Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՏ ԴԱՆԴԱՂ Կ՛ԸՆԹԱՆԱՅ, ՏԱԿԱՒԻՆ ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՉԷ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ ԵՒ ՄԵՆՔ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՕՐԻՆԱԳԻԾԵՐԸ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵԼ» ՇԵՇՏԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ

April 20, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումին ընթացիկ նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ նկատի ունենալով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած դանդաղութիւնը եւ ոչ մէկ յառաջդիմութեան արձանագրումը, իրենք կը շարունակեն վերատեսութեան ենթարկել որոշ օրինագիծեր, զորս խորհրդարան առաքած են:

Զօր. Աուն յայտնեց նաեւ, որ իրենք պահանջած են խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերէն արագացնել այդ օրինագիծերուն քննարկումը, յատկապէս ուժանիւթի եւ փոխադրութեան հարցերու յանձնախումբին պարագային:

«Այս ծիրին մէջ, մենք սկսած ենք շօշափել, որ բնական կազի փոխադրութեան ծրագիրին գործադրութիւնը կասեցնողը հանրօգուտ շինութեանց հարցերու երեսփոխանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանին է, որ չեմ գիտեր յօգուտ որո՛ւն շահերուն կը գործէ, յատկապէս երբ կ՛ըսէ, թէ կազով բանող ինքնաշարժները վտանգաւոր են, մինչդեռ այդ ինքնաշարժները կ՛օգտագործուին նաեւ Եւրոպայի մէջ եւ անոնց ներկայացուցած վտանգը շատ աւելի քիչ է: Յստակ է, որ կայ յետին նպատակ մը, սակայն անհրաժեշտ է ստուգել, թէ անիկա որո՛ւն շահերուն կը ծառայէ, վառելանի՞ւթ, թէ՞ ինքնաշարժ ներածողներուն»:

Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին իրաւասութիւնները ճշդուած են սահմանադրութեամբ, եւ աւելցուց, որ ոչ ոք այդ իրաւասութիւններուն դէմ ոտնձգութիւններ կը կատարէ: «Վարչապետը շատ յստակ գիտէ, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող հիմնական արգելքը ինչ է, իսկ ես համոզուած եմ, որ ներքին գործոց նախարարութեան հարցը ինծի չի վերաբերիր», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն կոչ ուղղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին հրաւիրելու օրէնսդրական նիստ մը` քննարկելու  համար վերոյիշեալ օրինագիծերն ու ելեկտրականութեան տագնապին թղթածրարը` նկատի ունենալով, որ կը գտնուինք ամրան սեմին:

Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած մարոնի ղեկավարներու հանդիպումին ակնարկելով` զօր. Աուն յայտնեց, որ այդ հանդիպումը եղած է դրական. ան աւելցուց, որ իրարու ձեռք թօթուելը կրնայ որեւէ ատեն պատահիլ, սակայն պէտք է գիտնալ, որ տարակարծութիւնները հիմնականին մէջ քաղաքական կեցուածքներու առումով են: Ան ընդգծեց, որ Պքերքէի հանդիպումը տակաւին կարելի չէ կոչել ձիւնհալի հանդիպում, «սակայն սկսած է զրոյց մը, որ կրնայ վերածուիլ երկխօսութեան եւ հանգստացնել լիբանանցիները», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

ՊԸՐՐԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆԻ ԱՆՈՒՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԽՈՒՐԱՖԻՆ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՓԱՅԵԹԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ 7 ԷՍԹՈՆԻԱՑԻՆԵՐՈՒ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։