Լիվըրփուլի միջնապահ Լուքաս, որ նախորդ շաբաթավերջին Մանչեսթըր Սիթիի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուեցաւ, աւելի քան երեք ամիսով պիտի բացակայի դաշտերէն, յայտնեց ակումբի մարզիչ Պրենտըն Ռոճըրզ:
25 տարեկան պրազիլցին նախորդ տարեշրջանին եւս վիրաւորուելով, ընդհանրապէս բացակայած էր ֆութպոլի դաշտերէն: