Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ 73-րդ Լսարան. Ներկայացում-Քննարկում` Ղարաբաղեան Տագնապին Մասին Դոկտ. Ժան Կէօքճեանի Ակադեմական Աշխատութեան

August 31, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 30 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ լսարաններու շարքին 73-րդը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ եւ քննարկուեցաւ դոկտ. Ժան Կէօքճեանի վերջերս հրատարակուած «Ազգային ինքնութիւնը, ազգայնականութիւնը եւ հակամարտութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ. Լեռնային Ղարաբաղ եւ ազգերու շուրջ խորհրդային քաղաքականութիւնը» ուսումնասիրութիւնը, որ խորքին մէջ հեղինակին դոկտորական թեզն է: Երէկուան մամլոյ լսարանին զգալի էր ուսանող խաւի տիրական ներկայութիւնը սրահին մէջ:

Ներկայացում-քննարկումին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ յոյս յայտնելէ ետք, որ ամէն իմաստով այժմէական այս ուսումնասիրութեան ներկայացումն ու քննարկումը քաղաքագիտական իմաստով նոր հորիզոններ բանայ, նաեւ ընդգծեց խմբագրութեան ակնկալութիւնը, որ ակադեմական առումով այսպիսի ուսումնասիրութիւնները բազմանան` ղարաբաղեան տագնապին արդարացի լուծման գիտական հիմքերը դնելու համար:

Այս շահեկան ուսումնասիրութեան ներկայացումը կատարեցին հեղինակը` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Ժան Կէօքճեան եւ Միշիկընի համալսարանէն (Տիրպոռն) դոկտ. Արա Սանճեան:

Դոկտ. Ժան Կէօքճեան եւ դոկտ. Արա Սանճեան

Դոկտ. Ժան Կէօքճեան հակիրճ կէտերու մէջ ներկայացուց ուսումնասիրութեան տարբեր բաժինները` նշելով, որ ինք իր հետազօտութեան համար մեկնակէտ ունեցած է 1905-ի ռուսական առաջին յեղափոխութիւնը եւ ղարաբաղեան հարցը շարունակած է ուսումնասիրել մինչեւ 1994-ի զինադադարի հանգրուանը:

Դոկտ. Կէօքճեան մասնաւորաբար յայտնեց, որ իր հետազօտութեան մէջ ղարաբաղեան տագնապին անդրադառնալու ընթացքին շեշտը դրած է ցեղային սահմանումին եւ ոչ թէ քաղաքային սահմանումին վրայ: Ան ընդգծեց, որ տագնապին լուծումը բաւական դժուար է, որովհետեւ թէ՛ հայերը, թէ՛ ազրպէյճանցիները Լեռնային Ղարաբաղը անբաժանելի կը նկատեն իրենց երկիրներէն: Կէօքճեան նաեւ ըսաւ, որ երկու ժողովուրդները կը հաւատան, որ Ղարաբաղի տարածքը պաշտպանելով, պաշտպանած կ՛ըլլան իրենց ինքնութիւնը:

Դոկտ. Կէօքճեան ըսաւ, որ գիրքը կը քննէ եւ կը վերլուծէ պատմական, հողային եւ ցեղային երեսները ղարաբաղեան տագնապին` ցոյց տալու այն գործօնները, որոնք պարտադրեցին այդ տագնապին բռնկումը:

Դոկտ. Արա Սանճեան իր կարգին մասնագիտական եւ ակադեմական մօտեցումով վերլուծեց դոկտ. Ժան Կէօքճեանի կատարած հետազօտական աշխատանքը: Ան ներկայացուց դոկտ. Կէօքճեանի ակադեմական մօտեցումը այս աշխատութեան մէջ` նշելով որ Կէօքճեանի մօտեցումը արեւմտեան է, գրեթէ չէ օգտագործած հիմնական կամ երկրորդական ազրպէյճանական գրականութիւն եւ շատ քիչ օգտագործած է հայերէնով կամ ռուսերէնով աղբիւրներ եւ երկրորդական գրականութիւն:

Դոկտ. Արա Սանճեան խօսեցաւ որեւէ տագնապի բռնկումին պարագային անոր տուն տուող հիմնական դրդապատճառներուն մասին, ըլլան անոնք կառուցուածքային, քաղաքական, ընկերային-տնտեսական կամ մշակութային-իմացական: Այս հիմքին վրայ ան վերլուծեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին պատճառները` համաձայն դոկտ. Ժան Կէօքճեանի հասկացողութեան:

Ներկայացում-քննարկումի աւարտին նիւթին շուրջ տեղի ունեցաւ զրոյց` ներկաներուն եւ երկու զեկուցաբերներուն միջեւ:

 

 

 

 

Նախորդը

Ճատրակ. Միջերկրականեան 4-րդ Խաղեր. Երէկ Տեղի Ունեցան 4-րդ Եւ 5-րդ Հանգրուանի Մրցումները

Յաջորդը

Տեսակէտ. Եգիպտոսի Շրջանային Դերակատարութեան Եւ Կշիռին Վերականգնման Ուղղութեամբ Ճիշդ Քայլ Մը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.