Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆորէյն Փոլըսի». Հայաստան, Վրաստան Եւ Ազրպէյճան` Տարածաշրջանային Ու Համաշխարհային Անվտանգութեան Հիմք

September 7, 2012
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան «Ֆորէյն փոլըսի» հանդէսը զինուորականի եւ իրավիճակը ներսէն գիտցողի աչքերով վերլուծած է Հարաւային Կովկասի երկիրներուն միջեւ հակամարտութիւններու հնարաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ` նոյն երկիրներուն դերը տարածաշրջանի եւ ամբողջ աշխարհի անվտանգութեան հարցերուն մէջ: Յօդուածագիրն է զօրավար Մարք Փ. Հերթլինկ: Ան կ՛ըսէ.

«Կովկասը, որ պատմականօրէն բախման թիրախ եղած է Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի միջեւ, կը մնայ անվտանգութեան վերաբերող մտահոգութիւններու բարդ թնճուկ մը: Ցեղական լարուածութիւնը դեռ կ՛ազդէ վաղեմի տարածքային վէճերուն վրայ, տեղահանուած բնիկները կը յարմարին կամ կը հակադրուին հզօր սփիւռքներուն, եւ աճող նոր հարուստները` քարիւղային վերին դասը, գլուխ կը բարձրացնեն տարածաշրջանի մը մէջ, որ ժամանակին յայտնի էր իր անյուսալի չքաւոր վիճակով», դիտարկման նախաբանին մէջ կը գրէ Հերթլինկ:

Ըստ յօդուածագիրին, մինչ Մինսքի խումբը կը փորձէ հակամարտութեան քաղաքական լուծում գտնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ, Հայաստան եւ Ազրպէյճան կը շարունակեն դժգոհ մնալ քաղաքական կամքի անբաւարարութենէն: Վրաստանի վերջին` ռուսաստանեան փորձառութիւնը ձգած է սահմանային զգալի սպիներ, որոնք ըստ ամենայնի յառաջիկային չեն լաւանար, մանաւանդ որ Վրաստան յուսահատօրէն ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւն կամ եւրոընդունելութիւն կը փնտռէ: Իսկ Իրանի յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ շփոթութեան կը մատնեն անգամ փորձագէտները: Հայ-թրքական սահմանին հարցը փորձագէտը կը բնորոշէ իբրեւ` «երկու երկիրներու բազմաթիւ սերունդներու միջեւ շարունակուող բանավէճերու թեմա»:

Զօրավար Հերթլինկ կը պատմէ, որ հակամարտութեան հնարաւորութիւնները այս պայմաններուն մէջ այնքան հաւանական կը թուին, որ քանի մը տարի առաջ ամերիկեան բանակին մէջ սպաները անսպասելի ռազմական զարգացումներու կը նախապատրաստուէին Կովկասին վերաբերող բեմագրութիւններով: Նոյն ամերիկեան բանակին մէջ յանձնարարութիւններու դաս կայ, որ կը կոչուի GAAT-ի (Georgia-Armenia-Azerbaijan-Turkey` Վրաստան-Հայաստան-Ազրպէյճան-Թուրքիա):

Հերթլինկ կը յիշէ, որ իր երիտասարդ համհարզը, Կովկաս այցելելով, տարբեր սերունդներու զինուորականներու եւ առաջնորդներու հետ շփուելով, զարմանք յայտնած է, եւ կը մէջբերէ անոր խօսքը. «Ասիկա շատ կը տարբերի այն բոլորէն, որ ես սորված եմ Քանսասի մէջ` Լիվընուրթի մեր լսարաններուն մէջ: Այդ կին զինուորականը ըսած է, որ նախքան GAAT սորվիլը` լաւ պիտի ըլլար GAAT-ի երկիրներ այցելել:

Ըստ բարձրաստիճան զինուորականին, GAAT-ի երկիրները ընդելուզող ուժեր են ՕԹԱՆ-ի մէջ: Անոր գնահատականով, կը բարելաւուին «տարածաշրջանի անվտանգութեան գլխաւոր մարտահրաւէրները խաղաղ կարգաւորելու ձգտումը»:

Հայաստան ցանկութիւն յայտնած է իր ուժերը ուղարկելու Քոսովոյի խաղաղարար գործողութիւններուն` ամերիկեան հրամանատարութեան տակ: Հեղինակը կը նկատէ, որ հակառակ Լեռնային Ղարաբաղի «սառեցուած հակամարտութիւն» անունով երեւոյթին` Հայաստանն ու Ազրպէյճանը երկուքն ալ ստեղծած են խաղաղարարական եւ ՕԹԱՆ-ի հետ համատեղելի զօրամիաւորումներ, որոնք Աֆղանիստանի մէջ կը գործեն գերմանական եւ թրքական հրամանատարութեան տակ: Ասիկա ամերիկացի զինուորականը կ՛որակէ «յոյժ դրական զարգացում»: Ան կ՛ընդգծէ, որ այս միաւորները ստեղծուած են ոչ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան նկատառումով, որ անոնց մէջ մասնագէտ զինուորականներ են, որոնց կ՛առաջնորդեն արեւմուտքի մէջ կրթուած, անգլիախօս սպաներ: Անոնք, ըստ զօրավարին, նաեւ աւելի լաւ պատրաստուած են, քան` Լեռնային Ղարաբաղի սահմանային ուժերը:

Հերթլինկ կը նկատէ, որ` «վրաց, հայկական եւ ազրպէյճանական աւելի երիտասարդ զինուորական տարրերը, որոնցմէ շատեր կարեւոր պաշտօններ ունին զինուժի մէջ, շահեկանօրէն կը տարբերին հին, խորհրդային կրթութեամբ զօրավարներէն: Այս բանակները կեդրոնացած են նաեւ մասնագէտ հարիւրապետներու կազմ ստեղծելու վրայ, եւ ատիկա յառաջընթացի ամենանշանակալի դրսեւորումներէն է:

«Տեսած ըլլալով հակամարտութեան հաւանականութիւնը եւ հակամարտութեան լուծման միեւնոյն եղանակները` ես խանդավառուած եմ անվտանգութեան եւ հակամարտութիւններու լուծման այն ապագայով, որ ունի Կովկասը»: Ան կը նշէ, որ հակառակ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի տարբերութիւններուն, բանակին մէջ շեշտը կը դրուի մասնագիտութեան եւ բարեփոխումներուն վրայ, որ առաւել խաղաղ անվտանգութիւն կը խոստանայ այդ երկիրներու ազգաբնակչութեան:

«Ամերիկայի շարունակական աջակցութեամբ Կովկասը պիտի մնայ կայուն, յուսալի, փոխգործակցող գործընկերներու աղբիւր, որոնք տարածաշրջանային եւ համաշխարհային անվտանգութեան ապագայի հիմքն են», կ՛եզրափակէ յօդուածագիր զօրավարը:

ԹԵՐԹ

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Համշէնաբնակ Գիւղերը Կը Պարպուին

Յաջորդը

Թուրքիա Միջամուխ Կ՛ըլլայ Փասատինայի Մէջ Ցեղասպանութեան Յուշարձան Բարձրացնելու Ջանքերուն

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.