Քանի մը ամիս առաջ Մաշտոց քոլեճը իր կրթական, վարչագիտական եւ հանրային ծրագիրներն ու գործունէութիւնը տեղափոխեց Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլի սրտին մէջ գտնուող իր նոր, ընդարձակ ու յարմարաւէտ համալիրը: Քոլեճի բազմապիսի ծրագիրներն ու ծառայութիւնները այսուհետեւ տեղի պիտի ունենան նոր համալիրին մէջ, որուն հասցէն է` 744 South Glendale Avenue (Կլենտէյլ եւ Ուինտսըր փողոցներուն քառուղի):
Մաշտոց քոլեճին կրթական ընդհանուր ծրագիրը կը ներառէ հետեւեալ տարբեր ծրագիրներն ու բաժինները.-
– Քոլեճային ուսմունք` վարչագիտութիւն (Պսակաւոր արուեստից տիտղոս եւ վկայագիր):
– Հայոց լեզու եւ հայագիտութիւն (Պսակաւոր արուեստից տիտղոս եւ վկայագիր):
– Մանուկներու խնամքի կեդրոն:
– Մանկավարժութեան դասընթացներ (վկայագիր):
– Երկլեզու դասաւանդութիւն (Պսակաւոր արուեստից տիտղոս եւ վկայագիր):
– Համակարգիչներու ուսմունք` տարբեր ծրագիրներ (վկայագիր):
– Յետ-դպրոցական ժամերու մասնաւոր դասաւանդութիւն (հայերէն եւ այլ առարկաներ)։
– Ընտանեկան եւ երիտասարդական կրթական գործունէութիւն:
– Շաբաթօրեայ հայերէնի դասընթացներ:
– Տարբեր լեզուներու դասաւանդութիւն (անգլերէն, սպաներէն, արաբերէն, պարսկերէն եւ այլ լեզուներ):
– Թարգմանչական արուեստ (վկայագիր):
– Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան եւ գրադարան:
Քոլեճին նոր համալիրը օժտուած է յարմարաւէտ դասարաններով, գրասենեակներով, դահլիճներով, մանուկներու խնամքի կեդրոնի գեղեցիկ ու ապահով խաղավայրով, մարզասրահով եւ կահաւորուած մեծ խոհանոցով, որ կարելի է օգտագործել տարբեր հաւաքոյթներու ընթացքին:
Մաշտոց քոլեճին տնօրէն տոքթ. Կարպիս Տէր Եղիայեան նշեց, թէ նոր համալիրը բացառիկ առիթ կ՛ընձեռէ տնօրէնութեան եւ դասախօսական կազմին` լաւագոյն ձեւով եւ առաւելագոյն չափով ծառայելու մեր համայնքի, մասնաւորաբար հարաւային Քալիֆորնիոյ հայութեան կրթական, գիտական ու մշակութային կարիքներուն: Ան ուրախութեամբ նաեւ յայտնեց, որ այս տարի եւս քսանամեայ քոլեճը արժանացած է պետական պաշտօնական վաւերացման, ինչպէս նաեւ մանուկներու խնամքի կեդրոնը արդէն ստացած է պետական վաւերացում:
Քոլեճի առաքելութեան ու ծրագիրներուն աւելի մանրամասն ծանօթանալու նպատակով, ինչպէս նաեւ արձանագրուելու համար կարելի է հեռաձայնել (818) 548-9345 թիւին:
Արձանագրութիւնները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են, եւ դասընթացները պիտի սկսին յառաջիկայ սեպտեմբերի 10-ին:


