Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Բացում` Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Տարեկան Սիւնհոդոսին

September 20, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու տարեկան սիւնհոդոսին բացումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 18 սեպտեմբեր 2012-ին, պատրիարքական աթոռին` Զմմառու Փոխման Կուսին վանքին մէջ, նախագահութեամբ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին կաթողիկէ հայոց եւ մասնակցութեամբ բոլոր սիւնհոդոսական հայրերուն: Նիստերը կը տեւեն մինչեւ 27 սեպտեմբեր:

Ժողովին յայտագիրը կ՛ընդգրկէ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին յուզող հարցերը, ըլլայ հովուական թէ ընկերային ու դաստիարակչական մարզերուն մէջ` նկատի ունենալով յատկապէս Միջին Արեւելքի տագնապալից իրադարձութիւնները, որոնք ճակատագրական անկիւնադարձի մը առջեւ կը դնեն շրջանի ժողովուրդները, ներառեալ` հայ համայնքին զաւակները:

Պիտի տրուի պատրիարքական յանձնախումբերու կատարած աշխատանքին ներկայացումը, որ կ՛ընդգրկէ կոչումները, հաղորդամիջոցները` մամուլ պատկերասփիւռ, համացանց եւ այլն- կանոնական վերատեսումները, քրիստոնէական վարդապետութեան դասագիրքերը, 20-րդ դարու հայ նահատակներու երանացման դատին հետապնդումը, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի աշխարհաբար թարգմանութեան վերջնական վերատեսումն ու տպագրութիւնը:

Պիտի ուսումնասիրուին «Նոր աւետարանացում»-ի վերաբերեալ նախապատրաստական աշխատանքները` մեր ժողովուրդին մէջ հաւատքի արծարծումին ի խնդիր, մասնաւորաբար մեր երիտասարդութեան մօտ` պատրաստուելով նաեւ դիմաւորելու «Հաւատքի տարի»-ն, որ պիտի հռչակուի ի մօտոյ սրբազան քահանայապետին կողմէ:

Սիւնհոդոսական հայրերը կարեւորութեամբ կ՛անդրադառնան Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին Լիբանան կատարած պատմական այցելութեան տարողութեան եւ անդրադարձներուն` քրիստոնեայ ժողովուրդին ներկայ ու ապագայ գոյավիճակին նկատմամբ, նկատելով զայն նոր յոյսի աղբիւր եւ քաջալերանք` կառչած մնալու այս հողին, որ տիպար մը եղած է ու կը մնայ բազմակրօն ներդաշնակ համակեցութեան, ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ ամբողջ Միջին Արեւելքի համար:

Հայրերը իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին սրբազան քահանայապետին` իր պատմական այցելութեան համար մեր պատրիարքական աթոռին` Զմմառու Տիրամօր վանքին եւ այդ առիթով բացումը կատարած ըլլալուն համար Յակոբ Մեղապարտին նուիրուած յուշարձանին` հայ առաջին տպագիր գիրքին հրատարակութեան 500-ամեակին առիթով:

Վերջապէս հայրերը, համադրաբար հայ թէ տեղական համայնքներուն ու կազմակերպութիւններուն, պիտի ուսումնասիրեն ատակ միջոցները իրենց բարոյական ու նիւթական կարելիութիւններով սատար հանդիսանալու սուրիահայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք իրենց տուները լքելով Լիբանան ու շրջանի երկիրները ապաստանած են:

ԴԻՒԱՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ
ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻՆ

19 սեպտեմբեր, 2012
Զմմառ

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարան. Ապագայ Հայ Ղեկավարութեան Պատրաստութեան Հիմնադրամի Հիմնում

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցին Կը Մասնակցի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան Ժողովին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։