոյնիսկ հեռաւոր ու հեռացած:

Մեր ճանապարհը երկար է,. ճանապարհին հաւաստիքը` կարճ: Ոեւէ մէկը չի կրնար փակել հեռապատկերներու այդ ճանապարհը: Ոեւէ մէկը չի կրնար արգիլել անոր հաւաստիքը:

Քաղաքական հականեխում պէտք է հայ կեանքի քաղաքականութեան  ու քաղաքագէտներուն մօտ: Այդ հականեխումը նոյնինքն անկախութիւնը պէտք է բերէ, բիւրեղացող ինքնապահպանման ձեւափոխող բնազդով, թէկուզ` գոց բերնով չարտայայտուող իմաստախոհութեամբ:

Առանց գին վճարելու բախում չկայ. աշխարհիս որեւէ տեղ չկայ: Ատոր համար ալ պատմութիւնը հոս չի վերջանար, նոյնիսկ երբ չի վերսկսիր:

Եւրոպայի մէջ comics-ներու փառատօն մը 2012-ի ամրան կը կրէր ընդհանուր խորագիր մը. «Միայն սատկած ձուկերը չեն կրնար թիավարել հոսանքն ի վեր»:

Խաբկանքներու մշակման ու հնձման ժամանակներու մէջ կ՛ապրինք: Խաբկանքները տեսլական չունին: Չխոնարհինք գունաւոր թէ անգոյն բռնութեան առջեւ, բաւ է, որ տուն վերադառնանք եւ հայկական օճախի ծխնելոյզէն աւանդական ծուխ դուրս գայ:

Այնքան ատեն որ հայեր կան: Քանի այսօր Հայաստանները երկուք են, երեք են, չորս են, բայց Հայաստանը նահապետականօրէն միայն մէկ է: Երբեմն ուշ, երբեմն ալ` շատ ուշացած:

Փակենք լաւատեսութեամբ: Շատ բան եղած է: Կրնանք աւելին ընել:

 

Աթէնք

Նախորդը

Հունգարիոյ Հայերը Կառավարութեան Դէմ Սաֆարովի Գործով Դատական Հայց Պիտի Ներկայացնեն

Յաջորդը

Տեսակէտ. Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնումին Առիթով. Որպէսզի Հայ Պետականութեան Առագաստը Տատանումի Հակամէտ Չըլլայ (21 Սեպտեմբեր 1991)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.