Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի Կայքէջի Արաբերէն Բաժինը Երեք Տարեկան Է

September 14, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայութեան վերաբերող իրադարձութիւններուն, Հայաստանին ու Հայ դատին առնչուող զարգացումներուն եւ հայ գրականութեան, մշակոյթին, արուեստին մասին արաբ հանրային կարծիքը իրազեկ դարձնելու նպատակով 2009-ի սեպտեմբերին սկսաւ գործել «Ազդակ»-ի կայքէջի արաբերէն բաժինը: Անիկա շուտով գրաւեց արաբական շրջանակներու եւ Միջին Արեւելքի մէջ թէ անկէ դուրս ապրող արաբախօս հայ ընթերցողներուն հետաքրքրութիւնը` ցոլացնելով հայկական իրականութեան իսկական պատկերը: Կայքէջին խմբագիրն է տոքթ. Նորա Արիսեան:

Առաջին տարուան ընթացքին կայքէջը նիւթեր կը տեղադրէր ամսական դրութեամբ` զանոնք նաեւ ուղարկելով ելեկտրոնային մեծ թիւով հասցէներուն, որոնց մէջ կան արաբ լրագրողներ, մտաւորականներ, գրողներ եւ հայ ու օտար ընթերցողներ:

2010-ին «Ազդակ»-ի արաբերէնով գործող կայքէջը սկսաւ իր նիւթերը տեղադրել եւ թարմացնել շաբաթական դրութեամբ, իսկ ներկայիս` ամէնօրեայ:

 

 

 

 

Կայքէջը նիւթերու արագ թարմացման եւ առատութեան իմաստով արձանագրած բարեփոխման զուգահեռ, նաեւ ենթարկուեցաւ ձեւաւորման բարելաւման, արդիականացման:

Կայքէջին հիմնական բաժիններն են` խմբագրական, լուրեր, «Հայկական դաշտ», «Կիզակէտ», «Արաբ բարեկամները կը գրեն», «Հայ դէմքեր», յօդուածներ, թարգմանութիւններ, հարցազրոյցներ, գրական բաժին: Կը հրապարակուին հիմնականօրէն խմբագրութեան կողմէ պատրաստուած նիւթեր` հայկական կեանքին վերաբերող յօդուածներ, տեսակէտներ, արաբական մամուլին մէջ եղած հրապարակումներ` հայկական նիւթերով, ինչպէս նաեւ թարգմանաբար կը ներկայացուին «Ազդակ»-ի հայերէն բաժինի խմբագրականները եւ կարգ մը նիւթեր, որոնք կը հետաքրքրեն արաբ ընթերցողը:

Կայքէջը արագօրէն անդրադարձած է հայկական իրականութեան համար կարեւոր իրադարձութիւններու, ինչպէս` Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններ, Հայաստանի նախագահին Սուրիա այցելութիւնը, Լիբանանի նախագահին Հայաստան այցելութիւնը, ՀՅԴ-ի յայտարարութիւնները, Հայոց ցեղասպանութիւնը քրէականացնող Ֆրանսայի խորհրդարանի որոշումը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելութիւնը արաբական երկիրներ, կաթողիկոսարանին կազմակերպած խորհրդաժողովը, արաբական աշխարհին հետ հայկական պետական, եկեղեցական եւ միութենական մակարդակի կապերը, Արցախի նախագահական ընտրութիւնները, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ` տարածաշրջանային իրադարձութիւնները, որոնք առնչուած են հայկական կեանքին:

«Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջը կը միտի հայութեան, Հայաստանի, Հայ դատի Արցախի եւ այլ հայկական նիւթերու մասին եղած ապատեղեկատուութեան դիմաց իրականութիւնները հասանելի դարձնել արաբ ընթերցողին: Այդ նպատակով է, որ հոն տեղ կը գտնեն Հայոց ցեղասպանութեան, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին, հայութեան դէմ կատարուած այլ սպանդներու մասին նիւթեր, վկայութիւններ եւ լուսանկարներ:

Կայքէջին յաւելեալ կշիռ կու տայ այն, որ անոր կ՛աշխատակցին հայ թէ օտար մտաւորականներ եւ ակադեմականներ, լրագրողներ: Յատկանշական է մանաւանդ հայութեան եւ մեր Դատին մասին օտարներուն գրութիւններուն եւ վկայութիւններուն տեղադրումը:

«Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջը նաեւ իր պարտականութիւնը նկատեց հակազդել արաբական մամուլին մէջ տեղ գտած հակահայ լրատուական ալիքին` համապատասխան փաստեր բովանդակող եւ բացատրութիւններ տուող նամակներ ուղարկելով առ որ անկ է, որպէսզի խեղաթիւրուած կամ միակողմանի տեղեկութիւնները ճշդուին:

Պէտք է նշել, որ խմբագրութիւնը շնորհակալական նամակներ կը ստանայ արաբ անձնաւորութիւններէ եւ կազմակերպութիւններէ, որոնք կ՛ողջունեն տարուած աշխատանքն ու անոր կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնեն:

Օգոստոս 2012-ին կայքէջի արաբերէն բաժին այցելողներուն թիւը հասած է 115,600-ի:

Բացի կայքէջէն, ստեղծուած է նաեւ Դիմատետրի էջ մը, ուր եւս կը տեղադրուին արաբերէնով նիւթեր, ինչպէս նաեւ այդ ցանցը առիթ կը ստեղծէ քննարկումի եւ միտքերու փոխանակումի:

Երեք տարիէ ի վեր գործող եւ զարգացող այս կայքէջը մնայուն կերպով կը միտի արաբ ընթերցողին տրամադրել այն բոլոր նիւթերը, որոնք հայութեան կը վերաբերին եւ զայն կը հետաքրքրեն, բայց այլ աղբիւրէ գտնելու դժուարութիւն կը դիմագրաւէ: Ճիշդ եւ իրական լուրը արաբ հանրային կարծիքին տրամադրելի դարձնելու միտումով կը գործէ կայքէջը` փորձելով համացանցային հսկայական աշխարհին մէջ հայութեան ձայնն ու խօսքը լսելի դարձնել:

Նախորդը

Սուրիոյ Ու Հայութեան Ողբերգական Վիճակին Դէմ Յանդիման. «Ինչքան Էլ Որ Դժուար Լինի, Դիմացէք…»

Յաջորդը

Օուըն Սթոքի Հետ Իր Առաջին Մրցումը Պիտի Կատարէ Ախոյեան Սիթիի Դէմ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.