Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարդկային-Ընկերային Ընտրանքներ. Տան, Պատկանելիութեան Եւ (Չ)Մեծնալու Մասին

August 27, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

«ՀԱՄՈԶՈՒԱԾ ԵՄ, ԹԷ ՇԱՏԵՐ ՉԵՆ ՄԵԾՆԱՐ… ՄԵՐ ԲՈՒՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ, ՄԱՆՈՒԿԸ ՄԵՐ ՄԷՋ, ՏԱԿԱՒԻՆ ԱՆՄԵՂ Է ԵՒ ԵՐԿՉՈՏ` ՄԱԳՆՈԼԵՆԻԻ ՊԷՍ»: ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ԿԱՅՔԷՋԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ԱՅՍ ԳԵՂԵՑԻԿ ՄԷՋԲԵՐՈՒՄԸ` ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՎ ԱՆՈՐ ԱԿՈՒՆՔՆ ՈՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԽՈՐ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԹԱՓԱՆՑՈՂ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆԸ:

Ամերիկեան գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն` Մայա Էյնճըլաու 2008-ին գրած է «Լեթըր թու մայ տոթըր» (նամակ` աղջկանս) վերնագիրով գիրք մը. խորհրդածական 28 գրութիւններէ բաղկացած հաւաքածոյ մը, որ կ՛ընդգրկէ տարբեր նիւթեր, ինչպէս` բրտութիւն, համեստութիւն, Մարոք, բարեսիրութիւն, բանաստեղծութիւն, հին սէրեր, եւ այլն: Էյնճըլաու գրութիւնները ուղղած է «իր» աղջկան, զոր երբեք չէ ունեցած, սակայն խորքին մէջ անոնք կը ծառայեն իբրեւ կեանքի իմաստը հասկնալու ուղեցոյց` ոեւէ անձի համար, որուն կուրծքին տակ կը բաբախէ սիրտ մը:

Իր առաջին գրութեան մէջ, որ պարզապէս կը կրէ «Հոմ» (տուն) վերնագիրը, Էյնճըլաու կը պարզէ հետեւեալ դիպուկ հայեցակէտը` ինքնութեան, մեծնալու եւ պատկանելիութեան վերաբերեալ.

«Թոմըս Վոլֆ, ամերիկեան գրականութեան մէջ մեծ տեղ գրաւող իր վէպին վերնագիրով կ՛ազդարարէր. «Եու քան՛թ կօ հոմ ըկէյն» (չես կրնար անգամ մը եւս տուն վերադառնալ): Հաճոյքով կարդացի գիրքը, սակայն երբեք համաձայն չեղայ վերնագիրին փոխանցած գաղափարին: Կը հաւատամ, թէ մէկը երբեք չի կրնար հեռանալ տունէն: Կը հաւատամ, թէ ան տան երազները, վախերն ու դեւերը կը կրէ իր մորթին տակ, աչքերուն անկիւններուն մէջ եւ հաւանաբար` ականջին կռճիկին»:

«Տունը այն կենսունակ վայրն է, ուր մանուկը միակ իրական եւ ապրող բնակիչն է: Ծնողներ, քոյրեր, եղբայրներ եւ դրացիներ խորհրդաւոր ուրուականներ են, որոնք կու գան ու կ՛երթան: Անոնք տարօրինակ, աներեւակայելի բաներ կը կատարեն մանուկին ներաշխարհին մէջ եւ անոր շրջապատին, ուր մանուկը միակ ազատ բնակիչն է»:

«Համոզուած եմ, թէ շատեր չեն մեծնար: Կրնանք մեր ինքնաշարժը շարելու տեղ գտնել եւ յարգել մեր քրետիթ քարտերուն պայմանները: Կ՛ամուսնանաք, զաւակներ կ՛ունենաք եւ այս բոլորը կը կոչենք «մեծնալ»: Կ՛ենթադրեմ, թէ ո՛չ թէ կը մեծնանք, այլ` կը ծերանանք: Տարիներու կուտակում մը կը կրենք մեր մարմնին մէջ եւ մեր դէմքին վրայ, սակայն ընդհանրապէս մեր բուն էութիւնը, մեր մէջ գոյութիւն ունեցող մանուկը, տակաւին անմեղ է եւ երկչոտ` մագնոլենիի պէս»:

«Կրնանք ցուցաբերել մշակուած եւ աշխարհիկ վարուելակերպ, սակայն կը հաւատամ, թէ ամէնէն աւելի ապահով կը զգանք, երբ մուտք կը գործենք մեր էութեան մէջ եւ հոն կը գտնենք մեր տունը. վայր մը, որուն կը պատկանինք, եւ թերեւս` միակ վայրը, որուն իրապէ՛ս կը պատկանինք»:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ ( 27 Օգոստոս 1962 )

Յաջորդը

Մարդկային-Ընկերային Ընտրանքներ. Քուպական Անուններ. Խնդրե՛մ, Անունս Պահածոյ Միս Է…

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.