Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկայէն Անդին. Աչքի Համակարգիչներ

September 3, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԿՈՒԿԸԼ ԿԸ ԶԱՐԳԱՑՆԷ ԶԱՆԳՈՒԱԾՆԵՐԸ «ԽԵԼԱՑԻ ԱԿՆՈՑՆԵՐՈՎ» ՕԺՏԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ: ՆՄԱՆ ԳՈՐԾԻՔԻ ՄԸ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՅՆԻՍԿ ՍՊԱՍԵԼԻ ԷՐ: «ՏԻ ԷՔՈՆՈՄԻՍԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐ ՄՕՏԻԿ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՊԻՏԻ ԱՇԽՈՒԺԱՑՆԷ ՇՈՒԿԱՆԵՐԸ:

Կուկըլ կը փայփայէ ակնոցներու իւրայատուկ տեսլական մը: 27 յունիսին այս ընկերութեան հիմնադիրներէն` Սերկէյ Պրին ներկայացուց անթել հաղորդակցութեամբ գործող ակնոցներ ստեղծելու ծրագիրի մը երկրորդ հանգրուանը: Այս ակնոցները առիթ պիտի տան, որ զանոնք կրող անձերը փոխանակեն երկտողեր, լուսանկարներ եւ տեսերիզներ, ինչպէս նաեւ` լուսանկարեն եւ նկարահանեն ինչ որ ուզեն:  Արդէն պատրաստութեան ընթացքի մէջ են նախատիպեր, եւ Կուկըլի պատասխանատուները կը յուսան մինչեւ յառաջիկայ տարի զանոնք տրամադրել համակարգչային ծրագիրներ պատրաստող մասնագէտներու, ապա` մինչեւ 2013-ի աւարտը  կամ 2014-ի սկիզբը զանոնք իջեցնել սպառողական շուկայ:

Կուկըլի խիստ գաղտնի Էքս. Լապ գիտաշխատանոցին մէջ կատարելագործուող այս ծրագիրին նպատակն է ընդարձակել համակարգչային արհեստագիտութեան սահմանները: Ակնոցներուն նախատիպը ցուցադրուած է Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ Կուկըլի արհեստագիտական նորութիւններուն վերաբերող համագումարի մը առիթով, որուն ընթացքին նաեւ ցուցադրուած են շարք մը այլ գործիքներ, ինչպէս` տան մէջ գործածելու յատուկ անթել միտիա փլէյըր մը եւ բարակ աժան համակարգիչ մը: Սակայն ամէնէն աւելի երկար շարքեր կազմուած են հոն, ուր այցելուներ կը փորձէին Կուկըլի ակնոցները:

Այս երեւոյթը այնքան ալ զարմանալի չէր, որովհետեւ Կուկըլի ակնոցները կարծէք գիտաերեւակայական վէպէ մը դուրս եկած են: Ակնոցին մէկ ապակիին վերի մասին յարելով նայուածքը` կարելի է կարդալ գրութիւն մը կամ դիտել շարք մը նկարներ: Ակնոցը կարելի է «աշխատցնել»` խօսելով հրահանգներ տալով կամ հպելով թեւին մէջ զետեղուած «բարձիկի» մը կոճակներուն: Պրին կը բացատրէ, թէ այս ակնոցը շինելու նպատակն է «մէջտեղէն վերցնել արհեստագիտութիւնը», որպէսզի մարդիկ կարենան, օրինակ, տեսերիզներ նկարել` առանց նկարահանումի գործիքի կամ բազմաթիւ կարողութիւններով օժտուած համակարգչային հեռաձայնի:

Կուկըլի ակնոցները կ՛արտացոլեն հետզհետէ աճող հետաքրքրութիւն մը` մարմնին վրայ համակարգչային գործիքներ կրելու նկատմամբ: Մասնագէտներու կարծիքով` այս մէկը յաջորդ իրագործումը պիտի դառնայ խելացի հեռաձայններու (սմարթ ֆոն) եւ ափի չափ համակարգչային գործիքներու յայտնութենէն ետք: Սակայն արհեստագիտական գործիքներու վեթերան մասնագէտներ կը զգուշացնեն, թէ մարմնին վրայ կրելու յարմարութեամբ օժտուած համակարգչային գործիքներ ձեւագծելը շատ դժուար է: «Համակարգչային նոր գործիքներ ձեւագծելու առաջին փորձերը ընդհանրապէս արդիւնք չեն տար», կ՛ըսէ դրամագլուխներ շահարկող ընկերութեան մը ներկայացուցիչը:

Եթէ Կուկըլի ակնոցները պիտի փաստեն, որ բացառութիւն են, ապա Կուկըլ պարտաւոր է նաեւ դիմագրաւել շարք մը մարտահրաւէրներ: Առաջին` այնքա՛ն կատարելագործել ակնոցներուն ձեւագծումը, որ նման ակնոց մը կրող անձը չնմանի գիտաշխատանոցի մը մէջ աշխատող մասնագէտի մը: Այլ հարց մըն է անձնական ազատութիւնը պահելու անխուսափելի կարիքը: Կուկըլ պէտք է յստակ դարձնէ, թէ իր ակնոցները գործածող անձերուն աչքերը պիտի չշլանան ծանուցումներով, մանաւանդ, երբ գիտենք, թէ ծանուցումները դրամ շահելու Կուկըլի նախասիրած միջոցն են: Պրին կը շեշտէ, թէ Կուկըլի նպատակն է շահ ապահովել նոյնինքն ակնոցներուն վաճառքէն: Իւրաքանչիւր ակնոցի մեծաքանակի գինը պիտի չանցնի 1500 տոլարի սահմանը: Այս գինը թերեւս ինքնին պիտի մղէ, որ մարդիկ մօտէն դիտեն զանոնք:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ ( 1 Սեպտեմբեր 1962 )

Յաջորդը

Ներկայէն Անդին. Նիլ Արմսթրոնկ. Բոլոր Ժամանակներու Ամերիկացի Մեծագոյն Հերոսներէն Մէկը Կը Հեռանայ Այս Աշխարհէն

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.