Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ ՄԱՐՈՆԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՔԱՌԱԿՈՂՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

April 20, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սիրալիր մթնոլորտ` հանդիպումին ընթացքին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց մարոնի ղեկավարներու քառակողմ հանդիպումի մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ:

Սրտերու լուացումի այս հանդիպումը, որուն նախաձեռնած էր Ռայի պատրիարքը, եղաւ պատմական ու կարեւոր հանդիպում, որուն ընթացքին Ֆրենժիէ եւ Ժահժահ առաջին անգամ ըլլալով իրարու ձեռք թօթուեցին: Այդ մասին Ֆրենժիէ յայտնեց, որ «ձեռնուելու քայլը սովորական էր եւ մենք նոյնիսկ խօսքեր փոխանակեցինք»:

Աւագ շաբթուան ընթացքին կատարուած այս հանդիպումը նպատակ ունէր նաեւ յայտարարել միջքրիստոնէական միասնականութեան ծնունդը` նկատի ունենալով քրիստոնեայ համայնքին մտավախութիւնները:

Պատմական ձեռքսեղմում` Ֆրենժիէի եւ Ժահժահի միջեւ

Հանդիպումին աւարտին Պքերքէէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ մարոնի ղեկավարներուն միջեւ կայացած հանդիպումը առաւելագոյն չափով դրական էր, ազգային եւ եղբայրական: «Հանդիպումը համակուեցաւ մտերմութեան, անկեղծութեան եւ պատասխանատուութեան մթնոլորտով, ընդգծուեցաւ ազգային միասնականութիւնը եւ անոր սկզբունքները յարգելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով նաեւ, որ անհրաժեշտ է պաշտպանել Լիբանանի գերագոյն շահերը», ընդգծուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Նաեւ նշուեցաւ, որ  այդ հանդիպումը պիտի կրկնուի եւ անոր պիտի յաջորդեն այլ ծրագիրներ:

Նշենք, որ մարոնի ղեկավարներուն հանդիպումը Պքերքէի մէջ սկսաւ  առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ տեւեց շուրջ 5:30 ժամ:

Առաւօտեան հանդիպումը սկսաւ պատարագով, որմէ ետք հայր Եուհաննա Խաուանտ մենակեաց վարդապետը մատուցեց հոգեւոր խոկումի յատուկ աղօթք մը:

Աղօթքի եւ պատարագի մթնոլորտէն ետք տեղի ունեցաւ քաղաքական հարցերու քննարկում, ինչպէս` լիբանանեան քաղաքացիութեան ստացում, ընտրական նոր օրէնքի մշակում, արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան իրաւունք, վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան գործադրութիւն, փտածութեան եւ մսխումի վերաբերող հարցեր, պաղեստինցիներու բնակեցման մերժում, պետական պաշտօնեաներուն առումով քրիստոնեայ համայնքի ներկայութիւն, ինչպէս նաեւ քաղաքական որոշ սուր հարցեր, ինչպէս` Միջազգային դատական ատեանը, Դիմադրութեան ապազինումը եւ Լիբանան – Սուրիա երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան բոլոր այս հարցերը, առանց սակայն խոր քննարկում կատարելու անոնց շուրջ:

Քննարկումներուն ներկայ գտնուեցան նաեւ մարոնի առաջնորդներ Ռոլան Ապու Ժաուտէ, Սամիր Մազլում, Պուլոս Մաթար եւ Եուսեֆ Պշարա եպիսկոպոսները:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՓԱՅԵԹԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ 7 ԷՍԹՈՆԻԱՑԻՆԵՐՈՒ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ

Յաջորդը

Օդերեւոյթ ( 20 ապրիլ 2011 )

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։