Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

April 19, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքը շարունակեցին իրենց աշխատանքը եւ կազմակերպեցին «Մանուկներու եւ պատանիներու ֆիզիքական, հոգեկան եւ մտային առողջութիւնը» նիւթով 13 դասախօսութիւններէ բաղկացած շարք մը, որ տեղի ունեցաւ ամէն չորեքշաբթի օրերը, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայկական վարժարաններուն:

Շարքին իրենց կարեւոր ներդրումը բերին 13 մասնագէտներ, որոնք փոխանցեցին ֆիզիքական, հոգեկան եւ մտային առողջապահական նիւթերու մանրամասնութիւններ` լսատեսողական միջոցներով:

Իւրաքանչիւր դասախօսութենէ առաջ տեսաերիզներու միջոցով ներկաներուն փոխանցուեցան սննդագէտի կողմէ ներկայացուած առողջարար ճաշեր պատրաստելու կերպերը, ապա ԼՕԽ-ի սննդականոնի մասնագէտը պատասխանեց ուղղուած հարցումներուն:

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ սոյն դասախօսական շարքին մասնակցողներուն ընդհանուր թիւն էր 255 հոգի, իսկ 13 դասախօսութիւններէն 12-ին ներկայ գտնուողներուն թիւը` 74 հոգի, որոնք ստացան ներկայութեան հաստատագիրներ, կարգ մը արեան քննութիւններ եւ բժշկական խորհուրդներ:

ԼՕԽ-ի նախազգուշական ծրագիրները կը միտին պահպանել անհատի առողջութիւնը, կանխարգիլել կարգ մը հիւանդութիւններու բարդութիւնները, ինչպէս նաեւ բարելաւել անհատի առողջական կենցաղը:

Այս իրագործումներուն ծիրին մէջ կարեւոր ներդրում ունեցան սոյն շարքի հովանաւորութիւնը եւ գործակցութիւնը ստանձնած բոլոր հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւնները: Այս առիթով անոնց կը յայտնենք մեր խորին երախտագիտութիւնը:

Յատուկ շնորհակալական խօսք կ՛ուղղենք նաեւ մեր բոլոր մասնագէտ դասախօսներուն եւ սոյն դասախօսական շարքը քաջալերող ներկաներուն:

Դասախօսութեան աւարտին կատարուած արժեւորումէն քաջալերուած` յանձնախումբը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը` դասախօսութիւններ կազմակերպելով մինչեւ տարեշրջանի աւարտը:

Յաջորդ դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 27 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, նիւթ` «Ուտելիքները լաւապէս պահպանելու կերպերը», դասախօս` Անահիտ Տօնիկեան, հեղինակ հանրածանօթ ճաշագիրքերու:

ԼՕԽ-Ի
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

ԼՕԽ-Ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ»
ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

ՉԵԽԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՊԱՏԱԼԵԱՆԻ ՆՇԱՆԱԿԱԾ ԿՈԼԸ ՊԱՐՏՈՒԹԵՆԷ ՉՓՐԿԵՑ ԱՆՈՐ ԿԱԶՄԸ

Յաջորդը

ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ` ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.