Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրիգոր Զօհրապի Տան Շուրջ

August 25, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ

«Մեր բնակարանը եւ Զօհրապին յարկաբաժինը` քանի մը ոտնաչափով միայն բաժնուած էին իրարմէ: Այաս Փաշայի բարձունքին թառած, անոնք կը տիրապետէին աննկարագրելի գեղեցկութեամբ համայնապատկերի մը` Պէշիկթաշ, Վոսփոր, Սկիւտար, իր Չամլըճայով: Ամէն օր արշալոյսը կամ վերջալոյսը կը դառնար դէպք մը»: Հրաչ Զարդարեան

Մտքիս քարտէսին վրայ կը փորձեմ գծագրել այն ճամբաները, որոնցմով գրասենեակէն տուն կը վերադառնար Գրիգոր Զօհրապ: Շուրջ հարիւր տարիներու անցեալ մը Պոլսոյ նման հսկայ քաղաքի մը պարագային կրնայ աներեւակայելի փոփոխութիւններու ենթարկած ըլլալ փողոցներուն դիրքերը, ոչնչացուցած` պողոտաները, յառաջացուցած` երթեւեկելի նոր ուղիներ եւ, վերջապէս, հիմնովին շրջած հեռուի ու մօտի մասին քաղաքաբնակներու գաղափարները:

Գր. Զօհրապի մասին պատմուած յուշերը ինծի կը թելադրեն Ղալաթիայէն թիւնելով բարձրանալ Բերա, կտրել մայր պողոտան (Բերայի շիտակը, ինչպէս պիտի ըսէին հիները), ուր պիտի կարենայի ողջունել բազմաթիւ բարեկամներ, նստիլ սրճարան մը, շաղակրատել օրուան անցուդարձին մասին, բաւական մը իրիկնանալէն վերջ ալ Թագսիմի մը հրապարակէն իջնել Այասփաշա: Տուն:

Գր. Զօհրապին վերաբերող յուշեր կարդացողը կամ անոր կենցաղասէր բնաւորութեան մասին զարմանալիօրէն դեռ շարունակուող բամբասանքներ լսող մը դիւրաւ պիտի կարենայ մատնացոյց ընել այն շէնքը, ուր գտնուած է մեր գրողին բնակարանը:

Արեւելքի ամէնէն արեւմուտքին գտնուող այս քաղաքին եւրոպական շունչ մը հաղորդող շէնքերէն մէկն է Զօհրապինը: Տպաւորիչ բարձրաքանդակներով, սպիտակ մարմարեայ ճակատին ամրացուած պատշգամի սեւ ճաղերով կը դիտէ պողոտան: Միւս ճակատն ալ (որ չ՛երեւիր) կը սեւեռէ Մարմարա ծովը. հեռուէն` մշուշի քողին տակ կ՛երեւին Իշխանաց կղզիները, ճիշդ դիմացն է Սկիւտարը, ուրկէ սկիզբ կ՛առնէ Վոսփորը: Քիչ մը դէպի աջ տեսանելի է Այա Սոֆիայի տաճարը, Թոփգաբուի պալատը:

Գր. Զօհրապի կենսագրութիւնն ու ստեղծագործութիւնը բաւ էր խրճիթն իսկ փոխակերպելու փառակերտ պալատի մը: Ուստի այս տան շքեղութիւնն ալ կարող չէ գրողէն հեռացնելու մեր ուշադրութիւնն ու նսեմացնելու անոր կերպարը, որով նուիրական վայրի մը կը վերածուի Այասփաշայի զառիվերին գտնուող շէնքը:

«Սքանչելի պառկելու սենեակ մը ունէր` Վոսփորին վրայ պատուհաններով-փեղկերով: Հայրս կանուխ անկողին կը պառկէր, ալ փողոց ելլել չէր ուզեր»: Տոլորէս` Լիպման-Զօհրապ

Ընտանեկան երջանկութեան բազմակի պահեր ապրուած են այստեղ, ուր այցելած են ընկերներ, գրչակիցներ ու հարազատներ, սարքուած ճոխ սեղաններու շուրջ եղած են հաւաքներ, վէճեր, ուրախութեան ճիչեր, երգուած են երգեր…

Այս չորս պատէն ներս անպակաս էին նաեւ դժբախտութան ժամերը, օրերը, հետզհետէ երկարող տարիները` սկսեալ 1915-էն, երբ Գր. Զօհրապ իր բոյնէն կը հեռանար վերջին անգամ, կը հեռացուէ՛ր բռնութեամբ` բնակարանին ալ վստահութիւն չներշնչող պատերուն պաշտպանութեան յանձնելով իրենները:

Ճերմակը կը սեւնար, տունը կ՛օտարանար, ծովուն կապոյտը կը մոխրանար…

Ու Զօհրապ ընտանիքը կը լքէ Այասփաշայի տունը, կ՛անցնի արտասահման` անգամ մը եւս չվերադառնալու համար Պոլիս:

Այս լքումը պարտադրուած հեռացում մըն էր:

Շէնք կը մտնեմ ու վերելակը շրջանցելով` սանդուխներով կը բարձրանամ չորրորդ յարկ: «Զօհրապի նման», կը մտածեմ, ակամայ: Աջին ու ձախկին կան երկու յարկաբաժիններ, որոնցմէ առաջինին բնակիչները չեն արտօներ, որ ներս մտնեմ: Երկրորդը աջինը, գրասենեակ մըն է: Կ՛արտօնեն: Ծովահայեաց պատուհանները փակուած են: Կը թելադրեն բարձրանալ տանիք, ուրկէ կարելի է դիտել տեսարանը: Բնականաբար չեն գիտեր հարիւր տարի առաջ այս տան մէջ բնակած անձին ով ըլլալը, սակայն կրնամ հետաքրքրութեան կայծ մը գոնէ վառել իրենց մէջ: Տեսարանը լուսանկարելէ ու զայն հիացիկ դիտելէ վերջ հրաժեշտ կ՛առնեմ իմ բարեհաճ ուղեկիցէն:

* * *

«Մինչեւ Ղալաթիա պիտի երթայինք, Լաճիվէրտ խան, ուր կը գտնուէր Զօհրապի գրասենեակը»: Երուանդ Օտեան

Զօհրապի սահմաններուն մէջ շրջիլ փորձելը պարտադիր դարձուց կարճ նաւապտոյտ մը` դէպի Հալքի կղզի (այսօր` Հէյպելի):

«Հալքին յունաբնակ գիւղ մըն է»:

«Արմենիսա», գրի առնուած 1889-ին, կը սկսի այս նախադասութեամբ: Պատմութիւնը ամբողջութեամբ կ՛անցնի Հալքի կղզիի մէջ: Կարճ դրուագ մը միայն կը պատկանի Մեծ Կղզիին, ուր Մառի (Արմենիսան) կ՛երթար աղօթելու հայ-հռոմէականաց մատրան մէջ:

Հալքի, Մեծ կղզի, Այասփաշա եւ ուրիշ ալ վայրեր` քաղաքներ, կղզիներ, փողոցներ… Ամէնքն ալ դուրս աշխարհագրական սահմաններով պարփակուն անձուկ մեր աշխարհէն, սակայն` յաղթականապէս բազմած  բոլորիս յիշողութեան ծալքերուն վրայ:

Հալքիէն կը դիտեմ Մեծ կղզին եւ միտքիս մէկ անկիւնն ալ ունիմ Այասփաշայի տունը: Վայրեր, որոնք այսօր Զօհրապով կը գոյանան, կ՛իմաստաւորուին, կը նուիրականանան: Անոնց միջեւ կապ մը, յարաբերակցութիւն մը գծելը դժուար է սակայն, հակառակ փոխադրական զարգացած կարելիութիւններու: Յարակարծօրէն այդ արդիականացումն է, որ տեղ չի թողուր գէթ երեւակայութեամբ վերակազմելու մեզմէ դար մը առաջ ապրուած կենսակերպը, քաշելու գիծեր ապրուած վայրերու միջեւ, վերակազմելու երթալ-գալերու անվերջ երթեւեկութիւնը: Ու անոնց կեդրոնը դնելու Զօհրապը` որպէս կորիզ: Այն բաները, որոնք իրմով իմաստ կը ստանային ժամանակին, իրմով ալ կորսուած են այսօր` թողլով պարզ յիշատակ մը միայն, որ մոռացումի չմատնելու կեղծ ջանքով մը միայն կը յայտնուի այսօր թուղթին վրայ:

 

 

 

Նախորդը

Գրականութիւն, Ստեղծագործութիւն, Բարոյական Եւ Պատգամ

Յաջորդը

Մեսսի Կրնայ Գերազանցել Տի Սթեֆանոյի Մրցանիշը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.