Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

September 12, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

 

 

 

Ուրախութեամբ կը հաղորդենք, որ շաբաթ, 15 սեպտեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը պատմական այցելութիւն մը պիտի կատարէ Զմմառու Աստուածամօր վերափոխման վանք` հիւրընկալութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ հայր Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանի:

Սրբազան քահանայապետը Զմմառու վանք պիտի ժամանէ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին: Ներկայութեամբ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ, Պշարա Ռայի մարոնի պատրիարքին, պապին ընկերակցող պատուիրակութեան անդամներուն, հայ կաթողիկէ նուիրապետական եւ կղերական դասի ներկայացուցիչներուն եւ հաւատացեալներուն, սրբազան քահանայապետը պիտի օրհնէ հայ տպագրութեան առաջին մատեանին` «Ուրբաթագիրք»-ին տպագրիչ հրատարակիչ Յակոբ Մեղապարտի նորակերտ արձանը, որ կառուցուեցաւ հայկական տպագրութեան երախայրիքին 500-ամեայ յոբելեանին առիթով: «Յակոբ Մեղապարտ» անդրիին քանդակագործն է լիբանանահայ Րաֆֆի Ետալեան, իսկ մեկենասներն են ամերիկահայ Լուի եւ Ուիլիըմ Աբիկեան եղբայրները:

Արարողութեան աւարտին, սրբազան քահանայապետը, ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը եւ Միջին Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքները, ինչպէս նաեւ պապին ընկերակցող պատուիրակութիւնը, Լիբանանի Կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու խորհուրդի անդամները, վանաբնակ վարդապետները եւ նորընծաները հիւրը պիտի ըլլան միաբանութեան վարչութեան սարքած ագապին, որ տեղի պիտի ունենայ «Ս. Միքայէլ» ընծայարանի ճաշասրահին մէջ: Անոր ընթացքին, ողջոյնի խօսքը պիտի ուղղէ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը: Հանդիպումը պիտի փակուի սրբազան քահանայապետին պատգամով եւ օրհնութեամբ:

Ապա, Պենետիկտոս ԺԶ.  պիտի ուղղուի Լիբանանի մէջ պապական նուիրակի նստավայրը` Հարիսա, պատրաստուելու համար Պքերքէի մէջ նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունենալիք երիտասարդական հանդիպումին:

Լիայոյս ենք, որ սրբազան քահանայապետին Զմմառու վանք օրհնաբեր այցելութիւնը պիտի հանդիսանայ կարեւոր հանգրուան մը մայրիներու երկիր կատարելիք իր այցելութեան` սիրոյ, խաղաղութեան եւ եկեղեցիներու ու համայնքներու համերաշխ գոյակցութեան իր պատգամներով առաւել զօրացնելու համար բոլորիս կառչածութիւնը Լիբանանին եւ անոր առաքելութեան:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ԴԻՒԱՆ
ԶՄՄԱՌՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԻՒԱՆ

11 սեպտեմբեր , 2012
Զմմառ

Նախորդը

Պենետիկտոս Ժզ. Սրբազան Քահանայապետին Լիբանան Այցելութեան Պաշտօնական Յայտագիրը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Սարայեւօ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.