Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Դեսպանատուներու Ապահովական Միջոցառումները Կ՛ամրապնդուին. «Հեպտօ Շարլի» Մոհամետ Մարգարէի Ծաղրանկարներ Հրապարակեց

September 20, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսական «Հեպտօ Շարլի» երգիծական ամսագիրը վաճառքի մրցանիշ հաստատեց, որովհետեւ իր նոր թիւին մէջ հրապարակած է Մոհամետ մարգարէի ծաղրանկարներ, որոնցմէ ամսագիրին կողքին վրայ ներկայացուած է ծայրայեղ ուղղափառ հրեայ մը, որ  հաշմանդամի յատուկ կառքի վրայ փաթթոցաւոր կերպար մը կը հրէ եւ երկուքը մէկ կ՛ըսեն. «Պէտք չէ ծաղրես»: Ծաղրանկարները տեղադրուած են ամսագիրի կողքին եւ վերջին էջին վրայ եւ նուիրուած են իսլամական աշխարհի զայրոյթը յառաջացուցած ամերիկեան «Իսլամներու անմեղութիւնը» ժապաւէնին:

Ըստ ամսագիրի խմբագիր Սթեֆան Շարպոնիյէի, այդ ծաղրանկարները պիտի վիրաւորեն զգացումները անոնց, որոնք կ՛ուզեն վիրաւորուած զգալ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ «մտահոգ» է: Ան հրամայեց աշխարհի տարածքին գործող ֆրանսական դեսպանատուներուն ապահովական միջոցառումները ամրապնդելու: Ուրբաթ օր աշխարհի տարածքին շուրջ քսան երկիրներու մէջ ֆրանսական դեսպանատուները, հիւպատոսարանները, մշակութային կեդրոններն ու դպրոցները առ ի զգուշութիւն փակ պիտի մնան:

«Շարլի Հեպտօ» հաստատեց, որ իր կայքէջը յարձակումի ենթարկուած է: Խռովարարներու դէմ պայքարող ոստիկանութենէն ուժեր Փարիզի մէջ ամսագիրին գրասենեակին առջեւ տեղակայուեցան:

Արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջին վրայ զետեղուած հաղորդագրութեան մը մէջ Ֆրանսայի վարչապետ Ժան-Մարք Այրօ յայտարարեց, որ «խօսքի ազատութիւնը (Ֆրանսայի) գլխաւոր սկզբունքներէն է», ինչպէս նաեւ աշխարհիկութիւնն ու կրօնական համոզումներու յարգանքը: «Ահա թէ ինչու, ներկայ պարունակին մէջ, վարչապետը կ՛ուզէ որեւէ չափազանցութեան իր մերժումը յայտնել», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Ֆրանսայի իսլամ ղեկավարները հանդարտութեան կոչ ուղղեցին: Փարիզի մեծ մզկիթի իմամ Տալիլ Պուպաքըր ըսաւ, որ ծաղրանկարներու հրապարակումը «ամօթալի, ատելի, անօգուտ եւ անմիտ գրգռութիւն է»: Նշենք, որ իսլամական կրօնը կ՛արգիլէ Մոհամետ մարգարէի դիմանկարներ ներկայացնելը:

Մինչ այդ, Ֆրանսայի վարչապետը արգիլեց շաբաթ օր «Իսլամներու անմեղութիւնը» ամերիկեան ժապաւէնին դէմ նախատեսուած նոր ցոյց մը: Անցեալ շաբաթ Փարիզի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան առջեւ առանց արտօնագիրի նմանօրինակ ցոյցի մը ընթացքին 152 ցուցարարներ ձերբակալուած էին եւ վեց ոստիկաններ վիրաւորուած:

 

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Օգնի՛ր Եղբօրդ

Յաջորդը

Ժալիլի. «Սուրիական Տագնապի Լուծման Համար Դրական Քննարկումներ Տեղի Կ՛Ունենան». Ասատ. «Ներկայ Ճակատամարտի Թիրախը Ամբողջ Դիմադրութիւնն Է Եւ Ոչ Թէ Միայն Սուրիան»

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Միջազգային

Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Նախաձեռնութեամբ Իրականացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ապահովէ Ազրպէյճանի Մայրցամաքային Մասի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անխոչընդոտ Կապը»

November 25, 2026
Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։