Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդկային-Ընկերային Ընտրանքներ. Քուպական Անուններ. Խնդրե՛մ, Անունս Պահածոյ Միս Է…

August 27, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Ուսուցիչներ կը տքնին` իրենց աշակերտներուն անունները սորվելու համար:

ԼԱՏԻՆ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԱՆՈՒՆՆԵՐ, ԻՆՉՊԷՍ` ԽՕՍԷ ԵՒ ԻԶԱՊԵԼ, ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՎԱՅԵԼԵԼ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ՔՈՒՊԱՅԻ ՄԷՋ ԿԱՐԵԼԻ Է ԼՍԵԼ ՈՐԵՒԷ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԱՆՈՒՆ: ԾՆՈՂՆԵՐ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ԿԸ ՍԻՐԵՆ ՓՈՐՁԱՐԿԵԼ ՆՈՐ ԱՆՈՒՆՆԵՐ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԹՂԹԱԿԻՑ ՍԱՐԱ ՌԷՅՆՍՖՈՐՏ ԿԸ ՄԱՏՈՒՑԷ ՆԱԽԱՃԱՇԱԿ ՄԸ.

Քուպայի մէջ իբրեւ լրագրող որոշ հարցումներ ուղղելը կրնայ հարցեր ստեղծել: Սակայն երբեք չէի երեւակայեր, թէ մէկու մը անունը հարցնելը կրնայ իրապէս խնդրայարոյց դառնալ: Հարցը այն է, թէ երբեք չեմ հասկցած այս հակազդեցութեան պատճառը: Ո՛չ թէ որովհետեւ անգլիացի եմ: Քուպացի պաշտօնակիցներս նոյնքան կ՛անճրկին:

Յայտնապէս այս օրերուն հազուադէպօրէն կարելի է հանդիպիլ սովորական Մարիայի մը կամ Միկուէլի մը: Փոխարէնը` ծնողներ զարկ կու տան իրենց երեւակայութեան, երբ կը փորձեն անուն մը տալ իրենց նորածին զաւկին:

«Պէտք է իրեն հետ խօսիս», կ՛ըսէ տնօրէնուհին, երբ կը սկսիմ շրջիլ տեղական նախակրթարանի մը մէջ եւ կը յայտնեմ հետաքրքրութիւնս` քուպական անուններու նկատմամբ: Տուն վերադարձի ժամն է. անթեւ տարազներով եւ հովին հետ թռչող վզկապերով մանուկներ դուրս կու գան նախկին սպանական շքեղ բնակարանէ մը, որ դպրոցի վերածուած է:

Տնօրէնուհին մատնացոյց կ՛ընէ բակին մէջ կանգնած երիտասարդ ուսուցչուհի մը, որ թառած է աթոռակի մը վրայ: Անունը Տանիէյզիս է, կ՛ըսէ տնօրէնուհին:

«Ներողութի՛ւն, ինչպէ՞ս կը գրուի այս անունը», կը ստիպուիմ հարցնել: Իսկ ուսուցչուհին, արդէն վարժ, կը պատասխանէ. «Ծնողներուս անուններուն միացումն է: Հօրս անունը Տանիէլ է, մօրս անունը` Տէյզի, հետեւաբար անունս կը դառնայ Տանիէյզիս»:

Տանիէյզիս դասարանին մէջ ունի աշակերտ մը, որուն անունն է Օլտանէյր: Ան կը կրէ իր հօրը անունը` Ռէյնալտօ, սակայն, հակառակ կողմէն հնչուած: Զուլքարի կը կրէ անունը շատոնց մոռցուած օտար սոփ օփերայի աստղի մը:

Ոմանք արդէն չափացանցութիւն կը նկատեն այս ուղղութիւնը: Վիճակագրութիւններ ցոյց կու տան, թէ նոր անուններու շարքին են բանջարեղէնի տեսակներու եւ պասքեթպոլի մրցանիշներու առնչուած բառեր: Վերջերս կարդացի ակադեմականի մը հետ կատարուած հարցազրոյց մը: Ան հիւանդանոցներու պատասխանատուներէն կը խնդրէր ուղղութիւն տալ ծնողներուն, որպէսզի աւելի լաւ անուններ ընտրեն իրենց նորածին զաւակներուն համար: Ան կը զգուշացնէր, ըսելով` «երբ մեր մանուկներուն կու տանք այնպիսի անուններ, զորս անոնք պէտք է ստիպուին տեւաբար բացատրել, ապա «բարոյական վնաս» կը պատճառենք անոնց»:

Քուպայի 1959-ի յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք երկրին տարածքին բազմացան Ֆիտել, Ռաուլ եւ Էռնեսթոս անունները:

Սակայն 1970-ական տարիներուն երեւակայութիւնը իրապէ՛ս թափ առաւ: Այս ժամանակ էր, որ սպաներէն անուններու մէջ հազուադէպօրէն ներկայ «ուայ» տառը սկսաւ ժողովրդականութիւն վայելել ծնողներու քով, որոնք կը մրցէին` մէկը միւսէն աւելի տարաշխարհիկ անուններ ստեղծելու համար: Այսպէս` ծնունդ առին Եուլէյսքի, Եումիլիս, Եարալիէյտիս անունները: Նոյնիսկ այսպէս կոչուած բնական անուններ «առեւանգուեցան», եւ Տանիէլը դարձաւ Եանիէլ:

Ասիկա հետաքրքրական երեւոյթ մըն էր այնպիսի երկրի մը մէջ, ուր պետութիւնը իր հակակշիռը կը բանեցնէր ամէն ինչի վրայ, կրթական մարզէն մինչեւ սննդականոն:

Թերեւս նման անուններու ընտրութիւնը ինքնիշխանութիւն հաստատելու ձեւ մըն էր կամ` ճիգ մը Քարայիպեան որոշ երանգ մը տալու հետզհետէ միատարազ բնոյթ ստացող համայնավար երկրի մը:

Սակայն տարեց գրագէտ մը, որուն հանդիպեցայ, դրական երեւոյթ մը կը տեսնէ այս ուղղութեան մէջ: «Մարդիկ կը փափաքէին իւրայատուկ դառնալ` քայլ պահելու համար ժամանակներուն հետ», կ՛ըսէ Ճէյմի Սաուրուսքի` շրջապատուած արեւու լոյսէն գունատած իր հին գիրքերով, Վետատոյի երբեմնի շքեղ թաղամասին մէջ գտնուող իր յարկաբաժինին մէջ:

Տարիներու ընթացքին խամրեցաւ «ուայ» տառով անուններու նորաձեւութիւնը: Սակայն անոր յաջորդեցին այլ նորաձեւութիւներ: «Կար Տանսիսի անունով մէկը,- կը յիշէ Սարուսքի, մտաբերելով աղաւաղուած օտար բառերու ժամանակները:- Ասիկա կը նշանակէր «լաւ պարող»: Կար նաեւ Տայեսի մը, որ «այո» կը նշանակէ երեք լեզուներով (ռուսերէն` տա, անգլերէն` ես, սպաներէն` սի)»:

Որքան ալ տարօրինակ թուին այս ընտրութիւնները, ոչ ոք կը յիշէ, թէ երկրին իշխանութիւնները երբեւիցէ որեւէ ձեւին միջամտութիւն կատարած ըլլան: Ինչ կը վերաբերի «բարոյական վնասներուն», կը թուի, թէ աշակերտները նման տառապանքներ չեն կրեր:

«Իրապէ՛ս բարդ վիճակ մը կը ստեղծուի, երբ կը փորձենք կազմել դասարանի մը աշակերտներուն անուանացանկը,- կ՛ըսէ Տանիէյզիս:- Չենք գիտեր, թէ ո՛վ աղջիկ է, ո՛վ մանչ: Իսկ անունները ճիշդ ուղղագրութեամբ գրելը մղձաւանջի կը վերածուի:

Դպրոցին թաղին անկիւնը թաղեցիներ կը թափառին իրենց Հին Հաւանայի խարխուլ բնակարաններուն առջեւ, բամբասելով եւ բազմութիւնները դիտելով կէսօրուան կիզիչ արեւուն տակ:

«Էտտիմերի՛, հո՛ս եկուր», կը պոռայ մայր մը, կանչելով տունէն փողոց վազող աղջնակ մը, որ ձեռքին բռնած է շաքարոտ խմորով պատուած կոնաձեւ կաղապար մը: Գէթ ոչ մէկ մանուկ գլուխը կը դարձնէ` զննելով չորս բոլորը:

Կը հանդիպիմ Փապլօ անունով անձի մը եւ Էռնեսթօ անունով այլ մէկու մը, որ Չէ Կեվարայի անունին «Չէ»ն դաջած է իր թեւին վրայ: Սակայն նման «ուղղափառ» անուններ յայտնապէս փոքրամասնութիւն են այս օրերուն:

«Այստեղ կան մարդիկ, որոնք կը կրեն Քուպա այցելած նաւերու անունը», կ՛ըսէ Եամիլիէյսիս անունով կին մը` ասիկա դրական երեւոյթ մը նկատելով: Գլուխ գործոցը Եուսնէյվի անունն է, հետեւողութեամբ` Եու. Էս. Նէյվիի (Միացեալ Նահանգներու նաւատորմը): Ապա կը հանդիպիմ Նոսլենիսի: «Նելսընն է, հօրս անունը` հակառակ կողմէն», կը բացատրէ ան` տեսնելով հարցական նայուածքս:

«Չեմ կարծեր, որ տարօրինակ է,- կ՛ըսէ Նոսլենիսի մայրը, իր կարգին կատարելով այլ լուսաբանութիւն մը` յուսալով, որ ի վերջոյ աւելի լաւ պիտի հասկնամ:- Անունս Մէյլին է: Մայրս զիս կոչած է այն պահածոյ միսին անունով, զոր քուպացիները կը ստանային իրենց կտրոններով»:

 

Նախորդը

Մարդկային-Ընկերային Ընտրանքներ. Տան, Պատկանելիութեան Եւ (Չ)Մեծնալու Մասին

Յաջորդը

Մարդկային-Ընկերային Ընտրանքներ. Ամերիկացիք Ի՞նչ Կը Մտածեն Հարստութեան Եւ Անհաւասարութեան Մասին

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.