Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Մշխարհէն. Հակառակ Բարի Նպատակներու` Որմանկար Մը Փճացած Է

August 31, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Փշեպսակով Յիսուսի որմանկարին երեք տարբերակները. ձախէն աջ` 19-րդ դարու գեղանկարիչ Էլիաս Կարսիա Մարթինեզի բնօրինակը, որմանկարին վատթարացած տարբերակը, Սեսիլիա Խիմենեզի վերանորոգած տարբերակը:

ԽՆԴՐՈՅ ԱՌԱՐԿԱՅ Է 100 ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՐՄԱՆԿԱՐ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻ ՈՉ ԱՆՈՒԱՆԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻ ՄԸ: ԱՆԻԿԱ ԿԸ ՓՃԱՆԱՐ ՍՊԱՆԻՈՅ ՀԻՒՍԻՍ-ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԷԿ ԳԻՒՂԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԽՈՆԱՒ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ, ԵՒ ԶԱՅՆ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ՈՉ ՄԷԿ ԱՇԽԱՏԱՆՔ ԿԸ ՏԱՐՈՒԷՐ: ՎԵՐՋԵՐՍ ՇԱՏԵՐ ԿԱՐԾԵՑԻՆ, ԹԷ ԲԱՐԲԱՐՈՍ ԱՐԱՐՔ ՄԸ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ԷՐ ՈՐՄԱՆԿԱՐԻՆ ԴԷՄ: ՍԱԿԱՅՆ ՇՈՒՏՈՎ Ի ՅԱՅՏ ԵԿԱՒ, ԹԷ 80-ԱՄԵԱՅ ԿԻՆ ՄԸ ՈՐՈՇԱԾ ԷՐ ՓՐԿԵԼ ԶԱՅՆ: ԱՅԺՄ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՄՏԱԾԵՆ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՀԱՐՑ ՅԱՐՈՒՑԵԼ ԿՆՈՋ ԴԷՄ: ՊԱՏՃԱ՞ՌԸ. ՊԱՏԱՀԱԾԸ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ԲՈԼՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԻ ՄԸ ՅՈՌԵԳՈՅՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆՆ ԷՐ: ՄԻՆՉ ԱՅԴ` ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁԱԾ Է ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ԵՐԵՒՈՅԹ ԵՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԻ ՆԻՒԹ` ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԵՒ «ՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵՆ.

Անցեալ շաբաթ կին մը ստանձնեց փշեպսակով Յիսուսի աւելի քան հարիւր տարուան մէկ որմանկարը այլանդակած ըլլալու պատասխանատուութիւնը: Որմանկարը պատկերուած է Զարակոզայի մօտակայ Պորխա գիւղաւանին Սանթուարիօ տէ լա Միսերիքորտիա  հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատին վրայ:

Որմանկարին «Էչչէ օմօ» կամ` «Տեսէ՛ք մարդը» վերնագիրը կ՛ակնարկէ գեղարուեստական բնախորհուրդի մը, որ կը պատկերէ Յիսուսը` փշեսպսակը գլխուն, խաչելութենէն անմիջապէս առաջ:

Սեսիլիա Խիմենեզ, 81 տարեկան մեծ մայր մը, սպանական պետական պատկերասփիւռէն յայտարարեց, թէ փորձած էր վերանորոգել որմանկարը, զոր կոչած էր շրջանին մէջ Յիսուսի իր նախասիրած պատկերումը: Գեղանկարը սկսած էր կեղուըուիլ` եկեղեցւոյ պատերուն խոնաւութեան պատճառով:

Պորխայի իշխանութիւնները կ՛ըսեն, թէ սկիզբը կասկածած էին ոճրային բարբարոս յարձակումէ մը, սակայն հետագային եզրակացուցած էին, թէ ցնցիչ փոփոխութիւնները կատարուած էին տարեց թոշակառուի մը կողմէ: Իշխանութիւնները կ՛ըսեն, թէ կինը առանձինն ձեռնարկած էր գործին:

Սակայն Խիմենեզ ինքզինք կը պաշտպանէ ըսելով, թէ իրեն համար անհասկնալի է բարձրացած աղմուկը, որովհետեւ ինք աշխատած է օր ցերեկով եւ փորձած է փրկել որմանկարը` տեղւոյն կրօնաւորներուն համաձայնութեամբ: «Վարդապետը գիտէր այս մասին,- ըսած է ան Սպանիոյ պետական պատկերասփիւռին:- Չեմ փորձած գաղտնի որեւէ գործ կատարել»:

Խիմենեզ կը բացատրէ, թէ որմանկարին վրայ աշխատած է` օգտագործելով անոր ստեղծումէն 10 տարի ետք առնուած մէկ լուսանկարը: Սակայն ան ի վերջոյ Յիսուսի մօրուքը ձգած է կիսաւարտ եւ ոմանց համաձայն` կապիկի երեւոյթով: Որմանկարին այլանդակ վերանորոգութիւնը ի յայտ եկաւ այս ամիս, երբ 19-րդ դարու գեղանկարիչին ժառանգորդները առաջարկեցին նուիրատուութիւն մը կատարել` որմանկարին վերանորոգութեան եւ պահպանութեան նպատակով:

Որմանկարին խեղումին լուրը Թուիթըր գործածողներուն եւ պլոկերու մէջ հարցեր քննարկողները մղեց, որ երգիծանքի եւ ձաղկումի ոճով զայն տեղադրեն արուեստի այլ գործերու շարքին: Ոմանք սկսան կատակի նիւթ դարձնել դիմանկարին կապիկի երեւոյթը:

Պորխայի իշխանութիւնները կ՛ըսեն, թէ այժմ կը մտածեն իրաւական հարց յարուցել Խիմենեզի դէմ, թէեւ կը շեշտեն, թէ իրենց առաջնահերթ նպատակն է արուեստի այս գործը վերադարձնել իր նախկին վիճակին, արուեստի պատմաբաններու առաջնորդութեամբ:

Եռուզեռ` Համացանցի Վրայ

Կը թուի, թէ սպանացի տխրահռչակ թոշակառուն այժմ ի՛նք կարիքը ունի վերանորոգութեան: Այնքա՛ն անխնայ է անոր ոչ արհեստավարժի վրձնահարուածներուն վրայ կեդրոնացած ուշադրութիւնը, որ կ՛ըսուի, թէ Խիմենեզ հոգեկան տագնապի մատնուած է եւ անկողին ինկած:

Խիմենեզի կատարած վերանորոգութեան տարբեր ընդօրինակութիւնները այժմ կը վխտան համացանցի վրայ եւ դարձած են «նորաձեւութիւն»: «Մոնա Լիզա»-ն, «Վերջին ընթրիք»-ը եւ «Ճիչը» կը ներկայացուին այն «բացակայ» արտայայտութեամբ, զոր Խիմենեզ գծած է` իբրեւ փշեպսակով Յիսուսի դիմագիծը:

Նման դիմանկարներ մեծ հաճոյքով կը փոխանակուին համացանցի վրայ ընկերային կապեր հաստատող կեդրոններու միջոցով: Նոյնիսկ գոյութիւն ունին Խիմենեզի գործը արժեւորող անձեր:

Աւելի քան 10 հազար հոգի թեր քուէարկած են աղերսագիրի մը, որ կոչ կ՛ուղղէ որմանկարը պահելու իր ներկայ վիճակին մէջ: Ոմանք նոյնիսկ գեղարուեստական յատկանիշ մը կը տեսնեն անոր մէջ: Աղերսագիրին համաձայն, Խիմենեզի տարբերակը «կ՛արտացոլէ եկեղեցւոյ քարոզած արարչագործութեան տեսութիւններուն ուղղուած նուրբ քննադատութիւն մը, միաժամանակ հարցականի տակ առնելով նոր կուռքերու վերայայտնութիւնը»: Խիմենեզի տարբերակը պաշտպանող այլ անձ մը, որ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ արուեստի պատմաբան մը, կը գրէ, թէ որմանկարին վերանորոգութիւնը «ամբողջութեամբ արդիական է, կ՛արտացոլէ սովորական եւ պարզունակ ժողովրդային խորհրդապաշտութիւն մը»:

Այսուհանդերձ, Էլիաս Կարսիա Մարթինեզի հարազատները այնքան ալ տրամադիր չեն կատակելու: Արուեստի մասնագէտներէ կազմուած դատական կազմ մը պիտի որոշէ, թէ արդեօք կարելի՞ է շրջել վերանորոգութիւնը:

Սակայն Խիմենեզ, ջերմեռանդ հաւատացեալ մը, որ կանոնաւոր կերպով եկեղեցի յաճախած է, երկար ժամանակ տագնապած է` ի տես որմանկարին աստիճանական մաշումին: Ան որոշած է սրբագրել ժամանակի աւերը եւ արտօնութիւն ստացած է գործի անցնելու: «Մենք միշտ ալ մեր միջոցներով վերանորոգութիւններ կատարած ենք այստեղ», ըսած է ան սպանական պատկերասփիւռէն:

Այնուհետեւ Խիմենեզ որմանկարը ընդօրինակելու փորձեր կատարելէ ետք անցած է զայն վերանորոգելու աշխատանքին: «Ոեւէ մէկը, որ եկեղեցի մտնէր, կը տեսնէր, թէ կ՛աշխատէի որմանկարին վրայ», կը նշէ ան: Իսկ արդիւնքը «եզակի» էր: Շրջազգեստով Յիսուսի տանջահար, սակայն նուրբ վրձնահարուածներով եւ վարպետի ձեռքով իրագործուած դիմանկարը փոխարինուած էր Մոտիկլիանիի կանուխ շրջանի ոճը յիշեցնող պատկերով մը, որուն մէջ կարծէք Յիսուս կը կրէ մանկական գլխարկ մը:

Խիմենեզի հարազատներուն համաձայն, ասիկա թերեւս կանխահաս դատում մըն է, որովհետեւ վերանորոգութեան ընթացքին ան ստիպուած էր գործածել շնչառութիւնը դիւրացնող գործիք մը, եւ եթէ առիթ ունենար աւարտելու որմանկարը, արդիւնքը ընդունելի պիտի դառնար:

Սակայն հաւանական չէ, որ Խիմենեզ երբեւիցէ առիթ ունենայ դարձեալ հպելու որմանկարին: Նոյնիսկ, եթէ ան վերագտնէ սրբանկարներուն գոյները վերանորոգելու իր ախորժակը, Պորխայի վրայ կեդրոնացած լուսարձակները թոյլ պիտի չտան, որ ան գործէ իր կամքին համաձայն:

Եկեղեցւոյ գլխաւոր կրօնաւորը` հայր Ֆլորենսօ Կարսես կը մտածէ, թէ որմանկարը առայժմ պէտք է ծածկուի, որպէսզի հեռու պահուի հետաքրքիր աչքերէ: Սակայն, եթէ Խիմենեզ վերագտնէ իր առողջութիւնը, ապա հաւանական է, որ անոր գեղարուեստական ասպարէզը ծաղկի: Ան սպանական մամուլին յայտնած է, թէ ժամանակին տուած է ցուցահանդէս մը, որ «կը տարածուէր չորս սրահներու մէջ», եւ որուն ընթացքին վաճառած է 40 գործեր: Վերջերս իր վայելած ժողովրդականութեամբ` Խիմենեզ կրնայ ներգրաւել այնպիսի յաճախորդներ, որոնք պիտի փութան հաւաքելու իր գործերը:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ ( 31 Օգոստոս 1962 )

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Շնորհակալիքի Դէմ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.