Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան Չէ Մեռած»

September 8, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿՐԵԿՈՒԱՐ ԳԱԼՈՒՍՏ

Յիշատակովդ, այս գիշեր, կը զգամ այնչա՛փ հարուստ,
Այնչա՛փ բարի, երջանիկ… որ գթութեամբ մը անհուն`
Կը մտածեմ զայն բաժնել երկրի բոլոր խեղճերուն:

Վարդան եպս. Աշգարեան չէ մեռած, որովհետեւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին չէր ապրած իր անձին, իր շահերուն եւ իր անհատական նպատակներուն համար:

Չէ մեռած, այլ կ՛ապրի իւրաքանչիւր հայ աշակերտի ու ծնողի հոգիին մէջ, կ՛ապրի իր կատարած նուիրական, օգտաշատ, ազգային եւ հոգեւոր գործերով:

Կ՛ապրի, քանի որ ուրիշներու կենսունակութեան եւ զարգացման միայն օգտակար դարձած էր:

Կ՛ապրի, քանի որ կեանքը  յատկացուցած էր հայ մանուկին եւ մասնաւորապէս կարիքաւոր աշակերտին: Հ. Վարդան տարբեր առիթներով իր ստացած անձնական նուէրները ետ դարձուցած է` խնդրելով, որ փոխարէնը նուէրներ առնուին հայ աշակերտներուն եւ օգտակար նպատակներու ծառայեն:

Այո՛, հայ աշակերտը իր իսկ անձէն աւելի կարեւոր էր, աւելի առաջնահերթ էր, էական էր:

Վահան Թէքէեանի մէջբերեալ տողերը ամբողջովին յարիր են անոր նկարագրին ու գործունէութեան.

«Հաշուեյարդար, ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց…
Ինչ որ գնաց ուրիշին` վերադարձաւ անուշցած
Ու զօրացած` հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան»:

Այո՛, հայ դպրոցին կենսունակութիւն ու եռանդ պարգեւող հովիւն էր, տէրն էր ու ծառան, առաջնորդն ու զօրակցողը: Այս մեկնակէտէն առաջնորդուելով` անոր անունով յետ մահու ստեղծուեցաւ հայ աշակերտին հիմնադրամը:

Անկեղծ էր, ունէր անմեղ ժպիտ մը եւ լայն սիրտ: Անոնց, զորս կը սիրէր, ամբողջովին կը վստահէր: Իսկ անոնց, որոնց նկատմամբ վերապահութիւններ ունէր, մուսալեռցիի քաջութեամբ կը փոխանցէր իր տեսակէտները: Այո՛, դժուար պայմաններու մէջ կը բացայայտուէր իր մուսալեռցիի դիմագիծը` արժէքներու կառչածութիւնը, խրոխտ նկարագիրն ու խստապահանջութիւնը:

Հ. Վարդան համեստ էր. չէր սիրեր տիտղոսներն ու անուանումները, ցուցական երեւոյթները: Մեծապէս կը բաւարարուէր «Հայր Վարդան» կոչումով: Տարբեր առիթներով նաեւ մերժեց վարորդ ունենալը, հակառակ անոր որ վերջին տարիներուն իր առողջական վիճակը կը վատթարանար:

Գերապայծառը իրողապէս հայու հարազատ զաւակն էր, որովհետեւ չունէր համայնքային, կուսակցական ու դասակարգային խտրականութիւններ: Կը բաւէր, որ ենթական հայ ըլլար ու արդէն ամբողջական իմաստով հարազատ էր անոր…

Իր հօր եւ մօր յիշատակը անմահացնելու համար հ. Վարդան նախաձեռնեց Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին հաստատումը Մեսրոպեան վարժարանին մէջ: Արձան մը, որ համահայկական առումով ունի եւ պէտք է ունենայ իր կարեւոր նշանակութիւնը: Այսօր Հ. Վարդան իր ծնողներուն ընդմէջէն նշեալ արձանով կու գայ անմահացնելու իր յիշատակը:

Գերապայծառը հոգատար հայրս էր եւ ամենալաւ զրուցակիցս: Սակաւախօս էր, բայց երբ խօսէր, սրամիտ էր, իմաստալից պատգամներ եւ խրատներ կը փոխանցէր, երբեմն ալ բանաստեղծներէ մէջբերումներ կը կատարէր: Իր օրհնութեամբ ընտանիք կազմեցինք եւ իմ զաւակներս մկրտուեցան հ. Վարդանէն, որուն դրոշմը հոգեպարար էր եւ բարենպաստ, որովհետեւ իրեն համար ընտանիքը արժէք էր եւ սրբութիւն:

Այսօր Հ. Կ. Մեսրոպեան բարձրագոյն Վարժարանը սուգի մէջ է. դպրոցը կորսնցուց վերջին տասնամեակին իր ամուր եւ հաստատուն սիւներէն մէկը, իր արթուն պահակներէն ու խորհրդատուներէն մին:

Այսու կը յայտարարենք, Հ. Վարդան եպս. Աշգարեանի յիշատակը վառ պահելու համար, վերամուտին, Մեսրոպեան վարժարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի վերանորոգուած գրադարան-տեսադարանը պիտի կրէ մեր սիրելի հովիւին անունը, որպէսզի նորահաս սերունդներու զաւակները թրծուին անոր սրբազան շունչով եւ բարութեամբ, ազգային ու կրօնական ոգիով եւ նուիրուածութեամբ:

Վիեննա ճամբորդելէն ամիսներ ետք, այսօր կը հասկնամ, թէ ինչո՛ւ հ. Վարդան ամէն օր կու գար Մեսրոպեան վարժարան: Իրաւունք ունէր. իրեն համար հայ մանուկին ժպիտը իր կեանքէն օր մը կ՛աւելցնէր եւ այդ օրերը աւարտեցան…: Մանուկները իր ներաշխարհին հիմքն էին եւ չկրցաւ մանուկներէն հեռու նոյնիսկ իր տան մէջ գոյատեւել:

Ցտեսութի՛ւն, գերապայծա՜ռ:

Վստահ եմ, որ քու բարի գործերուդ տարողութիւնը միայն մեր երկնաւոր Տէրը գիտէ, իսկ երկրի վրայ քու ջանքերովդ այսօր բարձր վկայականներու արժանացած աշակերտներդ քեզ կը յարգեն ու միշտ պիտի յիշեն:

Բարի գործ կատարեցիր յանուն մարդկութեան եւ մասնաւորապէս` յանուն հայութեան:

Կը հաւատամ, որ պիտի ստանաս արդար վարձատրութիւնդ:

Ննջէ՛ հանգիստ, քանի ինչ որ ունէիր դուն, ամբողջովին տուիր ուրիշին, տուիր քո՛ւ հարազատ զաւակներուդ:

 

Այնճար, 6 օգոստոս 2012  

Նախորդը

Գերպծ. Հ. Վարդան Աշգարեանի Յիշատակին. Մշակը

Յաջորդը

Թաու-Լուի Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Տիրացաւ Մէկ Ոսկի Եւ Երկու Արծաթ Մետալի

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.