PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ռուս ծանրաբարձ Մաքսիմ Շէյքօ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ 105 քկ դասակարգի մրցումներուն, աշխարհի նոր մրցանիշ մը հաստատած է` բարձրացնելով 239 քկ:
Մէջբերելով Lenta.ru կայքէջին կողմէ հրապարակուած լուրը` հայկական աղբիւրը կը նշէ, որ ան 1.5 քիլոկրամով գերազանցած է պուլկարացի Ալեն Թսաքայեւի 2004-ին հաստատած մրցանիշը: Նշենք, որ Շէյքօ ընդամէնը բարձրացուցած է 430 քկ:
Սակայն Ռուսիոյ ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ եւ 2012-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր Շէյքօ Ռուսիոյ կազմին հետ չտեսնուեցաւ Լոնտոն 2012-ի ողիմպիական խաղերուն:


