Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կացութիւնը` Հալէպի Հայկական Թաղամասերուն Մէջ

August 27, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ երեկոյեան Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ Հալէպի Նոր Գիւղի շրջանին մէջ հայ կաթողիկէ Զուարթնոց եկեղեցւոյ դիմացի թաղը ենթարկուած է քանի մը հրթիռներու, որոնց զոհ գացած է 31-ամեայ Ալինա Մխճեան, որ Սուրիահայ օգնութեան խաչի դարմանատան պաշտօնեայ մըն էր: Արձանագրուած են նաեւ երկու հայ ոչ ծանր վիրաւորներ:

Ինչ կը վերաբերի Ծերանոցին, շէնքը չէ գրաւուած, ինչպէս լուրեր տարածուած էին, իսկ հայ ծերերը ապահով վիճակի մէջ են:

Հալէպ քաղաքը կը փորձէ վերականգնել իր կեանքը: Կիրակի համալսարանը եւ կարգ մը պետական այլ տեղեր կը գործէին: Որոշ ճամբաներու վրայ երթեւեկը բնականոն կերպով կ՛ընթանար, իսկ այլ ճամբաներ փակուած էին:

Ընդհարումները տակաւին կը շարունակուին հայաշատ թաղամասերու շրջակայքը:

Հեռախօսի  եւ բջիջայինի կապը դժուարութեամբ կը գործէր, իսկ համացանցի կապերը տակաւին չեն վերականգնած:

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան իր կարգին Tert.am-ին յայտնած է, որ Նոր Գիւղի հայ կաթողիկէ Զուարթնոց եկեղեցւոյ մօտ հրթիռ մը ինկած է, որուն պատճառով հայ աղջիկ մը զոհուած է, իսկ այլ հայ անհատ մը` վիրաւորուած:

«Դէպքերով բաւական լեցուն օր մըն էր երէկ (շաբաթ օր): Երէկ (շաբաթ օր) իսկապէս մէկ-երկու ռումբի հարց չէր: Գոնէ Նոր Գիւղի շրջանին մէջ քանի մը ռումբեր էին, տարբեր անկիւններու մէջ եւ տարբեր ժամերու», ըսած է ան:

Ռէյիսեան նշած է, որ այլ հրթիռ մը ինկած է նախապէս դատարկուած շէնքի մը մօտ: Ան նաեւ հաստատած է այն տեղեկութիւնը, թէ շաբաթ գիշեր բախումները շարունակուած են նաեւ հայկական ծերանոցին մօտակայքը: Ան նշած է, որ ծերանոցին շրջանը ընդդիմադիր եւ կառավարական ուժերու միջեւ կարծես սահմանագիծի վերածուած է եւ հոն յաճախակի պայթումներ տեղի կ՛ունենան, իսկ «կրակոցներն ալ գրեթէ անպակաս են»:

Կրակոցները չեն դադրած նաեւ Ճեմարանին ետեւ գտնուող շրջանին մէջ եւ Սահակեան վարժարանին չորս կողմը:

«Գիշերն ալ պայթումները չեն դադրած: Թէ ի՛նչ վնասներ արձանագրուեցան, շէնքերու վրայ վնասները կամ նիւթականին առնչուող վնասները, մենք այս մասին խօսիլը արդէն աւելորդ կը նկատենք, որովեհետեւ այդքան պայթումներուն եւ կրակոցներուն մէջ վնասուող շէնք ալ պիտի ըլլայ, վնասուող ինքնաշարժ ալ պիտի ըլլայ: Մեզի համար հիմա հիմնականը մարդկայինն է», ըսած է ան:

 

Նախորդը

Գահիրէ Թուրքիոյ, Իրանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Մասնակցութեամբ Շրջանային Ժողով Մը Կ՛առաջարկէ. «Այն Ինչ Որ Սուրիոյ Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ Միայն Անոր Դէմ Ուղղուած Չէ, Այլեւ Ամբողջ Շրջանին Դէմ» Ըսաւ Ասատ

Յաջորդը

Սէուտական Իշխանութիւնները Ահաբեկչական Ծրագիրներ Ձախողութեան Կը Մատնեն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.