Չինաստանի Թայփէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Ուիլիըմզ Ճոնզի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի տղոց խումբը կրեց իր չորրորդ յաջորդական պարտութիւնը` այս անգամ Թայփէ-1-էն` 81-74 արդիւնքով:
Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի տղոց 18 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբը, որ Մոնկոլիոյ մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ասիոյ կրտսերներու 22-րդ ախոյեանութեան, երէկ 95-63 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց (Բ. հանգրուան) Հարաւային Քորէայէն:


