Անգլիացի միջազգային նախկին յառաջապահ Մայքըլ Օուըն, որ վերջերս միացաւ Սթոք Սիթիի, իր նոր ակումբին հետ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ այս շաբաթավերջին, երբ անոր կազմը «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն գծով ճակատի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի դէմ:
Օուըն, որ շրջան մը, երբ մաս կը կազմէր Անգլիոյ ազգային խումբին եւ միշտ մտահոգութիւն կը պատճառէր մրցակից կազմին պաշտպանողական գիծին, այս տարեշրջանին պէտք է լաւ ներկայացումներ ունենայ, որպէսզի կարենայ դարձեալ միջազգային ասպարէզ վերադառնալ:
Շատ հաւանական է, որ Սիթի այդքան ալ մեծ կարեւորութիւն չտայ Սթոքի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որովհետեւ յառաջիկայ երեքշաբթի օր կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Ռէալ Մատրիտի դէմ («Չեմփիընզ լիկ»):


