Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճատրակ. Ախոյեանները Պատասխանեցին Լրագրողներուն Հարցումներուն

September 13, 2012
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 12 սեպտեմբերին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Պոլսոյ մէջ ճատրակի ողիմպիականի ախոյեան հանդիսացած Հայաստանի տղոց հաւաքականի անդամները պատասխանեցին լրագրողներուն հարցումներուն:

Նշենք, որ մամլոյ ասուլիսը կը վարէր Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Գագիկ Յովհաննիսեան:

Ախոյեաններ Լեւոն Արոնեանէն, Սերկէյ Մովսիսեանէն, Վլատիմիր Յակոբեանէն, Գաբրիէլ Սարգսեանէն եւ Տիգրան Պետրոսեանէն բացի ներկայ էր նաեւ անոնց մարզիչը` Արշակ Պետրոսեան:

Յովհաննիսեան շեշտեց այն կէտը, որ Հայաստանի տղոց հաւաքականին արձանագրած փայլուն յաղթանակը պէտք չէ մոռացութեան մատնէ այն հանգամանքը, որ Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը գրաւեց 6-րդ դիրքը, որովհետեւ ցարդ աղջկանց կազմին արձանագրած արդիւնքը կը նկատուի ամէնէն բարձրը: Հետեւաբար, ան եզրափակեց ըսելով, որ ողիմպիականը երկու խումբերուն համար ալ շատ յաջող էր:

Պետրոսեան ըսաւ, որ հակառակ Չինաստանէն կրած պարտութեան, Հայաստան երբեք չյուսահատեցաւ, այլ շարունակեց իր ունեցած պայքարի ոգին:

Ինչ կը վերաբերի իրենց կատարած ներկայացումներուն, հայրենի բոլոր վարպետներն ալ ըսին, որ տուին իրենց առաւելագոյնը:

Անոնք բոլորն ալ իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին միայն այն կարեւոր կէտէն, որ թրքական մամուլը միշտ ալ ուշացումով կը գրէր հայ վարպետներուն արձանագրած յաղթանակներուն մասին եւ իր պաշտօնական կայքէջերուն վրայ մէկ օր ուշացումով կը զետեղէր նկարները, մանաւանդ Հայաստանի ախոյեան հանդիսացած օրը լուսանկարները զետեղուած էին մէկ օր ուշ:

Երէկուան այս մամլոյ ասուլիսին քիչ մը տխուր լուրը եղաւ այն, որ Վլատիմիր Յակոբեան յայտարարեց ըսելով, որ այսուհետեւ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ ողիմպիական խաղերուն, որովհետեւ կ՛ուզէ անոնցմէ հեռանալ անյաղթելի` իբրեւ գործող ախոյեան: Ան սակայն պիտի շարունակէ իր արհեստավարժ ասպարէզը:

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հայաստան Պիտի Ունենայ Իր Երկրորդ Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը

Յաջորդը

Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Ճափոն

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.