Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Հայաստան Կը Բողոքէ ՖԻՖԱ-ին Պուլկարացի Տղեկը Կը Խոստովանի, Որ Դիտումնաւոր Կերպով Գնդակը Դանդաղօրէն Տուած Էր Ղազարեանին

September 17, 2012
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ իրենց հրապարակած լուրերով Armsport.am, «Ա1+» եւ «Ռոյթըրզ» լրատուական կայքէջերը եւ գործակալութիւնները լայնօրէն անդրադարձան նախորդ երեքշաբթի, 11 սեպտեմբերին տեղի ունեցած Պուլկարիա – Հայաստան մրցումին, որ կ՛իյնայ 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:

Նախ եւ առաջ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ՖԻՖԱ-ին գանգատ ներկայացուց «տկար իրաւարարութեան» համար` ըսելով, որ իրաւարարը ունեցաւ իր թերի կէտերը եւ լաւապէս չկրցաւ կատարել իր պաշտօնը:

Նշուեցաւ նաեւ այն կէտը, որ հիւրընկալ խումբը կատարեց կարգ մը անտեղի յայտարարութիւններ` Հայաստանի հասցէին:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ չտրուեցան այս ուղղութեամբ, այլ բոլոր կէտերը յիշատակուեցան ՖԻՖԱ-ին ուղղուած նամակին մէջ:

Եթէ պատահի, որ ՖԻՖԱ-ն այդ նամակին բովանդակութիւնը իմանալէ ետք, զայն որակէ ցեղապաշտական, Պուլկարիա կրնայ կախակայուիլ եւ իր դաշտին վրայ կատարելիք կարգ մը մրցումները օտար դաշտերու վրայ կատարել:

Ինչ կը վերաբերի միջնապահ Գէորգ Ղազարեանի 77-րդ վայրկեանին ստացած կարմիր քարտին, ան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջէն ՖԻՖԱ-էն եւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնէն ներում հայցեց պատահածին համար:

Մինչ ան կ՛ուղղուէր դէպի աութ գացած գնդակը առնելու, հոն գտնուող տղեկներէն մէկը գնդակը շատ դանդաղութեամբ վերադարձուց 24 տարեկան Ղազարեանի, որ մաս կը կազմէ Մեթալուրկ Տոնեցքի (Ուքրանիա):

Նոյն այդ պահուն` նկատի ունենալով, որ այլ գնդակ մըն ալ տրուեցաւ Ղազարեանի, ան զայրացած գնդակներէն մէկը նետեց այդ տղեկին վրայ:

Այդ տղեկը, որուն անունն է Պոժիտալ Աթանասով, ուրիշ մէկը չէ, քան Լեւսքիի անուանի ֆութպոլիստ Զաւտար Աթանասի զաւակը:

Պոժիտալ ըսաւ. «Քիչ մը դանդաղութեամբ գնդակը տուի, որովհետեւ կը փորձէի ժամանակ շահիլ, այնպէս ինչպէս կ՛ընէ ընդհանրապէս յաղթական խումբ մը: Ան զայրացած ըլլալով, գնդակը նետեց իմ ուղղութեամբս, սակայն ոչ այդքան ուժեղ: Ապա, մօտս եկաւ չորրորդ պատասխանատուն եւ ըսաւ, որ դուրս գամ դաշտէն: Ինծի ոեւէ մէկը չէ սորվեցուցած ֆէյր-փլէյի օրէնքներուն մասին, կամ թէ որքա՛ն ետք պէտք է վերադարձնեմ գնդակը»:

 

 

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Արձանագրեց Իր Չորրորդ Յաջորդական Յաղթանակը. Ռէալ Մատրիտ Դարձեալ Պարտուեցաւ. Մանչեսթըր Եունայթըտ Եւ Արսենալ Կոլերու Մեծ Տարբերութեամբ` Յաղթական

Յաջորդը

«Ակնյայտ Է, Որ Հայաստանը Պիտի Չմեկնի Ճատրակի Ողիմպիականին, Եւ Այդ Մէկը Սարսափելի Հարց Է» Ըսաւ Իլիա Լեւիթով

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.