Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՐԲ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ Կ՛ՕԺԱՆԴԱԿԵՆՔ, Կ՛ԱՊՐԻՆՔ ԻՍԿԱԿԱՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 20, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երբ կու տանք մեր հոգիէն, մեր սրտէն, մեր ժամանակէն, մեր նիւթականէն եւ մեր միտքէն, այն ատեն գտած կ՛ըլլանք` ուրախութիւն, խաղաղութիւն, հոգեկան հանգստութիւն եւ երջանկութիւն:

«Տալով` անհուն գոհունակութիւն, զգալ նշանաբանը պէտք է վարակիչ ըլլայ բոլորին համար: Շուրջ մէկ տարիէ սփիւռքահայութեան հարազատ ձայնէն` «Վանայ ձայն»էն կը սփռուի «Ձեռք երկարենք» յայտագիրը, որուն ընդմէջէն իւրաքանչիւր ամիս «Վանայ Ձայն»ի ունկնդիրներ մեծ ուրախութեամբ, հոգեկան հանգստութեամբ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նիւթապէս եւ բարոյապէս:

Այս յայտագիրին նպատակը, ինչպէս բոլորին ծանօթ է, օժանդակել, հասնիլ եւ օգտակար ըլլալ է, ընկերային գրասենեակ ներկայացող իւրաքանչիւր պարագայի:

Քաջալերուած այս յայտագիրէն, տալու եւ օգտակար դառնալու, հասնելու տրամադրութենէն մղուած, Յակոբը եւ Արմիկը նախաձեռնեցին Ծաղկազարդի եւ Ս. Զատկուան նախօրեակին յոյս եւ ուրախութիւն պարգեւել հայ ընտանիքի մը, «Վանայ Ձայն»ի ճամբով:

Ընտանիք մը, որուն մայրը անկողինի կը ծառայէ, իսկ հայրը անգործ է եւ երեք անմեղ զաւակներ կը սպասեն ձեռքի մը, որպէսզի զիրենք դուրս հանէ այս վիճակէն:

Եւ անյայտ բարերարներ, բարեկամներ, հարազատներ օգտակար կը հանդիսանան երիտասարդներուն, անոնց օգտակար դառնալու ուրախութեան իրենք ալ մասնակից կը դառնան: Անոնք կը տրամադրեն զատկուան կարկանդակ, հաւկիթ, տուրմ, հագուելիք, կօշիկ, ուտեստեղէն, անհրաժեշտ իրեր, Ծաղկազարդի մոմ, խաղալիքներ…

Նկարները կը խօսին եւ կը բացատրեն անոնց ուրախութիւնը, անսահման ուրախութիւնը, իսկ խումբին մաս կազմողները, որոնք այցելութիւն տալով ընտանիքին` զգացած են մեծ գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն, մոռնալով յուզումը, կ՛ըսեն, որ ունին նաեւ այլ ծրագիրներ… բարերարներով եւ աշխատանքով կ՛ուզենք հասնիլ բոլորին:

Վարձքը կատար բոլորին:

Տո՛ւր եւ ուրախացի՛ր:

ՄԱՐԱԼ

Նախորդը

«ՄԻՒՍ ԹՈՒՐՔ»Ը ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾԷՆ ԱՆԴԻՆ. ՖԵԹՀԻՅԷ ՉԵԹԻՆԻ ՀԵՏ

Յաջորդը

ԼՕԽ-Ի ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. «ԳԱՂՈՒԹԷ ԳԱՂՈՒԹ` ԾԻԱԾԱՆԻ ՏԱՐԲԵՐ ՆՐԲԵՐԱՆՔՆԵՐ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.