Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Օպամայի Ընտրական Քարոզարշաւին Համար Մտահոգիչ Զարգացումներ

September 15, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող «Իսլամներու անմեղութիւնը» ամերիկեան վատորակ շարժանկարէն արաբերէն թարգմանութեամբ պատառիկներու «ԵուԹիուպ»-ի վրայ զետեղման ոչ պատահական քայլէն ետք, Լիպիոյ Պենկազի քաղաքին մէջ ամերիկեան հիւպատոսարանն ու Գահիրէի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը յարձակումի ենթարկուեցան: Պենկազիի մէջ հիւպատոսարան այցելող Միացեալ Նահանգներու դեսպանն ու երկու օգնականներ զոհուեցան, հիւպատոսարանը հրկիզուեցաւ, իսկ Գահիրէի մէջ դեսպանատան շրջափակին մէջ գտնուող եւ 11 սեպտեմբեր 2001-ի Քայիտայի շղթայազերծած ահաբեկչական յարձակումներուն զոհերու յիշատակին ոգեկոչման առիթով կիսով վար առնուած ամերիկեան դրօշը վար առնուեցաւ, պատռտուեցաւ եւ անոր տեղ բարձրացուեցաւ նոյնինքն Քայիտայի դրօշը:

Դէպքը մեծ հարուած մը հասցուց Օպամայի ընտրական քարոզարշաւին, մանաւանդ որ տեղի կ՛ունենար 11 սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչական յարձակումներու զոհերուն ոգեկոչման օրը: Այդ խորհրդանշական օրը ամերիկեան դրօշին վար առնուելով անոր տեղ Քայիտայի դրօշին ծածանման եւ հիւպատոսարանին դէմ յարձակումին նկարները, ինչպէս նաեւ ամերիկացի պաշտօնատարներու սպանութիւնը ամերիկեան հանրութեան մօտ բնականաբար բուռն հակազդեցութիւն կը յառաջացնեն: Իրողութիւն մը, որմէ կը փորձէ լաւագոյնս օգտուիլ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան հանրապետական թեկնածու Միթ Ռոմնի: Արդարեւ, նախապէս Քուրանը հրկիզելով հակաամերիկեան փոթորիկ ստեղծած պատուելի Թերի Ճոնզի հակաիսլամական նոր արարքը նպաստաւոր է մորմոն Ռոմնիին: Ան իշխանութեան վրայ չգտնուելուն պատճառով պատժական յարմար քայլերու դիմել-չդիմելու ընտրանքի հարկադրանքին ու գլխացաւին առջեւ չի գտնուիր, այլ` «ֆեսը ծռած» կրնայ հաւասարապէս քննադատել Օպամայի ըրածն ու չըրածը:

11 սեպտեմբեր 2012-ի յարձակումները կրնան շուտով իրենց արձագանգը գտնել Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան շուրջ կատարուելիք յառաջիկայ հարցախոյզերուն մէջ: Օպամայի ընտրական մեքենային կողմէ ստեղծուած կացութենէն դուրս գալու հնարք մը չգտնուելուն պարագային, գործող նախագահը կրնայ միայն կացութիւնը ի նպաստ իրեն շրջող կամ հաւասարակշռող եւ հրաշքի համազօր անորոշ զարգացումի մը յուսալ. անբաղձալի կացութիւն մը, որուն վտանգին գիտակցելով` Օպամա եւ Հիլըրի Քլինթըն, յայտարարեցին, որ Պենկազիի յարձակումը անպատիժ պիտի չմնայ: Աւելի՛ն, «Թոմահոք» տիպի հրթիռներով զինուած ամերիկեան մարտանաւեր ուղղուեցան դէպի լիպիական ջուրեր, հարկ ըլլալու պարագային հարուածելու համար Պենկազիի հիւպատոսարանին դէմ յարձակումին ետին կանգնող ժիհատական խմբաւորումները:

Ամերիկեան վարչակազմը չի կրնար ձեռնածալ մնալ, որովհետեւ այդ մէկը տկարութեան նշան պիտի նկատուի եւ ամերիկեան դեսպանատուներու ու շահերու դէմ յաւելեալ յարձակումներ քաջալերէ: Լիպիայէն եւ Եգիպտոսէն ետք, ցուցարարներ հինգշաբթի օր նաեւ Եմէնի մէջ ամերիկեան դեսպանատուն ներխուժեցին եւ ամերիկեան դրօշը վար առնելով անոր տեղ իսլամութեան դրօշը բարձրացուցին: Ստեղծուած ընտրական, թէ հակաամերիկեան յարձակումներու ոլորապտոյտի մթնոլորտին լոյսին տակ, Օպամա կը գտնուի 6 նոյեմբերէն առաջ գործնական քայլի մը դիմելու հարկադրանքին տակ: Կը մնայ տեսնել, թէ Օպամայի որդեգրելիք քայլը ի՛նչ արդիւնք պիտի տայ, իսկ այդ արդիւնքը ամերիկեան հասարակութեան կողմէ ինչպէ՛ս պիտի ընկալուի:

 

 

Նախորդը

Աղօթք` Պենետիկտոս Ժզ. Սրբազան Քահանայապետի Ժամանումին Ընդառաջ

Յաջորդը

«Ասատի Վարչակարգին Անխուսափելի Աւարտը Կը Մօտենայ» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.