Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Գահիրէի Հետաքրքրական Առաջարկը

August 28, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ամր Ռուշտի յայտարարեց, որ Գահիրէ նախաձեռնած է  Սուրիոյ հարցով շրջանային ժողովի մը կազմակերպման` մասնակցութեամբ Թուրքիոյ, Իրանի, Սէուտական Արաբիոյ եւ անշուշտ նախաձեռնող երկրին: Գահիրէ արդէն իսկ այս հետաքրքրական առաջարկին հարցով վերոնշեալ երկիրներուն հետ խորհրդակցութիւններու սկսած է:

Եգիպտոսի քառակողմ շրջանային կապի յանձնախումբի ստեղծման առաջարկը կը համընկնի Իրանի այն կեցուածքին, թէ շրջանի հարցերը շրջանի երկիրները պէտք է լուծեն: Այս առումով Իրան իր կարգին կը պատրաստուի Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի վեհաժողովին ընթացքին ներկայացնելու Սուրիոյ տագնապի լուծման ծրագիր մը, որ իրանեան ըլլալուն պատճառով բնականաբար տագնապին առնչակից շարք մը կողմերու համար կանխաւ մերժելի է. իրողութիւն մը, որուն վստահաբար քաջ կը գիտակցի Թեհրան, որ իր «մերժելի» ծրագիրը ներկայացնելով հաւանաբար կը փորձէ նպաստել եգիպտական ծրագիրին յաջողութեան` վերջինս վերածելով ընդունելի այլընտրանքի մը: Աւելի՛ն, իրանեան իշխանութիւնները չծածկեցին այն իրողութիւնը, որ իրենց առաջարկը «եգիպտական ներշնչումով է»: Այս քայլին կողքին, Եգիպտոսի նախագահական բանբերը կը նշէր, որ Իրան կրնայ Սուրիոյ տագնապի լուծման մաս կազմել: Յայտարարութիւն մը, որ կը հակասէ այդ լուծման մէջ Իրանի դերակատարութիւնը բացարձակապէս մերժող ամերիկեան կեցուածքին:

Այստեղ Իրան-Եգիպտոս առանցքի մը ստեղծման առջեւ չենք գտնուիր, այլ` պարզապէս համակարգուած դիւանագիտական քայլի մը: Այդպիսի առանցքի մը ձեւաւորումը կամ Գահիրէի շրջանային դերակատարութեան չափազանց աճումը Եգիպտոսի տնտեսական տագնապի լոյսին տակ անկարելի է: Արդարեւ, եգիպտական նոր վարչակարգը փետրուար 2011-ին նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի տապալումէն ետք արձանագրուած տնտեսական անկումին եւ հին վարչակարգէն ժառանգուած տնտեսական վատ պայմաններու յաղթահարման համար Միջազգային դրամական ֆոնտին ներկայացուց 4.8 միլիառ տոլարի փոխատուութեան խնդրանք մը, որ այժմ քննարկումի առարկայ է: Իրողութիւն մը, որ նոյնիսկ այդ փոխատուութեան փոխանցումէն ետք պիտի շարունակէ մինչեւ այդ գումարին ամբողջական հատուցումը Եգիպտոսի «ազատ շարժումի» կարելիութիւնները սահմանափակել եւ «թռիչքները» սանձել:

Գահիրէ-Թեհրան համակարգուած դիւանագիտական քայլին նպատակն է` առաջարկուած քառակողմ խմբակի հաւաքական եւ համակարգուած աշխատանքին ճամբով, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու ազդեցութեանց նկատառելի մեղմացումը, որովհետեւ առաջարկուած ձեւաչափը իր բնոյթով իսկ կը զսպէ մասնակից երկիրներուն սեփական «ախորժակները»` զանոնք իջեցնելով հասարակաց եւ բոլորին համար ընդունելի մակարդակի: Ուշադրութեան արժանի երկու կէտ կայ, առաջինը այն է, որ ծրագիրէն դուրս ձգուած է Սուրիոյ տագնապին առնչակից այլ շրջանային երկիր մը` Քաթարը, որ բնականաբար դժգոհ պիտի մնայ Եգիպտոսի նոր վարչակարգին կատարած դասաւորումէն: Իսկ երկրորդը` եգիպտական առաջարկը կը կատարուի նախքան Միացեալ Նահանգներու մէջ նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւնը, որմէ ետք այսպիսի առաջարկի մը յաջողութեան կարելիութիւնները հաւանաբար նկատառելի կերպով կը նուազին: Այս առումով թայմինկը շատ կարեւոր է:

Եգիպտոս դժգոհ է շրջանին մէջ թրքական ազդեցութեան մագլցումէն եւ կը փորձէ առայժմ սանձել զայն: Զարմանալի չէ, որ մինչ Պոլսոյ մէջ հաստատուած եւ Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող Սուրիոյ Ազգային խորհուրդին սուրիական փոխանցման կառավարութեան մը կազմութեան շուրջ կատարած քննարկումները տեղքայլի մէջ են, Գահիրէի մէջ յայտարարուեցաւ Սուրիական յեղափոխութեան վարչական խորհուրդի կազմութիւնը, որուն ղեկավար Հայսամ Մալեհ արդէն յայտարարած է, որ իր նախագահած խորհուրդը շուտով փոխանցման կառավարութեան կազմ մը պիտի յայտարարէ: Ան նաեւ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Թուրքիոյ դիրքորոշումը անորոշ եւ ներքին հաշիւներով պայմանաւորուած նկատած էր:

Ներկայիս կը մնայ տեսնել, թէ Գահիրէի առաջարկը ինչպիսի՞ ընկալումի պիտի արժանանայ:

 

 

Նախորդը

Սագօ Էսքիճեան Ֆութսալի Մարզիչի Վկայական Ստացաւ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Զէնքի Վաճառքի Ցուցանիշը Մրցանիշ Հաստատած Է

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.