Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կացութիւնը` Սուրիոյ Հայաբնակ Շրջաններուն Մէջ

August 22, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի Դամասկոսի թղթակիցը հաղորդեց, որ դժուարութեամբ  յաջողած է կապ հաստատել Հալէպի հետ եւ տեղեկացած է, որ երէկ առաւօտ տակաւին կը շարունակուէին լսուիլ կրակոցներու ձայներ Դիլալ-Ճիտէյտէ շրջանին մէջ, որ Հին Հալէպի թաղամաս կը նկատուի:

Երկուշաբթի օր պայթում տեղի ունեցած է Հաճ Հապիպ թաղամասին մէջ, ուր հայ բնակիչները հասած են օգնութեան` պայթումին պատճառած հրդեհը մարելու:

«Ազդակ»-ի թղթակիցը կը նշէ, որ առայժմ դժուար է հաստատել տարածուած այն լուրերը, թէ այդ շրջանները անցած են Սուրիական ազատ բանակի հակակշիռին տակ, որովհետեւ սուրիական բանակը կը փորձէ այդ շրջանը իր վերահսկողութեան տակ պահել:

Իսկ Դամասկոսի մէջ երէկ առաւօտեան ժամերուն Մազզէ շրջանին մէջ տեղի ունեցած է ուժեղ պայթում մը, որուն պատճառով բռնկած է հրդեհ մը:

«Ազդակ»-ի թղթակիցը կը նշէ, որ հայկական առումով թէ՛ Հալէպի, թէ՛ Դամասկոսի մէջ ոչ մէկ վնաս արձանագրուած է:

«Երկիր Մետիա» իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութեան մէջ մտած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ նշած է, թէ «անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին Սուրիոյ մէջ բախումները ուղղակի կերպով մօտեցած են հայկական շրջաններուն` ոչ միայն Հալէպի մէջ, այլ նաեւ հայաբնակ այլ շրջաններու մէջ: Օրինակ, շաբաթ օր շուրջ 200 քիլոկրամ կշռող ռումբ մը պայթած է Քամիշլիի Սեւան փողոցին մէջ եւ հսկայական փոս մը յառաջացուցած: Բարեբախտաբար, ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, զոհեր չկան:

«Տեղական լրատուամիջոցներու հաղորդումով, անցնող 2-3 օրերուն ընթացքին բանակը վերահսկողութիւն հաստատած է Թուրքիոյ սահմանակից Քեսապ-Հայաւան հայկական բնակավայրին մէջ, ուր վերջին շրջանին քանի մը անգամ բախումներ արձանագրուած էին ապստամբներու եւ բանակին միջեւ:

«Կիրակի օրուընէ ի վեր հայաշատ շրջաններուն մէջ բախումներ տեղի կ՛ունենան ընդդիմադիրներուն եւ բանակին միջեւ, եւ ատոնք հասած էին մինչեւ Ճիտէյտէ թաղամասը, որ ծանօթ է իբրեւ Հալէպի Ազգային առաջնորդարանին մօտ եղող շրջան եւ ժամանակին հայաշատ եղած է: Այս դէպքերէն ետք շրջանին մէջ հայկական բնակչութիւն չունինք, սակայն այդտեղ կը գտնուի պատմական Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, դիմացը Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանն է, քանի մը թաղամաս այն կողմ հայկական Կիլիկեան վարժարանը կայ, այդ շրջանին մէջ կը գտնուին նաեւ հայ ոսկերիչներու եւ արծաթագործներու բազմաթիւ խանութներ:

«Երէկ բախումներ տեղի ունեցած են նաեւ հայաշատ Սուլէյմանիյէ, Միտան եւ այլ շրջաններու մէջ: Բարեբախտաբար, համայնքին մէջ զոհեր եւ վիրաւորներ չկան, նաեւ չէ վնասուած որեւէ կառոյց:

«Մարտեր տեղի ունեցած են նաեւ Ազգային Սահակեան  վարժարանին յարող տարածքին մէջ, ուր սպաննուած է ճափոնցի լրագրող մը, իսկ արաբ երեք լրագրողներու ճակատագիրը անյայտ է»:

Երէկ երեկոյեան «Ազդակ» տեղեկացաւ, որ սուրիական բանակը իր ամբողջական վերահսկողութիւնը կրցած է վերահաստատել Հալէպի հայահոծ թաղամասերուն մէջ, այն բնակիչները, որոնք դէպքերուն պատճառով տեղափոխուած էին աւելի ապահով վայրեր, սկսած են վերադառնալ իրենց բնակարանը, եւ մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:

 

 

 

Նախորդը

Պապ Թըպպանէ – Ժապալ Մըհսեն Զինեալ Բախումները Կը Պատճառեն Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Յաջորդը

«Կը Մաղթենք, Որ Սուրիոյ Նկատմամբ Որդեգրուած Չէզոք Կեցուածքը Իսկապէս Գործադրուի» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.