Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդան Մինասեանի Յատուկ Հարցազրոյցը. «Իւրաքանչիւր Մրցումի Դաշտ Պիտի Ներկայանանք Յաղթանակի Նպատակով, Եւ Այդ Մէկը Խոստում Է»

September 3, 2012
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն նախօրեակին ունեցաւ բացառիկ հարցազրոյց մը` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջին ընդմէջէն:

Ստորեւ կու տանք այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Յառաջիկայ 7 սեպտեմբերին, Մալթա-Հայաստան ճակատումով կը սկսին 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումները: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը ինչպէ՞ս նախապատրաստուած է դէպի Պրազիլ դժուար պայքարին:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Իսկապէս, որ պայքարը մեր խմբակին մէջ, բաւական դժուար պիտի ըլլայ, որովհետեւ Մոնտիալը այն իրադարձութիւնն է, որուն աւարտականին հասնելու կը ձգտին բոլորը: Մենք անոր սկսանք պատրաստուիլ Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքէն անմիջապէս ետք: Այն արդիւնքները, զորս մենք տուինք Եւրոպայի ախոյեանութեան, այժմ շատ աւելին պիտի տանք այս հանգրուանին, լաւապէս սերտած ենք եւ կը շարունակենք սերտել մեր մրցակիցները, միեւնոյն ժամանակ ալ կը ջանանք մեր ունեցած թերի կողմերը սրբագրել. կու գամ ըսելու, որ բարեկամական հինգ մրցումները մեզի համար եղան շատ դրական: Թէեւ երեքին պարտութիւն կրեցինք, բայց սորվեցանք մեր սխալները:

Հ.- Ի՞նչ կրնաք ըսել հաւաքականի ներկայի կազմին մասին:

Պ.- Թէեւ կրնանք տարբեր տեսակի մտայղացումներ ունենալ` զօրացնելու համար մեր հաւաքականը, սակայն ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս կը նշեմ, որ ֆութպոլիստ մը ամէնէն առաջ պէտք է շատ լաւ ֆիզիքական վիճակ ունենայ եւ վիրաւոր չըլլայ: Այս գծով, մենք քիչ մը դժուարութիւններ ունինք: Պիտի փորձենք այդ երկուքին ալ շուտ լուծումներ գտնել, որպէսզի լաւ հաւաքական մը ունենանք:

Հ.- Ի՞նչ ունիք ըսելիք նորեկներուն մասին:

Պ.- Նորեկներուն մասին կրնամ ըսել այն, որ անոնք այն ֆութպոլիստներն են, որոնք արդէն իսկ դարձած են հաւաքականի անդամ: Անոնք են` Արազ Օզպիլիս եւ Կամօ Յովհաննիսեան: Խումբին կորիզը թէեւ կազմուած է, սակայն նոր մարզիկներու փնտռտուքները կանգ պիտի չառնեն:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք հաւաքականին կարելիութիւնները` զտումի այս մրցումներուն:

Պ.- Բաղդատմամբ Եւրոպայի ախոյեանութեան, Մոնտիալի զտումի այս մրցումները պիտի ըլլան շատ աւելի դժուար: Թէեւ լաւապէս սերտած ենք մեր մրցակիցներուն` Չեխիոյ, Դանիոյ եւ Իտալիոյ կատարած ներկայացումները, սակայն մեր գործը եւրոպական ֆութպոլի ամէնէն վտանգաւոր եւ լուրջ ներկայացուցիչներուն հետ է: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ Պուլկարիան եւ Մալթան: Պարտաւոր ենք յարգել մեր բոլոր մրցակիցները:

Հ.- Զտումի մրցումները կը սկսին Մալթայի եւ ապա Պուլկարիոյ դէմ տեղի ունենալիք ճակատումներով: Արդեօք ի՞նչ ունիք ըսելիք:

Պ.- Անոնց երկուքին ալ կատարած մրցումները լաւապէս դիտած ենք եւ ուսումնասիրած` անոնց խաղաոճը: Պուլկարիա ունի իր նոր մարզիչը եւ այժմ սերնդափոխութիւն տեղի կ՛ունենայ անոր կազմին մէջ: Անիկա ունի բաւական լաւ կազմ մը: Իր կարգին, բաւական լաւ խումբ մը ունեցող Մալթա որեւէ պահու կրնայ անակնկալի մատնել որեւէ խումբ մը: Կու գամ ըսելու, որ Պուլկարիա- Իտալիա մրցումին ներկայ պիտի ըլլայ մեր մարզիչներէն մէկը, որովհետեւ Մալթայէն ետք մեր յաջորդ մրցակիցն է Պուլկարիա, ապա` Իտալիա:

Հ.- Վերջապէս, ի՞նչ ունիք ըսելիք մեր համակիրներուն մասին:

Պ.- Ֆութպոլի մէջ պարտութիւններ, հաւասարութիւններ եւ յաղթանակներ կան: Անյաջողութիւնները բոլորին համար ալ փափաքելի չեն: Բայց մենք այժմէն կը խոստանանք, որ պիտի տանք մեր առաւելագոյնը, դաշտ պիտի ներկայանանք մեծ նուիրումով: Ասոնք բաւարար են, որ մեր համակիրները համոզուին: Իւրաքանչիւր մրցումի դաշտ պիտի ներկայանանք յաղթանակի նպատակով, եւ այդ մէկը խոստում է:

Նախորդը

Յառաջիկայ 30 Սեպտեմբերին «Վազէ՛ Պէյրութ» «Նայքի»-ի Վազքի Մրցումը

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Վան Փերսի Հեթրիք Մը Իրագործեց Եունայթըտի Հետ. Պայէրն Միւնիխ – Շթութկարթ` 6 – 1

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.