Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ Միջեկեղեցական Կարեւոր Ժողով` Պիքֆայայի Վանքին Մէջ

August 24, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 21 օգոստոս 2012-ի գիշեր, Պիքֆայայի վանքին մէջ աւելի քան երեք ժամ տեւողութեամբ միջեկեղեցական կարեւոր հանդիպում տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ: Յիշեալ հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք Եուսեֆ Եունան, Երուսաղէմի լուտերական եկեղեցւոյ եպիսկոպոս` Մունիպ Եունան, առաջինը իբրեւ նախագահ Միջին Արեւելքի կաթողիկէ եկեղեցիներուն կողմէ` Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մէջ, իսկ երկրորդը` Միջին Արեւելքի աւետարանական եկեղեցիներուն կողմէ նախագահ` դարձեալ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մէջ:  Հանդիպումին նաեւ ներկայ էին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Փոլ Ռուհանա եպիսկոպոս, քարտուղարի օգնական դոկտ. Էլիաս Հալապի եւ տոքթ. Հապիպ Պատր` իբրեւ խորհուրդի Յատուկ հարցերու յանձնախումբի ատենապետ:

Հանդիպումին ընթացքին կարեւորութեամբ քննարկուեցան հետեւեալ երկու հարցերը.

ա) Սուրիոյ գաղթականներուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն օգնութեան հարցը: Անցնող ամիսներուն ընթացքին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը Դամասկոսի մէջ հաստատած իր կեդրոնատեղիին ճամբով սկսած էր մարդասիրական եւ ընկերային օգնութեան աշխատանքին: Նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ հետզհետէ վատթարացող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջաններու միջեւ հաղորդակցութեան դժուարութիւնը, որոշուեցաւ Դամասկոսի, Հոմսի, Լաթաքիոյ, Հալէպի եւ Գամիշլիի մէջ օգնութեան առանձին կեդրոններ հաստատել` շրջանի եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ: Ժողովուրդին անմիջական օգնութիւն հասցնելու մտահոգութենէն մղուած նաեւ որոշուեցաւ, որ Սուրիոյ մարդասիրական օգնութիւն կատարող միջեկեղեցական միջազգային մարմինները իրենց օգնութիւնը կատարեն ուղղակիօրէն` միշտ իրենց աշխատանքը համադրելով տեղական եկեղեցիներուն հետ: Վերաշեշտուեցաւ խորհուրդին այն սկզբունքային որոշումը, որ բոլոր տեսակի մարդասիրական ծառայութիւնները պէտք է կատարուին առանց խտրութեան քրիստոնեայի ու իսլամի միջեւ: Սուրիոյ տառապող ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւնը կը մնայ խորհուրդի կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը:

բ) Նոր ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան հարց: Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը` Փոլ Ռուհանան, շուրջ մէկ ամիս առաջ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ` դառնալով թեմակալ առաջնորդ: Նկատի ունենալով այս պարագան, ինչպէս նաեւ իր հրաժարականը, որոշուեցաւ խորհուրդի կանոնագրութեան համաձայն յառաջիկայ վեց ամիսներուն ընթացքին ընդհանուր քարտուղարի նոր նշանակում կատարել:

Վերջապէս, նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութիւնը, ներկաները շեշտեցին եկեղեցիներու պատասխանատուներուն հետ մնայուն կապեր հաստատելու անհրաժեշտութիւնը` մօտէն տեղեակ դառնալու համար անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ ամբողջական ու ճիշդ կերպով ներկայացնելու Արեւմուտքի կրօնական շրջանակներուն շրջանի ընդհանուր կացութիւնը, եւ յատկապէս եկեղեցիներու տեսակէտն ու մտահոգութիւնը:

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբին Երկրորդ Յաղթանակը

Յաջորդը

Ասորիներու Դպրոց Բանալու Խնդրանքը Մերժուեցաւ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.